Թարզան (ժապաւէն)

(Վերայղուած է Թարզան (ֆիլմ)-էն)
Թարզան
Պատկեր:Постер мультфильма Tarzan.jpg
Tarzan որմազդ
անգլերէն՝ Tarzan
Բեմադրիչ Քրիս Պակ
Քէվին Լիմա
Արտադրիչ Walt Disney
Թատերագիր Թեբ Մըրֆի
Երաժշտութիւն Ֆիլ Քոլինզ
Մարկ Մանչինա
Տեյվիտ Զիպել
Թողարկման
թուական
1999
Տեւողութիւն
88 վարկեան
Երկիր Կաղապար:Դրոշավորի
Լեզու Անգլերէն

Թարզան (անգլերէն՝ Tarzan), գծաշարժական ֆիլմ մը, որու արտադրիչը եղած է Walt Disney Feature Animation ընկերութիւնը։ Թողարկուած է 1999 թուականին Walt Disney Pictures ընկերութեան կողմէ։ 2000 թուականին ստացած է Օսքար մրցանակ լաւագոյն երգ «You’ll Be In My Heart»-ի համար։ Թարզանը, որ Ուոլթ Տիզնի ընկերութեան նկարահանած 17-րդ ֆիլմն է, ստեղծուած է Էտկար Ռայաս Բրոուզի «Թարզանը՝ կապիկներու որդեգիրը» ստեղծագործութեան հիման վրայ։ Մուլտֆիլմի ստեղծման վրայ ծախսուած է $150մլն։

Նիւթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1880-ական թուականներու վերջերուն Ափրիկէի ափին մօտ տեղի կ'ունենայ նաւաբեկութիւն մը, որմէ կը փրկուի երիտասարդ զոյգ մը իրենց փոքրիկ երեխային հետ։ Անոնք կը հաստատուին անտառին մէջ ու նաւուն մնացորդներով կը շինեն իրենց խրճիթը։ Այդ ժամանակ Քերչակ ու Քալա մարդակապիկներուն ձագը կը սպաննուի Սէյպըր յովազին կողմէ։ Յաջորդ օրը Քալա մարդակապիկը կ'երթայ խրճիթ եւ տղան կը փրկէ Սէյպըր յովազին ճանկերէն։ Քալան տղուն կը տանի մարդակապիկներուն մօտ եւ կը դառնայ անոր մայրը՝ հակառակ Քերչակի զայրոյթին։ Քալան տղուն կ'անուանէ Թարզան («You’ll Be in My Heart»)։

Կ'անցնի մի քանի տարի։ Թարզանի ընկերներն էին՝ Թերեք երիտասարդ մարդակապիկն ու Թանթոր փիղը, թէեւ Թարզանը ֆիզիկապէս թոյլ էր միւս կենդանիներէն եւ անոր համար դժուար էր մրցակցիլ անոնց հետ։ Սակայն Թարզանը չի յանձնուիր եւ կը մեծնայ որպէս ուժեղ ու ճարպիկ տղամարդ։ Երբ խումբին վրայ կը յարձակի Սէյպըր յովազը, Թարզան կը սպաննէ զայն ու ձեռք կը ձգէ մեծ հեղինակութիւն ու փառք բոլորին մօտ, բացի Քերչակէն։

Անտառին մէջ կը յայտնուին մարդիկ. փրոֆ. Փորթըրը իր դստեր՝ Ճէյնի հետ կը ժամանէ Ափրիկէ՝ որոնելու մարդակապիկները։ Անոնց կ'ուղեկցի որսորդ Քլեյթընը։ Թարզանը Ճեյնին կը փրկէ կատաղած շանագլուխ կապիկներէն։ Քերչակը մարդակապիկներուն կը զգոյշացնէ, հեռու մնալ մարդոցմէ։ Թարզանը կը հակառակի այս որոշումին, ենթադրելով, որ ոչ մէկ վտանգ կայ։ Ան գաղտնօրէն կը վերադառնայ Ճէյնի մօտ, կը հանդիպի փրոֆ. Փորթըրի ու Քլեյթընի հետ ու կը ծանօթանայ մարդոց աշխարհին («Strangers Like Me»)։ Սակայն Թարզանը կը մերժէ յայտնել մարդակապիկնրուն գտնուած վայրը։ Քանի մը օր ետք Անգլիաէն կու գայ նաւ մը, որպէսզի վերադարձնէ Ճէյնն ու անոր հայրը։

