Յովհաննէս Հելվաճեան
Յովհաննէս Հելվաճեան | |
---|---|
Ծնած է | 17 Օգոստոս 1958 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Առաքելական Քրիստոնեայ |
Կարողութիւն | «Կոմիտաս» թատերախումբի ղեկավարն ու բեմադրիչը |
Աշխատավայր | Բեմադրիչ, դերասան |
Ամուսին | Մարալ |
Ծնողներ | Ժիրայր Հելվաճեան եւ Տալիտա Թորոսեան Հելվաճեան |
Երեխաներ | Սարգիս, Տալիտա, Ժիրայր եւ Արամ |
Յովհաննէս Հելվաճեան, բեմադրիչ, դերասան: 40 տարիներու վրայ կարճ կամ երկարաշունչ թատրերգութիւններ բեմադրած ուժ մըն է Յովհաննէս Հելվաճեան: Մշակոյթը իրեն համար սրբութիւն է: Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբին 15ամեակը յիշատակած է՝ բեմադրելով «Օթելլօ»ն 1992-ին, իսկ յաջորդ տարի՝ 1993-ին, ան բեմադրած է զայն արաբերէնով: Ան յաճախած է Լիբանանի Ազգային Նուպարեան Վարժարանը:
Վկայութիւններ` Յովհաննէս Հելվաճեանի Մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ դասական հեղինակներու բեմադրութեան հետ Մոլիերի «Ագահ» ու Շէյքսփիրի «Օթելլօ» բեմադրութիւնը յանդուգն քայլեր էին իր թատերական կեանքին մէջ։ Լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը իր էջերուն կ՛արձանագրէ նաեւ անունը Յովհաննէս Հելվաճեանին եւ իր «Կոմիտաս» թատերախումբին: ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ |
«Կոմիտաս» թատերախումբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բեմադրիչ, դերասան Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբը հիմնեց 13 ապրիլ 1977-ին եւ նոյն ամսուան 24-ին մկրտեց զայն «Կոմիտաս» անունով: Բոլորովին առանձին թատրոնի սէրն ու կիրքը մղած է բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեանը, որ հիմնէ «Կոմիտաս» թատերախումբը Լիբանանեան կեանքի պատերազմական պայմաններուն մէջ ծառայելու համար հայ բեմին:
«Կոմիտաս» թատերախումբը սկսաւ իր թատերական երթը` իր շուրջ համախմբելով վաթսուն դերակատար-դերակատարուհիներով: Բեմը սիրող նուիրեալ պարման-պարմանուհիները Հելվաճեանի կողքին սկսան գործել եւ 1978-ի ապրիլ 24-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմին վրայ Յովհաննէս Հելվաճեան բեմադրեց իր առաջին թատերախաղը` Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի հեղինակութիւնը եղող «Նուարդը»: Օրին հայկական մամուլը գովասանքով մօտեցաւ թատերական այս երեւոյթին` վեր առնելով Հելվաճեանի խիզախ եւ նուիրեալ, լուրջ մօտեցումը թատրոնին հանդէպ:
Ապրիլեան մեծ եղեռնի առիթով, Յովհաննէս Հելվաճեան հանրութեան ներկայացուց թատերական երկ մը՝ «Նուարդը» անունով, հեղինակութեամբ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի: Այս գեղարուեստական թատերակը իր նիւթը քաղած է հայկական մեր տասնըհինգի արիւնոտ էջերէն:
Ներկաները անխտիր, թէեւ զգացուած հոգեվիճակով բաժնուեցան սրահէն, սակայն ունեցան այն հաստատ համոզումը, թէ լիբանանահայութեան ծոցին մէջ ծնունդ է առած երիտասարդ բայց խոստումնալից թատերախումբ մը, որ թէ՛ գիտակից է իր առած քայլին եւ թէ վճռած բոլոր ուժերով նուաճելու թատերական դժուար ուղիները: Հանդիսատեսը շօշափելիօրէն զգաց նաեւ բռնկումը իր մէջ՝ անհատական թէ ազգային զգացումներու, վերյիշելով դառնութեան այն օրերը, որ տխուր բաժինն եղան մեր ժողովուրդին: Քսանամեայ բեմադրիչ Յովհաննէս Հելվաճեան, բուռն ոգիով նուիրուած է հայ թատրոնին, թատերական ասպարէզէն ներս, ինչպէս ծանօթ է, շատ են դժուարութիւնները, սակայն արուեստի սիրահար մը, առաջին խոչընդոտներու դիմաց չի գիտեր երբեք կանգ առնել:- ՏԱՃԱՏ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ «ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ» Ս. ՂԱԶԱՐ 1978
|
Յովհաննէս Հելվաճեանի Թատերական Գործունէութեան 40-Ամեակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Հելվաճեան 40 տարուան մէջ լիբանանահայ հանրութեան եւ դպրոցներու աշակերտութեան հրամցուց հայկական ընտիր նիւթեր եւ հեքիաթներ: Հելվաճեանի բեմադրութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունեցան հայկական նիւթերը: Յովհաննէս Հելվաճեան Յակոբ Պարոնեանի գրեթէ բոլոր թատերախաղերը բեմադրած է.
