Jump to content

Թոմն ու Ճերին

«Թոմն ու Ճերին» (անգլերէն՝ Tom and Jerry) մանկական շարժանկարի բազմաշարք, (անգլ.՝ animation multiserial) ստեղծուած ծաղրանկարիչներ Ուիլիըմ Հաննայի եւ Ճօզէֆ Պարպըրայի (William Hanna and Joseph Barbera) կողմէ։ Այն կը պատմէ Ճերի անունով մուկին եւ Թոմ անունով կատուի թշնամական յարաբերութիւններուն ու արկածներուն մասին։

«Մուլթֆիլմի» (այսինքն՝ Բազմաշարք շարժապատկեր - անգլ.՝ multifilm) առաջին շարքը ցուցադրուած է 20 Փետրուար 1940-ին։ «Մուլթֆիլմ»ի առաջին շարքերու հերոսներուն անունները եղած են ուրիշագրութիւն՝ Թոմը՝ Ճասփըր (Jasper) իսկ Ճերին՝ պարզապէս Մուկ կամ Ճինքս։

Բազմաշարք շարժապատկերը՝ «Մուլթֆիլմը», սկսած 1940 թուականէն մինչեւ 1958 թուականը արտադրած է MGM «սթուտիոն» (այսինքն՝ ձայնագրութեան արուեստանոց 6-ը անգլ.՝ studio), որուն արտադրութեան տարիներուն «մուլթֆիլմը» համարուած է լաւագոյնը՝ ստանալով 7 Օսքար։ «Մուլթֆիլմ»ի արտադրման աշխատանքը դադրած է արուեստանոցի փակումին պատճառով։ 1961 թուականին «Rembrandt Films» ընկերութիւնը իրաւունք ստացաւ արտադրել բազմաշարք շարժապատկերը «մուլթֆիմը», որուն 13 արձանագրութիւնները ամէնավատը համարուեցան բազմաշարք շարժապատկերի «մուլտֆիլմի» պատմութեան մէջ։ Այնուհետեւ բազմաշարք շարժապատկերը՝ 1963 թուականէն, սկսաւ արտադրել «Sib Tower 12 Productions» ընկերութիւնը մինչեւ 1967 թուականը։

Դրուագներու գործողութիւններուն մեծամասնութիւնը տեղի կ'ունենան փոքրիկ քաղաքի մը մէջ, Երկու-Հողաթափով-Մայրիկի (Mammy Two Shoes, երբեմն Mrs. Two Shoes) տունը (որ երբեմն կը փոխարինուի երիտասարդ կնոջմով կամ ընդհանրապէս չի մասնակցիր)։ Սակայն շարք մը դրուագներու մէջ գործող անձեր կրնան ապրիլ նաեւ անմարդաբնակ կղզի, լողալ, զբօսաշրջիլ նաւով, հանգստանալ լողափը եւ այլն։ Ըստ «Սիւժէ»ի՝ Թոմը ճիգ չի խնայեր մկնիկին բռնելու համար, սակայն այդ մէկը գրեթէ կը ձախողի[1]։ Այնուամենայնիւ, որոշ մասերուն մէջ կերպարները բաւականին համերաշխ կեանք կը վարեն եւ ամէնադժուար պահերուն իսկ իրարու կ'օգնեն[1]։ Ինչպէս մարդիկ, այդպէս ալ գլխաւոր կերպարները ունին իրենց թշնամիներն ու ընկերները։ Օրինակ՝ Թոմին յաճախ կը ծաղրեն Պուչ Butch անունով կատուն եւ Սփայք (Spike) շունը, իսկ Ճերիին (Jerry) չարութիւններուն կ'օգնէ իր զարմիկը՝ փոքրիկ մկնիկ մը՝ Նիպլըս (Nibbles) անունով, եւ Քուէքըր (Quacker) բադիկը։ Դրուագներուն կերպարները մեծամասնութեամբ չեն խօսիր եւ բոլորը կը սահմանափակուին միայն ցաւի ճիչերով եւ ջղագրգիռ ձայներով, սակայն շարք մը դրուագներու մէջ կերպարները ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կ'ունենան երկխօսութիւն, բայց կարճ[2][3]։

