Թարիրիա

Կաղապար:Տեղեկաքարտ միապետ Թարիրիա, Վանի թագաւորութեան թագուհի՝ Ուրարտական տիրութեան արքայ Մենուայի կինը[1]:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վանի թագաւորութեան անուանապէս յայտնի միակ թագուհին Թարիրիան է՝ որ եղած է ուրարտական տիրութեան հզօրագոյն արքաներէն Մենուայի կինը:

Թարիրիան եղած է Էրեբունի քաղաքի (ներկայիս Երեւան) հիմնադիր Արգիշտի Ա. արքայի մայրը։ Ան ալ յայտնի է Մենուա արքայի միայն մէկ արձանագրութիւններէն, որ յայտնաբերուած է Արեւմտեան Հայաստանի Կատեպանաց գիւղի մօտ (Վան քաղաքէն հարաւ)։ Արձանագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ արքան խաղողի այգի նուիրած էր իր տիկնոջը եւ այն անուանակոչել անոր անունով։ Ժամանակին ենթադրուած է, որ Թարիրիան Մենուայի դուստրն է, քանի որ անոր անունէն առաջ դրուած որոշիչ գաղափարագիրը մեկնաբանուած էր իբրեւ «աղջիկ, դուստր»[1]։ Սակայն հետագային ճշդուեցաւ, որ այդ որոշիչ գաղափարագիրը նշանակած է «տիկին»։

Մեզի հասած է Վանի թագաւորութեան թագուհիի առնուազն մէկ պատկեր, որ առկայ է Իշփուինի արքայի ընտանիքի՝ գերագոյն աստծոյն երկրպագելու տեսարանի մէջ։ Այդ Վանի շրջանէն յայտնաբերուած պրոնզէ թիթեղ է՝ պատկերներով եւ (hieroglyphic) մեհենագիր մեհենագրութիւններով: Ան այժմ կը պահպանուի Ժընեւի Պուտինի թանգարանի մէջ։ Թագուհիի գլխավերեւը երկու մեհենագրերով նշուած է նրա անունը, որը, սակայն, վերծանուած չէ։


Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վանի թագաւորութիւն

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Արտակ Մովսիսեան (2014)։ 10 ՀԱՅ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԹԱԳՈՒՀԻՆԵՐ։ ԵՐԵՒԱՆ: ԶԱՆԳԱԿ։ ISBN 978 9939 68 267 9