Թարզանը շատ կը տխրի. ան չէր ուզեր բաժանուիլ Ճէյնէն, որովհետեւ սիրահարուած էր անոր։ Անկէ կ՛օգտվուի Քլեյթընը՝ պահանջելով ցոյց տալ մարդակապիկներուն տեղը։ Թարզանը կը ծրագրէ, թէ ինչպէս կրնայ շեղել Քերչակի ուշադրութիւնը եւ մարդկոց տանիլ մարդակապիկներուն մօտ։ մարդակապիկները այլեւս չեն ուզեր կապ ունենալ Թարզանի հետ, այդ պատճառով ալ ան կը ստիպուի մարդոց հետ երթալ Անգլիա («Two Worlds Reprise»)։

Նաւուն վրայ Քլեյթընը կ՛ապստամբի, Թարզանին, Ճէյնին, փրոֆեսորին ու նաւապետին կը բանտարկէ խուղի մը մէջ կը յայտարարէ, որ կ՛ուզէ բռնել մարդակապիկները եւ վաճառել զանոնք սեւ շուկայի մէջ։ Թանթորն ու Թերեքը կ՛օգնեն Թարզանին, որ ազատի։ Մարդակապիկներու որսի ժամանակ Քլեյթընը մահացում կերպով կը վիրաւորէ Քերչակին։ Թարզանը կը մենամարտի Քլէյթընի հետ, եւ Քլեյթընը կը զոհուի։ Քերչակը Թարզանին կը յայտարարէ իր ժառանգորդը եւ վերջապէս կ՛ընդունի զայն, որպէս իր որդի։ Ճէյնը եւ փրոֆ. Փորթըրը կը պատրաստուին վերադառնալ Անգլիա, սակայն ի վերջ կ՛որոշում են Թարզանին հետ մնալ անտառներուն մէջ։ Անգլիոյ մէջ, նաւավարե կ՛ըսէ, թէ զանոնք կորսնցուցած է անտառներուն մէջ։

Դերեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարբերութիւնները գիրքէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Գիրքին մէջ Թարզանի ծնողները Ափրիկէի անտառները կը հասնին ոչ թէ նաւաբեկութեան հետեւանքով, այլ նաւուն մէջ խռովութիւն բարձրացուցած նաւաստիներուն կողմէ։ Բացի այդ, երեխան կը ծնի անտառներուն մէջ։
  • Գիրքին մէջ Թարզանի մայրը կը մահանայ, իսկ հօրը կը սպաննէ Քերչակը, որմէ ետք Քալան կը փրկէ երեխային։ Գծաշարժական ֆիլմին մէջ կը յայտնուի Սէյպըր անունով յովազը, որ կը սպաննէ Թարզանի ծնողները։ Անոր ճանկերէն Քալան կը փրկէ երեխային։
  • Քերչակի՝ կապիկներու առաջնորդի կերպարը խառնուած է Տուբլատի՝ Քալայիի ամուսինին կերպարին հետ։ Վերջինս սկզբէն չսիրեց երեխային եւ բազմաթիւ անգամներ փորձեց սպաննել զայն, իսկ Քերչակը սկզբը անտարբեր էր Թարզանի նկատմամբ։ Այս պատճառով, անոնք կը սպաննուին Թարզանի կողմէ։
  • Գծաշարժական ֆիլմին մէջ բացակայ են Ափրիկէի բնակիչները։ Գիրքին մէջ Թարզանը կը սպաննէ սեւամորթները, որովհետեւ «անոնք նշանակութիւն չունին»։
  • Գծաշարժական ֆիլմին մէջ Քալան, որ դարձած էր Թարզանի մայրը, ողջ կը մնայ, իսկ գիրքին մէջ զայն կը սպաննէ Քուլոնգան՝ սեւամորթներու ցեղի նախկին առաջնորդի որդին՝ առաջին մարդը, ուրու հանդիպած էր Թարզանը։
  • Գիրքին մէջ Ճէյն Փորթըրը ծնունդով ԱՄՆ-էն էր, իսկ գծաշարժական ֆիլմին մէջ՝ Անգլիայէն։ Գիրքին մէջ Քլեյթոնը Թարզանի զարմիկն է (Թարզանի իսկական անունն է՝ Ջոն Քլեյթոն, Լորդ Գրեյոկ)։ գծաշարժական ֆիլմին մէջ Թարզանի իսկական անունը չի յիշատակուիր, իսկ Քլեյթոնը անոր հետ ազգակցական ոչ մէկ կապ չունի։ Բացի անկէ, Քլէյթոնը կը զոհուի Թարզանի մասին յաջորդ գիրքի վերջաւորութեան։
  • Գիրքին մէջ Թարզանի շարժուձեւերը մարդու նման են. յաճախ կը նկարագրուի իր կեցուածքը, մարմնակազմուածքը։ Գծաշարժական ֆիլմին մէջ Թարզանի վարքն ու շարժուձեւերը կապիկի նման են։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]