Jump to content

Թորոս Հելվաճեան

Թորոս Հելվաճեան
Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան
Կրօնք Առաքելական Քրիստոնեայ
Կարողութիւն դերասան
Ծնողներ Ժիրայր Հելվաճեան եւ Տալիտա Թորոսեան Հելվաճեան

Թորոս Հելվաճեան 40 տարիներ առաջ, 1979ին առաջին անգամ ան բեմ կը բարձրանայ «Կոմիտաս» թատերախումին հետ, բեմադրիչ ունենալով Յովհաննէս Հելվաճեանը: 40 տարիներու ընթացքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ 45 թատերախաղերու մէջ, աշխատակցելով բեմադրիչներ Վարուժան Խտըշեանի, Պերճ Ֆազլեանի, Վիգեն Ստեփանեանի, Մուշեղ Մուղալեանի, Օննիկ Գանթարճեանի, Զոհրապ Եագուպեանի եւ Յովհաննէս Հելվաճեանի հետ:

Ի դէպ, Թորոս բեմէն ալ դուրս պահած է իր դերասանական յատկութիւնները, եւ բոլոր անոնք, որոնք կ՛այցելեն Կաթողիկոսարան, որուն բարապանն է ան, անպայման կը տեսնեն թատրոնի արտացոլացումը իր աչքերուն մէջ, մանաւանդ երբ գաղութի մէջ ներկայացում մը դիտած ըլլայ: Իր մօտ չի պակսիր տուեալ թատրոնի մը թէ՛ քուլիսներու աշխատանքին գնահատումը եւ թէ՛ գործին նկատմամբ առողջ նշումները, որովհետեւ ինք եւս այդ նո՛յն բեմին նո՛յն տախտակամածին հարազատ զաւակն է:

Այսօր, Թորոս կը տօնէ իր թատերական կեանքին 40ամեակը՝ միաժամանակ նորոգելով հայ թատրոնին 40 տարիներ եւս ծառայելու իր խոստումը:[1]

Թորոս Հելվաճեան Խաղացած Է եղբօր` Յովհաննէս Հելվաճեանի հիմնած «Կոմիտաս» թատերախումբին հետ շուրջ 35 ներկայացումներ, որոնց երկար ցանկէն կարելի է նշել` «Թաղականին կնիկը», «Սիրոյ միջնորդը», «Մէկ գիշեր սարսափելի կնոջ մը հետ», «Պատերազմը արդեօք վերջացա՞ւ», «Անխելք մարդը», «Ամուրիներու միութեան ժողովը», «Գիւղէն իջնող ղազարներ», «Օթելլօ»:

Դերեր վերցուցած Է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ Վարուժան Խտըշեանի բեմադրութեամբ «Փլրեցի Եփփէն»-ին մէջ, Մուշեղ Մուղալեանի «Դիմակի թատրոն»-ին հետ` «Նազարը Պանանիստանի մէջ», «Մոռնալ Հեռոսդատին» եւ այլ ներկայացումներու մէջ:

Բեմ բարձրացած Է Զոհրապ Եագուպեանի «Փորձառարական թատրոն»-ին, ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան»-ին եւ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին հետ եւ այլն»:

«Ներկայիս, գործի պայմաններուն բերումով, չեմ կրնար ժամանակս տրամադրել թատրոնի փորձերուն, որ անցեալին սիրայօժար եւ կամաւոր կերպով կը կատարէինք, բայց երբեմն կը տեսնես զիս բեմին վրայ` «Շնորհալի» երգչախումբին մէջ երգելով, կամ` վերջերս «Կոմիտաս» թատերախումբին հետ, իսկ ասոնցմէ զատ` մասնակցած եմ ուսանողական կարճամեթրաժ Ժապաւէնի մը նկարահանման»:
- Թորոս Հելվաճեան


