Jump to content

Թզենի

Թզենի
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Բոյսեր
Տիպ Ծաղկաւորներ
Դաս Երկշաքիլաւորներ
Կարգ Վարդածաղկաւորներ
Ընտանիք Թթազգիներ
Ցեղ Թզենի
Լատիներէն անուանում
Ficus
 L., 1753 
Հոմանիշներ
Տիպիկ ներկայացուցիչներ


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Թզենի (լատիներէն՝ Ficus), թթազգիներու ընտանիքի մերձարեւադարձային պտղատու, տերեւաթափ ծառ կամ թուփ։ Կը հանդիպինք Տաւուշիի եւ Սիւնիքի մարզերու լեռնային գօտիներուն մէջ։ Մշտականաչ ծառեր եւ թուփեր են, երբեմն մագլցող լիաններ։

Կ'աճի կրահողերուն մէջ, քարքարոտ, ժայռոտ, արեւահար լանջերուն, կիրճերուն, գետահովիտներուն մէջ. գրանցուած է ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ։ Արմատներու հզօր համակարգով, տերեւաթափ, խիտգնդաձեւ կամ լայնբրգաձեւ սաղարթով, կաթնանման հիւթ պարունակող բոյս է։ Ցողունի բարձրացումը՝ 5-12 մ է։ Տերեւները խոշոր են, բլթակաւոր, խորը կտրտուած, վերէն՝ կոշտ, խորդուբորդ, մուգ կանաչ, վարէն՝ թավոտ, մոխրականաչ։ Երկտուն է, բաժանասեռ։ Ծառերու բարձրութիւնը մինչեւ 40 մ է, տրամագիծը՝ 3-5 մեդր, յաճախ հիմքի մօտ տախտականման արմատներ կ'առաջանան։ Շատ տեսակներ իրենց կեանքը կը սկսին որպէս էպիֆիտներ, ետքը միայն կ'առաջանան գետնին հասնող յաւելեալ արմատներ, որոնք կը վերածուին հսկայական սաղարթը պահող հենասիւներու։ Որոշ վերաբուսական տեսակներու օդային արմատները փաթթուելով տեր-ծառին կը սպանեն անոր։ Տերեւները սովորաբար ամբողջաեզր են, մինչեւ 60-70 սմ երկարութեամբ։

Արական իգական ծաղիկները հաւաքուած են տանձանման, երբեմն՝ գնդաձեւ ծաղկաբոյլերուն մէջ։ Փոշոտումը խաչաձեւ է, կը կատարուի փոքրիկ միջատի՝ բլաստիֆագի միջոցով։ Պտուղներն ընկուզիկներ են, կ'առաջանան պտղակալէն եւ անոր մէջ գտնուող սերմերէն։ Պտղաբոյլերը գնդաձեւ են, տանձանման, կանաչավարդագոյն, սեւավարդագոյն, դեղնավարդագոյն։ Որոշ տեսակներ պտուղ կ'առաջացնեն առանց փոշոտման՝ կուսածնութեամբ։

Կը բազմանայ սերմերով, արմատային մացառներով եւ կտրոններով։ Ջերմասէր եւ երաշտադիմացկուն է։ Պտղաբոյլը կը պարունակէ շաքարներ (12-23%), պեկտինային նիւթեր (0,5-4,2 %), որգանական թթուներ (մինչեւ 1 %), կենսանիւթեր (Cv B1 B2), հանք, աղեր, սպիտակուցներ, օսլայ եւ այլն։

Պտուղը կ'օգտագործուի թարմ եւ վերամշակած, բնափայտը՝ փայտագործութեան եւ խառատագործութեան մէջ։ ՀՀ-ի մէջ կը մշակուի Տաւուշի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ, Արարատեան դաշտին մէջ, Երեւանին, Հրազդան գետի հովտի այգիներուն։ Բոյսի բոլոր մասերը կաթնահիւթ կը պարունակեն։ Ծաղիկները փոքր են, մեծ մասամբ միասեռ, կը զարգանան իւրայատուկ, գնդաձեւ կամ տանձաձեւ, գագաթին ճեղք ունեցող ծաղկաբոյլի ներքին մակերեւոյթին։ Փոշոտումը կը կատարուի թաղանթաթեւաւոր միջատներու միջոցով։ Որոշ տեսակներու պտղաբոյլերն կ'օգտագործուին սննունդի համար։ Շատ տեսակներու կաթնահիւթը քաուչուք կը պարունակէ, որը սակայն արդիւնաբերական նշանակութիւն չունի։

Յայտնի է մօտ 900 (այլ տուեալներով՝ 1000), ՀՀ-ի մէջ՝ 1 տեսակ՝ Թզենի սովորական (F. carica)։ Յայտնի է թուզի աւելի քան 800 տեսակ՝ տարածուած արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային շրջաններուն մէջ։ Սենեակներուն մէջ կ'աճեցնեն քաուչուքատու թուզ (F․ elastica), որուն կաթնահիւթը կը պարունակէ մինչեւ 30% քաուչուք։ Ցեղատեսակներ՝

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Figweb — сайт по роду Ficus
  • Фиги
  • Фикусы / Ficus в природе и культуре
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։