Մանկական շարժանկարը քաջ ծանօթ է իր դաժանութեամբ եւ բռնութեամբ[4][5]։ Յաճախ կարճամեթրաժ բազմաշարքերը (series) կը ցուցադրուին պայթիւններով, կերպարներու «կտրատում»ով եւ նոյնիսկ մահ, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը կը կատարուին առանց արիւնի, եւ գլխաւոր հերոսները արդէն յաջորդ դրուագին կը վերակենդանան[6]։

Կարճամեթրաժ ֆիլմերուն մէջ մեծ դեր կը կատարէ երաժշտական նուագակցութիւնը, որուն միջոցով փորձ կը կատարուի փոխանցել այս կամ այն հերոսի յոյզերը։ Յատկապէս կը զատորոշուի Սքոթ Պրետլի[7] երաժիշտին դերը։ Ան, համատեղելով ճազի եւ դասական երաժտութեան տարրերը, ստեղծած է բարդ եւ իւրօրինակ բազմաձայնաշարեր, որոնց հետ միասին յաճախ դրուագներուն մէջ ներկայացնելով այդ ժամանակուան յայտնի մեղեդիներու վերափոխուած ձեւերը։ Յետագային բազմաշարք շարժապատկերներուն՝ «Մուլթֆիլմ»երուն մէջ երաժշտութիւնը կը հնչէ աւելի կարճ հատուածներով։

1940-1958 Թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
ԿրաՖֆիթի եւ Մուրալզ

1930-ականներու վերջերը Metro-Goldwyn-Mayer-ի շարժապատկերի բազմացման (multiplication) բաժինը անկում կ'ապրէր բազմաշարք շարժապատկերներու (multifilm) վատ վարձատրութեան հետեւանքով։ Ստորաբաժանման արտադրող եւ ղեկավար Ռուտոլֆ Այզինկը (Rudolf Ising) կերպարներ կը փնտռէր նոր նախագիծին համար, որոնք կրնային մրցիլ Միքի Մաուսի եւ Պակս Պանիին հետ եւ յանձնարարարեց զայն շարժապատկեր ոգեւորողներուն՝ (animator) Ուիլիըմ Հաննային եւ Ճոզէֆ Պարպըրային (William Hanna and Joseph Barbera)։ Այս երկու պաշտօնեաներն ալ բազմաշարք շարժապատկեր ստեղծելու մեծ փորձ ունէին. Հաննան աշխատած էր շարժապատկերի շնչաւորութեան «Ուրախ մեղեդիներ», «Լունի Թիւնզ» բազմաշարքի (serials) վրայ, իսկ Պարպըրան եղած էր «Van Beuren Studios» ընկերութեան նկարիչը։ Անոնք փափաքեցան ստեղծել կարճ տեւողութեամբ ֆիլմ՝ կատուին եւ մուկին հակամարտութեան մասին, սակայն այդ մտապատկերը՝ «ոչ այնքան ինքնատիպ» համարող շատ մը պաշտօնեաներու համաձայնութեան չարժանացաւ[8]։ Բայց այնուամենայնիւ, խումբը 1940 թուականին ստեղծեց «Կատուն հարուած (jab) կը ստանայ » փորձական թողարկութիւնը, ուր կը ցուցադրուէր, թէ ինչպէս Ճասպըր կատուն կը հալածէ փոքրիկ մկնիկը[9]։ Այդ դէպքը (episode) ներկայացուեցաւ Օսքարի, բայց մրցանակի չարժանացաւ[1]։