Օթելլօի Բեմադրութիւնը՝ Լիբանանի «Կոմիտաս» Թատերախումբի 40ամեակին Առիթով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յովհաննէս Հելվաճեանի թատերական գործունէութեան եւ անոր ղեկավարած «Կոմիտաս» թատերախումբին հիմնադրութեան 40ամեակին առիթով Երեքշաբթի, 3 Յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիլեըմ Շէյքսփիրի «Օթելլօ» թատերախաղի ներկայացումը՝ բեմադրութեամբ եւ մենակատարութեամբ Յովհաննէս Հելվաճեանի: Նոր մեկնաբանութեամբ «Օթելլօ»ի ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Թորոս Հելվաճեան (խաղարկութիւն եւ ձայն)[2]

Եռանդուն, կատակասէր եւ թեթեւ հոգիով Թորոսը, որ քառասուն տարի առաջ, երբ տակաւին միայն 13 տարեկան էր, զինք առաջին անգամ պիտի տեսնէիր բեմին վրայ, Սեդրակ Էսմէրեանի հեղինակած եւ Յովհաննէս Հելվաճեանի բեմադրած «Հայ մօր կամքը» ներկայացման մէջ, «կ՛ուխտենք եւ կ՛երդուենք» տողը արտասանած պահուն: «Հաւանաբար ատիկա իմ իսկական ուխտս եղաւ թատրոնին հանդէպ», ըսաւ Թ. Հելվաճեան մեր զրոյցին ընթացքին: Բայց Հելվաճեանին թատրոնի հանդէպ սէրը աւելի հին է, քան` իր բեմի առաջին փորձառութիւնը: Ան կը պատմէ. «Դպրոցական օրերուս սրահին ետեւի դուռէն փախստական մտնելով` գրեթէ բոլոր թատրոններն ալ կը դիտէի: Կիրակի օր մըն էր, երբ այս անգամ մամաս արգիլեց տունէն դուրս ելլել` յաջորդ օրը դպրոց ունենալուս պատճառով. այս պատիժ մըն էր ինծի համար, քանի որ պիտի զրկուէի այդ օրուան թատրոնէն: Եւ մամաս` որպէս իր «որոշումին ստորագրութիւն», կօշիկներս պահեց, որպէսզի չհամարձակիմ պրծիլ: Սակայն, հակառակ այս արգելափակումներուն, այդ օր ես գուլպաներով փախայ տունէն, գացի «Տէր Մելքոնեան», սովորականին պէս ետեւի դուռէն գաղտագողի մտայ ներս ու բազմեցայ առաջին շարքին վրայ: Անշուշտ տուն վերադարձիս աղուոր մըն ալ ծեծ կերայ թատրոնի սիրոյն եւ ատանկ անկողին մտայ»:[3]
- Թորոս Հելվաճեան


«Ամէնէն շատ սրտիս խօսող ներկայացումը եղած է Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը», ուր վերցուցած էի կեդրոնական դերը: Հիմնական դերեր յաճախ խաղացած եմ, ինչպէս` «Կոմիտաս» թատերախումբին ներկայացուցած «Օժիտով փեսացու»-ն: Եղած եմ նաեւ Վիգէն Ստեփանեանի բեմադրութեամբ մանկապատանեկան թատրոնի մը մէջ` «Պարոն լրտեսին վերջին գործը»` լրտեսի դերով, որ նոյնպէս սրտիս խօսած է»:
- Թորոս Հելվաճեան


Թորոս Հելվաճեան մասնակցած է նաեւ Համազգայինի կազմակերպած գեղարուեստական մրցանքներու եւ 1982-1983 տարեշրջանին տիրացած ոսկեայ մետալի` Յովհաննէս Թումանեանի «Կաթիլ մը մեղր» բանաստեղծութեան արտասանութեան համար:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանահայ Թատրոնի Ծառան` Թորոս Հելվաճեան (40 Տարուան Գործունէութեան Առիթով)

թատրոնի սպասարկուներէն՝ Թորոս Հելվաճեանի 40ամեայ վաստակը[permanent dead link]

Բեմադրութիւնը՝ Լիբանանի «Կոմիտաս» Թատերախումբի 40ամեակին Առիթով[permanent dead link]

Վարդանանց Ոգեկոչում. Թատերական Երգախառն Մատուցումով