Ժոզէֆ Ժիրաքօ

Ժոզէֆ Ժիրաքօ
Ծնած է 4 Հոկտեմբեր 1930(1930-10-04)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 24 Դեկտեմբեր 2016(2016-12-24) (86 տարեկանին)
Կրթութիւն Փարիզի Գեղարուեստից դպրոցը
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ

Ժոզէֆ Ժիրաքօ (4 Հոկտեմբեր 1930(1930-10-04), Պէյրութ, Լիբանան - 24 Դեկտեմբեր 2016(2016-12-24) [1]), լիբանանահայ նկարիչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պէյրութ: Իր ծնողները եղած են Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ այնթապցի Արթին եւ Մարի Ժիրագօ: 1960-ին Ժոզէֆ մեկնած է Փարիզ, շարունակելու համար իր ուսումը գեղարուեստի մէջ: Ան Փարիզի մէջ աւարտած է Ֆրանսայի «էքօլ Տէ Պօզար» դպրոցը:

Լիբանան վերադառնալէն վեց տարի ետք 20 Նոյեմբեր 1966-ին, Պէյրութի մէջ կ’ամուսնանայ Շնորհիկ Պապուչաքեանի հետ: Կարճ ժամանակ մը Փարիզ բնակելէ ետք 1967 Օգոստոսին կը վերառանան Պէյրութ:

1967-ին կը ծնի իրենց միակ զաւակը Արթուրը: Ընտանիքը վերջնականօրէն կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու մէջ 1976-ին, միանալու համար նախապէս Լոս Անճելըս հաստատուած Ժիրագոյի երկու եղբայրներուն։

Լիբանանահայ նկարիչ՝ Ժոզէֆ Ժիրաքօ, մասնակցելով Սանդր Քիւլթիւրէլ Էնթերնասիոնալի (Փարիզ) կազմակերպած տարեկան մրցումին, արժանացաւ Բ. մրցանակի։

Ժիրագօ մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու Պէյրութի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի, Միլանոյի եւ Երեւանի պատկերասրահներուն մէջ, արժանանալով տեղական մամուլի եւ արուեստագէտներու բարձր գնահատականներուն: Իր գործերը կը գտնուին նաեւ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:

Նկարիչ Ժիրաքօ անծանօթ չէ Լիբանանի արուեստասէր շրջանակներուն։ Բազմաթիւ խմբական ցուցադրութեանց մասնակցելէ ետք, Դեկտեմբեր 1964-ին, «Օթէլ Ֆինիսիայ»ի մէջ կազմակերպեց իր առաջին ցուցահանդէսը եւ արուեստի քննադատներուն կողմէ ողջունուեցաւ համակրանքով։

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր գործերը ունին իւրայատուկ նկարագիր, կը ներկայացնեն հոգեկան վիճակներ։ Նկարիչը հարազատ արտայայտչականութեան կը հասնի գլխաւորաբար ջրաներկի գործածութեամբ, ընդծովեայ աշխարհն է անոր ներշնչման աղբիւրը եւ իր ներաշխարհը արտայայտելու միջոցը, որուն կը հասնէր թափանցիկ գոյներու գործածութեամբ[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. MassisPost։ «Ոչ Եւս է Անուանի Գեղանկարիչ Ժոզէֆ Ժիրագօ | Armenian News By MassisPost» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-04-04 
  2. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 277։