Այնուամենայնիւ, այդ թողարկութիւնը մեծ թիւով հանդիսատեսին ուշադրութիւնը գրաւեց, եւ արտադրող Ֆրետ Քուիմպին առաջարկեց Հաննային եւ Պարպըրային նոյն ոգիով շարունակել եւ բազմաշարք շարժապատկեր ստեղծել, անկէ առաջ արձակելով իրենց փոքր նշանակութիւն ունեցող նախագիծերու վարիչ պաշտօններէն։ Շարժապատկեր ոգեւորողները համաձայնեցան այդ որոշումին հետ, բայց սկիզբը MGM-ը իր աշխատակիցներուն հետ գլխաւոր հերոսներու նոր անուններու մրցոյթ կազմակերպեց[2]։ Յաղթեց Ճոն Քարրը, որ առաջարկեց կատուին եւ մուկին անուանել համապատասխանաբար Թոմ եւ Ճերի (house cat (Tom) and mouse (Jerry))[10]։ 1941 թուականին սինեմաներու մէջ ցուցադրուեցաւ «Կէսգիշերային հացկերոյթ» (The Midnight Snack in 1941) դրուագը։ Ճոզէֆ Պարպըրան ստեղծեց պատմութիւններ յաջորդ բազմաշարքերուն համար, իսկ Ուիլիըմ Հաննան կը մասնակցէր արտադրութեան ստեղծագործական եւ ճարտարարուեստական գործերուն[11]։ Որպէս նկարիչ-(multiplicator) բազմապատկիչներ հանդէս կու գային Քեննեթ Միւսը, Էտ Պրիճը եւ Մայքըլ Լան։ Կերպարները կը հնչիւնաւորէին Ուիլիըմ Հաննան, Տոուզ Պաթլըրը, Լիլիան Ռենտոլֆը եւ Ռեճինըլտ Քոֆին։ Բազմաշարք շարժապատկերներու (անգլ.՝ multifilm) երկրպագուներու նամակներուն կը պատասխանէր այն ժամանակ տակաւին անյայտ դերասան Ճեք Նիքըլսընը[12]։ Կատուի եւ մկնիկի մասին իւրաքանչիւր դրուագ 40 000 տոլար ծախս կ'արժէր MGM-ին համար[13]։

Ցուցադրումներ ստեղծելու ժամանակ կատուին արտաքինը բազմաթիւ անգամ փոխուած է։ Սկիզբը այն աւելի շատ կը նմանէր իրական կատուի. Կրնար մլաւել եւ յաճախ կը քալէր չորս ոտքով, բայց Թեքս Էյվերիի՝ MGM գալէն ետք, ստեղծողները որոշեցին պարզացնել պատկերը եւ հերոսին աւելի ուժեղ դարձնել։ Ճերիի արտաքինը գործնականօրէն ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կրեց։

Հաննա-Պարպըրա (William Hanna and Joseph Barbera) զոյգը 17 տարիներու ընթացքին կատուի եւ մկնիկի մասին ստեղծեցին 116 արձանագրութիւն[9] (ներառեալ՝ Սփայք շունը եւ իր փոքրիկ որդի՝ Թայքը (Spike and Tyke)) մասին առանձին թողարկութիւններ, որոնցմէ 7-ը արժանացան Օսքար մրցանակի՝ «Լաւագոյն կարճամեթրաժ multifim» անուանակարգով[14]։ Պարգեւներու շնորհիւ «Թոմը եւ Ճերի»-ն դարձան հանրամատչելի եւ յայտնի։ Բայց 1950-ականի սկիզբները շարժապատկերին պիւտճէն սկսաւ կրճատուիլ, իսկ հանգանակութիւնները՝ պակսիլ[7][11]։ Սակայն հին դրուագներու վերարտադրութիւնները (remake) եւ հեռատեսիլով սփռումը սկսան աւելի շատ եկամուտ բերել, քան նոր արձանագրութիւններու ստեղծումը։ Այդ պատճառով 1957 թուականին փակուեցաւ MGM-ի «multiplication» բաժինը, իսկ աշխատակիցներու մեծ մասը տեղափոխուեցաւ «Hanna-Barbera» ընկերութիւն[2]։

1961-1962 Թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Թոմ եւ Ճերի շարժապատկերի պաշտօնական նշանաբան

Շարժապատկերի բազմացման բաժինը փակուելէ ետք, MGM-ի ղեկավարները որոշեցին կրկին վերականգնել շարժանկարի բազմաշարքը եւ յանձնարարեցին չեքոսլովաքեան «Rembrandt Films» արուեստանոցին համար ստեղծել Թոմն ու Ճերիի մասին 13 դրուագ[15][16][17]։ Նշուած կարճամեթրաժ բազմաշարք շարժապատկեր արտադրող ընկերութեան հիմնադիրը՝ Ուիլիըմ Սնայտըրն էր, որպէս շարժապատկերի ոգեւորող հանդէս կու գար ղեկավար տնօրէն՝ Ճին Տէյչը, թատերգութեան ամփոփումը կը գրէր Էլի Պաուըրը։ Գլխաւոր ոգեւորողներն էին՝ Լիու Կարները եւ Հարի Մունը, երգահան դարձաւ Սթեֆըն Քոնիչեքը, դերասան՝ Ալեն Սուիֆթը կը հնչիւնաւորէր բոլոր հերոսները[15][17][18]։