«Արեւելեան ատամնաբուժը»,
«Շողոքորթը», «Ալաֆրանկան»,
«Երկու տիրոջ մէկ ծառայ»,
«Քաղաքավարութեան վնասները»,
«Սիրոյ միջնորդները»:
Յովհաննէս Հելվաճեան Երուանդ Օտեանէն եւ Պետրոս Դուրեանէն բեմադրած է հետեւեալ թատերախաղերը` «Թաղականին կնիկը» եւ «Թատրոն կամ թշուառներ»: Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով ան բեմադրած է «Գիգորը»: Յաջորդաբար հայկական դպրոցներու բեմերուն վրայ բեմադրած է «Բարեկենդանը», «Անխելք մարդը», «Մի կաթիլ մեղր»-ը:
Յովհաննէս Հելվաճեան նաեւ բեմադրած է իր հեղինակած 17 թատերախաղերը, Սեդրակ Էսմերեանի հեղինակութեամբ երեք թատերախաղ, հայրենի հեքիաթագիր` Մուշեղ Յակոբեանէն մէկ հեքիաթ`«Ոսկի խրատը»: Գաղութի հայ աշակերտութիւնը վայելած է Հելվաճեանի այս բեմադրութիւնը:
- «Հայ մօր կամքը», հեղինակ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Յովհաննէս Հելվաճեան, 1979 եւ 1988։
- «Պատերազմը Վերջացա՞ւ», հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ Յովհաննէս Հելվաճեան, 1984։
- «Ամուրիներու Միութեան ժողով», հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Յովհաննէս Հելվաճեան, 1987։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երէկ` երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» թատերախումբը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յովհաննէս Հելվաճեանի:
Թատերախաղը կը խօսէր 23-24 տարեկան քահանայ հօր` Տէր Յուսիկի մասին, որ ի պաշտօնէ գիւղ մը կ՛երթայ եւ հոն ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզներուն ընդմէջէն կ՛ուզէ յեղափոխական շարժում մը ստեղծել: Սակայն Հայրապետ անունով թաղական մը դէմ դնելով, զինք կը վտարէ գիւղէն: Քահանան հետագային կը ձերբակալուի, բաւական չարչարանքներու կ՛ենթարկուի եւ կ՛աքսորուի: Կը ձերբակալուի նաեւ Հայրապետը, սակայն երկուքն ալ յետոյ ազատ կ՛արձակուին: Հայրապետը դարձի գալով, կը գտնէ Տէր Յուսիկը եւ քովը երթալով ներում կը հայցէ անկէ եւ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած «ժամուցը» իրեն կու տայ, որպէսզի զէնք եւ զինամթերք գնէ: Տէր Յուսիկ զայն կ՛անուանէ «Կարմիր ժամուց»:
Օթելլօի Բեմադրութիւնը՝ Լիբանանի «Կոմիտաս» Թատերախումբի 40ամեակին Առիթով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Հելվաճեանի թատերական գործունէութեան եւ անոր ղեկավարած «Կոմիտաս» թատերախումբին հիմնադրութեան 40ամեակին առիթով Երեքշաբթի, 3 Յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիլեըմ Շէյքսփիրի «Օթելլօ» թատերախաղի ներկայացումը՝ բեմադրութեամբ եւ մենակատարութեամբ Յովհաննէս Հելվաճեանի: Նոր մեկնաբանութեամբ «Օթելլօ»ի ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Թորոս Հելվաճեան (խաղարկութիւն եւ ձայն), Քրիստինա Սրապոնեան (ձայն):
