Jump to content

Ժենիա Ադամեան-Քալանդարեան

Ժենիա Ադամեան-Քալանդարեան

Ժենիա Ադամեան-Քալանդարեան ծանօթ է որպէս Հայ Յեղափոխական Գործիչ։

Ժենիա Ադամեան-Քալանդարեան, Թամարա Ադամեան-Ներսէսեանի կրտսեր քոյրն էր։ Ժենիա հետեւելով իր մեծ քրոջ օրինակին, փոքր տարիքէն կ՚անդամակցի Թիֆլիսի յեղափոխական «Նարոդնայա Վոլիա»յի կուսակցութեան։

1888-1889 թուականներուն որոշ դեր կը կատարէ «Երիտասարդ Հայաստան»ի կազմութեան մէջ եւ քանի մը տարի ետք երբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը հիմնուի ան կը մտնէ շարքերը եւ մինչեւ իր մահը՝ հաւատարմօրէն կը ծառայէ։ Թիֆլիսի Օրիորդաց Գիմնազիան աւարտելէ ետք, կ՚որոշէ Երկիր անցնիլ եւ ուսուցչութեան ասպարէզի նուիրուիլ։ Ժենիայի ծնողքը եւ ազգականներ չէին ուզէր որ իրեն պէս երիտասարդ մը Տաճկահայաստան անցնէր, որ այդ օրերուն արհաւիքներով լեցուն էր։ Սակայն, Սիմոն Զաւարեան որ այդ Տրապիզոնի դպրոցի մը տեսուչն էր Ժենիային կը հրաւիրէ իբր ուսուցչուհի եւ ան կ՚ընդարաջէ առաջարկը։

Դժբախտաբար, թուրք կառավարութիւնը կասկածելով իր վրայ որպէս վտանգաւոր յեղափոխական անմիջապէս իրէն կը հեռացնէն։ Ժենիա կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ կը նուիրուի ՀՅԴ-ի կուսակցական գործերուն։ Ժենիային տան մէջ, կուսակցութիւնը կը տպէ իր առաջին թռուցիկները եւ հաւանաբար Դաշնակցութեան օրկան «Դրօշակ»-ի առաջին թիւերը։ Իր տունը նաեւ կը գործածուի որպէս մեծ քանակութեամբ ռազմամթերքի կեդրոն։

Թէեւ մահուան տարին անծանօթ է, ան կը տեսնէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եւ կ՚անցնի հիւսիսային կովկաս ուր գաղթականներ կը խնամէ ու որբանոց կը բանայ։

  • Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման մէջ, Սոնա Զէյթեան