Ճին Տէյչի խօսքերով, նոր կարճամեթրաժ բազմաշարք շարժապատկերի «Շարժանկար»ի հիմնադրման կ'օգնէին նոյնիսկ MGM-ի նախկին Շարժապատկերի բազմացման բաժնի ոգեւորողները[13]։ Սակայն քանի որ «Rembrandt Films»-ը կը գտնուէր «երկաթեայ վարագոյր»էն այն կողմ, ստեղծողները ֆիլմի վերնագիրները դիտաւորեալ կը փոխէին իրենց անուններն ու մականունները։ Օրինակ՝ երգահան Սթեֆըն Քոնիչեքի անունը փոխած էին Սթիվընի, իսկ Վացլաւ Լիտին կը նշուէր որպէս Վիքթոր Լիթըլ[13]:

Ղեկավար տնօրէնի՝ ռեժիսորի խօսքերով, «Metro-Goldwyn-Mayer»-ի ղեկավարութիւնը ցոյց տուած էր խումբին Ուիլիըմ Հաննայի եւ Ճոզեֆ Պարպըրայի ստեղծած բազմաշարք շարժանկարի քանի մը դրուագ եւ իւրաքանչիւր դրուագի համար յատկացուած էր 10 000 ԱՄՆ տոլար[13]։ Փոքր պիւտճէն անդրադարձաւ բազմաշարքի որակի վրայ: Կերպարներու արտայայտիչ շարժումներով խօսիլը կը կատարուէր մեծ արագութեամբ, իսկ կոշտ ոգեւորութիւնը հանդիսատեսի աչքին աղօտ էր արտայայտիչ բիծերով։ Ձայնը կ'ուղեկցուէր ապագայապաշտական արտայայտութիւններով (futuristic effects) տարօրինակ երաժշտութեամբ։ Այդ բոլորը բազմաշարք շարժապատկերին՝ շատ կողմերէն, տարօրինակութիւն եւ անսովորութիւն կը հաղորդէին։ Բազմաթիւ քննադատներ եւ երկրպագուներ այդ շարժանկարի շարքերը կը համարէին՝ «շարժանկարի բազմաշարք պատմութեան մէջ յոռեգոյնը»[13]։

Սակայն «Rembrandt Films»-ի ստեղծած շարժանկարի բազմաշարքը յաջողած դուրս եկան եւ արձանագրուեցան մինչեւ 1962 թուական[17]։ Նոր շարքերու ստեղծման ընդհատման պատճառ դարձաւ MGM-ի առանձնաշնորհումը վերականգնելու համաձայնութեան որոշում հաստատած, ղեկավար՝ Ճոզեֆ Ֆոկըլի պաշտօնազրկութիւնը[13]։ Այդ շարքերը բազմաթիւ անգամներ ցուցադրուած են հեռուստատեսութեամբ եւ վերահրատարակուած տարբեր հաղորդիչներով (carriers)[19]։

Չաք Ճոնսի ժամանակաշրջանը (1963–1967)[20]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տայչի վերջին քարթուններու հրապարակումէն ետք, Չաք Ճոնսը, որ հեռացուած էր «Warner Bros. Cartoons»-ի իր աւելի քան 30-ամեայ պաշտօնավարութենէն, իր գործընկեր Լես Կոլտմանի հետ հիմնեց իր սեփական անիմացիոն أصթուտիոն՝ «Sib Tower 12 Productions»-ը (որ հետագային վերանուանուեցաւ «MGM Animation/Visual Arts»)։ 1963 թուականէն սկսեալ, Ճոնս եւ Կոլտման արտադրեցին Թոմն ու Ճերին պատմող 34 յաւելեալ կարճ ֆիլմեր, որոնք բոլորն ալ կը կրէին Ճոնսի ինքնայատուկ ոճն ու թեթեւակի «փսիխոտելիկ» (psychedelic) ազդեցութիւնը։