«Կոմիտաս» Թատերախումբը Ներկայացուց «Մոռնալ Հերոստրատը» Թատերախաղը
1978-ին ճամբայ ելած այս թատերախումբը բեմադրած է Պարոնեանէն, Օտեանէն, Դուրեանէն, Արփիարեանէն, Մուշեղ Իշխանէն թատերախաղեր: Նաեւ բեմադրած է Շէյքսփիրէն, Մոլիէռէն, Վինա Թելմարէն կտորներ: 2018 տարեշրջանին համար Յովհաննէս Հելվաճեան ընտրած է «Մոռնալ Հերոստրատը», որ Կրիկորի Կորինի հետեւողութեամբ զայն ներկայացուց «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
Սոյն ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հերոստրատի դերով` Յովհաննէս Հելվաճեանը, թագաւորի դերով` Թորոս Հելվաճեանը, Թագուհիին դերով` Փաթիլ Քիլաղպեանը, Ելենային դերով` Լենա Յակոբեանը եւ Քրիսիփի դերով` Մայքըլ Գուտուզեանը:
«Կոմիտաս» Թատերախումբը Ներկայացուց «Պէյրութ 2012» Կատակերգութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Կոմիտաս» թատերախումբի 35-ամեակին առիթով երէկ` ուրբաթ, 2 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց սրահին մէջ բեմադրիչ Յովհաննէս Հելվաճեան ներկայացուց «Պէյրութ 2012» կատակերգութիւնը: Հեղինակ եւ բեմադրիչ Յովհաննէս Հելվաճեան իր շուրջ հաւաքած էր խումբ մը երիտասարդ դերասաններ, որոնք ներկայացուցին «Սոդոմ Գոմոր», «Օտար ամուսնութիւն», «Բաբելոն», «Տեսակցութիւն բժիշկի հետ» եւ «Բամբասանք» սքեչները:
Կատակերգութեան մէջ արտացոլացին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող յոռի երեւոյթները եւ միայն լաւին ձգտելու մարմաջը: Շեշտուեցաւ նաեւ հայ մնալու գաղափարը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յովհաննէս Հելվաճեանի Թատերական Գործունէութեան 40-Ամեակ
- Վկայութիւններ` Յովհաննէս Հելվաճեանի Մասին
- ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՀԵԼՎԱՃԵԱՆԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ
- Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը
- Օթելլօի Բեմադրութիւնը՝ Լիբանանի «Կոմիտաս» Թատերախումբի 40ամեակին Առիթով Archived 2019-07-24 at the Wayback Machine.
- Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի «Փառքի վաշխառուները» թատերախաղի ներկայացում (Լիբանան)
- «Կոմիտաս» Թատերախումբը Ներկայացուց «Մոռնալ Հերոստրատը» Թատերախաղը
- Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» Թատերախումբը Վաղը Կը Բեմականացնէ «Կարմիր Ժամուց»-ը
- «Օթելլօ»-ի Բեմադրութիւնը` «Կոմիտաս» Թատերախումբին 40-Ամեակի Առիթով
- «Կոմիտաս» Թատերախումբը Ներկայացուց «Պէյրութ 2012» Կատակերգութիւնը
- Թատերական Շարժումը Լիբանանի Մէջ 1940-1970 Թուականներուն (Թատրոնի Միջազգային Օրուան Առիթով)
- ԱԼ ՉԵՄ ԿՐՆԱՐ Archived 2021-02-26 at the Wayback Machine.