Jump to content

Թամարա Ադամեան-Ներսէսեան

Թամարա Ադամեան-Ներսէսեան

Թամարա Ադամեան-Ներսէսեան (1862-1889) ծանօթ է որպէս Հայ Յեղափոխական Գործիչ։

Թամարան Ադամեան կ՚անդամակցի նորակազմ «Նարոդնայա Վոլիա»յի մարմնին եւ ամբողջովին կը նուիրուի Հայ երիտասարդութեան յեղափոխական դաստիարակութեան գործին։ Իր ընտանիքի ընդարձակ տունը կը տրամադրէ մշեցի բանուորներուն եւ ժամանակի ընթացքին տունը կը դարնայ տարագիր տաճկահայ երիտասարդութեան կեդրոնատեղի։ Թամարան եւ ուրիշ յեղափոխական գործիչներ այդ բանուորներուն գիտելիքներ կը սորվեցնէին եւ յեղափոխական ոգին իրենց մէջ կը թրծէին։

1883 թուականին, Թամարան կ՚ուզէ շարունակել իր ուսումը Մոսկուայի մէջ։ Թէեւ Ռուս կառավարութիւնը դէմ էր կիներու ուսման եւ հայ կեանքի մէջ չտեսնուած երեւոյթ էր կին մը հեռու քաղաք երթալ սորվելու համար, ան կը յաջողի Մոսկուայի Համալսարանը մտնել։ Մոսկուայի մէջ կ՚անդամակցի «Հայրենասէրներու Միութեան» եւ հետզհետէ կը դարնայ կեդրոնական դէմք մը։ Հոս կը հանդիպի իր ընկերոջ Դաւիթ Ներսէսեանին եւ աւելի մտերմանալէ ետք կ՚ամուսնան։ Շուտով յայտնի կ՚ըլլայ թէ Դաւիթ թոքախտէ վարակուած է եւ զոյգը կը հեռանան Մուսկուայէն բժիշկներու խորհուրդին հետեւելով։ Դաւիթ կը հրաւիրուի Էջմիածնի Ճեմարան ուսուցչութեան պաշտօն վարելու համար։ Սակայն շուտով կը մահանայ։

Թամարան մեծ անձնուիրութեամբ խնամեց ամուսինը, սակայն ինք ալ կը վարակուի ու կը մեռնի տարի մը ետք։ Դաւիթի եւ Թամարայի միակ զաւակը՝ Լեւոն կը մեծնայ մօրաքոյրերուն Ժենիա Ադամեան-Քալանդարեանի եւ Սաթենիկ Ադամեանի խնամքով։ Լեւոն կ՚ուսանի Ելեկտրագիտութիւն Պելճիքայի մէջ եւ 1917-ին Բագուի հերոսամարտին կարեւոր դեր կ՚ունենայ։