Ճոնս որոշ դժուարութիւններ ունեցաւ իր ոճը «Թոմն ու Ճերի»-ի հումորի տեսակին յարմարցնելու մէջ. շարք մը քարթուններու պարագային ան նախապատուութիւնը տուաւ հարուստ անիմացիային, կերպարներու նկարագրին եւ ոճին, քան բուն պատմութեան (storyline)։ Կերպարներու արտաքինը ենթարկուեցաւ թեթեւ փոփոխութեան. Թոմին տրուեցան աւելի խիտ յօնքեր (յիշեցնելով Ճոնսի ստեղծած «Կրինչը» կամ «Ուայլ Ի. Քոյոթին»), աւելի պարզ տեսք (մորթի գոյնը դարձաւ գորշ), աւելի սուր ականջներ, երկար պոչ եւ աւելի մազոտ այտեր։ Ճերիին տրուեցան աւելի մեծ աչքեր ու ականջներ, աւելի բաց սրճագոյն երանգ եւ «Փորքի Փիկ»-ը յիշեցնող աւելի քաղցր արտայայտութիւն։

Ճոնսի «Թոմն ու Ճերի» քարթուններէն ոմանք կը յիշեցնեն «Ուայլ Ի. Քոյոթի եւ Ռոտ Ռանըր»-ի հետ իր կատարած աշխատանքը, ներառեալ «blackout gags»-երը (կարճ, կտրուկ կատակներ) եւ բարձր տեղերէն իյնալու տեսարանները։ Ճոնս կարճ ֆիլմերու մեծամասնութիւնը համաբեմադրած է գծագրիչ Մորիս Նոպըլի հետ։ Ձայնային զանազան ձեւաւորումներ կատարուած են Մել Պլանքի, Ճուն Ֆորէյի եւ նոյնիսկ անձամբ Ճոնսի կողմէ։ Այս կարճ ֆիլմերը ունին յիշարժան սկզբնական բացում մը, ուր Թոմը նախ կը փոխարինէ MGM-ի առիւծը, ապա թակարդի մէջ կ'իյնայ իր անուան «O» տառին մէջ։

Թէեւ Ճոնսի գործերը ընդհանուր առմամբ կը համարուէին աւելի լաւ, քան Տայչինը, անոնք քննադատական տարբեր յաջողութիւններ ունեցան։ MGM-ը դադրեցուց «Թոմն ու Ճերի»-ի արտադրութիւնը 1967-ին, երբ Ճոնսն արդէն անցած էր հեռուստատեսային յատուկ ծրագիրներու եւ «Կախարդական հարկահաւաքի կրպակը» (The Phantom Tollbooth) լիամետրաժ ֆիլմին։ Այս կարճ ֆիլմերը DVD տարբերակով հրապարակուեցան 2009-ին՝ «Tom and Jerry: The Chuck Jones Collection» խորագրով։

«Թոմն ու Ճերին» կը հասնին հեռուստատեսութիւն[21]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1965 թուականէն սկսեալ, Հաննայի եւ Պարպերայի «Թոմն ու Ճերի» քարթունները սկսան երեւալ հեռուստատեսութեան վրայ՝ խիստ խմբագրուած տարբերակներով։ Ճոնսի խումբէն պահանջուեցաւ վերցնել այն քարթունները, ուր կը յայտնուէր Մամմի Թու Շուզը (Mammy Two Shoes), եւ հեռացնել զայն՝ անոր մասնակցութեամբ տեսարաններուն վրայ նոր տեսարաններ աւելցնելով։ Շատ յաճախ անոր փոխարինեցին նոյնանման գէր, սպիտակամորթ իռլանտացի կնոջ մը կերպարով։ Երբեմն ալ, ինչպէս «Saturday Evening Puss»-ի պարագային, անոր տեղը առաւ նիհար, սպիտակամորթ դեռահաս մը. երկու կերպարներն ալ ձայնաւորեց Ճուն Ֆորէյը[22]։

«Cartoon Network»-ի եւ «Boomerang»-ի վերջին հեռարձակումներու ժամանակ Մամմիի կերպարը պահպանուած է, սակայն Թիա Վիտալիի կողմէ կատարուած նոր ձայնագրութեամբ՝ բնօրինակ ձայնային երիզներուն մէջ առկայ սեւամորթներու մասին կարծրատիպային բարբառը հեռացնելու նպատակով։ «Թոմն ու Ճերի»-ի սովորական բացման տիտղոսները նոյնպէս հեռացուեցան։ Մկրտչեան (MGM) մռնչացող առիւծի փոխարէն օգտագործուեցաւ բացման տեսարան մը, որ բաղկացած էր քարթուններու տարբեր հատուածներէ։ Փոխուեցան նաեւ անուանական քարտերը. օգտագործուեցաւ վարդագոյն քարտ մը, ուր անունը գրուած էր սպիտակ տառատեսակով։

1965 Սեպտեմբեր 25-ին «CBS»-ի շաբաթ առաւօտեան յայտագիրով իրենց առաջին ելոյթը ունենալէ ետք, «Թոմն ու Ճերին» 1967-ին տեղափոխուեցան նոյն կայանի կիրակնօրեայ ժամերուն եւ հոն մնացին մինչեւ 1972 Սեպտեմբեր 17-ը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 Подолян Ольга. (24 марта 2011 год)։ «Главному игроку в «кошки-мышки» сегодня исполнилось бы 100 лет» (ռուսերեն)։ Вести.ру։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ օգոստոսի 18–ին
  2. 1 2 3 Vallance Tom. (24 марта 2001 года)։ «William Hanna» (անգլերեն)։ The Independent։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-07-17-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ օգոստոսի 17–ին
  3. «William Hanna Dies at 90; Created Cartoon Characters»։ Նյու Յորք Թայմս։ 23 марта 2001 года։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ օգոստոսի 21–ին
  4. Hanna, William; Barbera, Joseph; Sennett, Ted., The Art of Hanna-Barbera: Fifty Years of Creativity, Нью-Йорк։
  5. Smoodin Eric։ «Cartoon and Comic Classicism: High-Art Histories of Lowbrow Culture»։ American Literary History (Օքսֆորդ, Բրիտանիա: Oxford University Press) 4 (1 (1992))
  6. Whitworth Melissa (20 декабря 2006 года)։ «Master cartoonist who created Tom and Jerry draws his last»։ The Daily Telegraph (անգլերեն)։ էջ 9
  7. 1 2 Vallance Tom (6 декабря 2006 года)։ «Joseph Barbera» (անգլերեն)։ Лондон: The Independent։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ օգոստոսի 18–ին
  8. Maltin Leonard. (1997)։ Interview with Joseph Barbera (Digital)։ Archive of American Television
  9. 1 2 {{{заглавие}}}. — Hal Leonard Corporation.
  10. Barbera, Joseph. {{{заглавие}}}. — Turner Publishing.
  11. 1 2 «Cartoon creator Joe Barbera dies» (անգլերեն)։ Dallas Morning News / Associated Press։ 18 декабря 2006 года։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-01-04-ին։ արտագրուած է՝ 2013-08-17
  12. McDougal, Dennis. Five Easy Decades: How Jack Nich olson Became the Biggest Movie Star in Modern Times. — John Wiley & Sons.
  13. 1 2 3 4 5 6 Deitch Gene. (2001)։ «Tom & Jerry: The First Reincarnation» (անգլերեն)։ Animation World Network։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-05-08-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ ապրիլի 19
  14. Glendinning Lee (19 декабря 2006 года)։ «Joe Barbera, creator of cartoon classics, dies at 95» (անգլերեն)։ Лондон: The Guardian։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ օգոստոսի 17–ին
  15. 1 2 «Rare Tom & Jerry Cell» (անգլերեն)։ Rembrandt Films։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-03-24-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ օգոստոսի 17–ին
  16. MacDougall Kent. (11 июня 1962 года)։ «Popeye, Tom & Jerry Join Trend to Shift Production Overseas» (անգլերեն)։ The Wall Street Journal։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-11-07-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ ապրիլի 19
  17. 1 2 3 P. Lehman, Christopher. {{{заглавие}}}. — McFarland & Company.
  18. Grimes William. (27 апреля 2010 года)։ «Allen Swift, Voice Actor for Radio and TV, Dies at 86» (անգլերեն)։ Նյու Յորք Թայմս։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-07-ին։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ ապրիլի 19
  19. Pratt, Doug. {{{заглавие}}}. — Douglas Pratt.
  20. (անգլերեն) Tom and Jerry, 2026-04-20, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Tom_and_Jerry&oldid=1350235067, վերցված է 2026-04-27
  21. (անգլերեն) Tom and Jerry, 2026-04-20, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Tom_and_Jerry&oldid=1350235067, վերցված է 2026-04-27
  22. Whitted, Qiana (2023-12-31), Introduction: “An Apt Cartoon”, Rutgers University Press, pp. 1–20, ISBN 978-1-9788-2505-5, https://doi.org/10.36019/9781978825055-001, վերցված է 2026-04-27