Jump to content

Թարգմանիչի Միջազգային Օր

Թարգմանիչի Միջազգային Օր

Տեսակ Միջազգային օր
Ամսաթիւ 30 Սեպտեմբեր[1]
սկսած 1991[2]
Հաստատուած 24 Մայիս 2017[3]
Անուանուած է թարգմանութիւն
Ի յիշատակ թարգմանութիւն[1]
Հիմնադիր International Federation of Translators?
Կայք es.fit-ift.org/dia-inter…

Թարգմանիչի միջազգային օր (Journée mondiale de la traduction, International Translation Day), բանաւոր եւ գրաւոր թարգմանիչներու մասնագիտական տօն: Կը նշուի 30 Սեպտեմբերին Սուրբ Երոնիմոս Սոֆրոնիոսի մահուան օրը՝ 419 կամ 420 թուականին, որ կատարած է Աստուածաշունչի ամբողջական թարգմանութիւնը լատիներէն լեզուով (արդիւնքով առաջացած են «Վուլգաթները»), որու կապակցութեամբ աւանդաբար կը համարուի թարգմանիչներու հովանաւորը: Տօնը պաշտօնապէս հիմնուած է Թարգմանիչներու միջազգային դաշնութեան (FIT) կողմէ 1991-ին։ Այս տօնի ժողովրդականութիւնը կ՚աճի ամէն տարի:

2017-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը 71-րդ նստաշրջանին միաձայն ընդունած է համար A/RES/71/288 բանաձեւը[4], ուր կը ճանչցուի ժողովուրդներու միաւորման, խաղաղութեան, ըմբռնման եւ զարգացման գործին մէջ մասնագիտական թարգմանութեան դերը, իսկ 30 Սեպտեմբերը կը յայտարարուի ՄԱԿ-ի շրջանակներուն մէջ նշուող թարգմանութեան միջազգային օր[5]:

Տօնի կարգախօսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2004-ին տօնը կը նշուէր «Թարգմանութիւնը բազմալեզու եւ մշակութային բազմազանութեան հիմքն է» կարգախօսով (ՄԱՖ)։

«Թարգմանիչները մշտապէս կապի գործընթացի կեդրոնին մէջ են: Իբրեւ գաղափարներու եւ գործողութիւններու արտաքին առաջնորդներ՝ անոնք մասամբ կը ձեւաւորեն այն աշխարհը, ուր մենք կ՚ապրինք: Թարգմանութիւնը, այս եղանակով, բազմալեզու հաղորդակցութիւնը որոշող գործօն է, եւ միեւնոյն ժամանակ կը խորհրդանշէ մարդոց հանդէպ բաց ըլլալը եւ ժողովրդավարութեան զարգացումը»: (2004 ՄԱՖ-ի մամլոյ հաղորդագրութենէն):

2005-ին տօնը կը նշուէր «Թարգմանիչի պատասխանատուութիւնը մասնագիտութեան եւ հասարակութեան առջեւ» կարգախօսով (ՄԱՖ):

2006-ին այն կը նշուէր «Շատ լեզուներ մէկ մասնագիտութիւն են» կարգախօսով:

2007-ին այն կը նշուէր «Մի կրակէք սուրհանդակի վրայ» կարգախօսով:

2008-ին այն կը նշուէր «Տերմինաբանութիւն. բառերը նշանակութիւն ունին» կարգախօսով:

2009-ին Թարգմանիչի միջազգային օրը կը նշուէր «Աշխատում ենք միասին» կարգախօսով:

2010-ին Թարգմանիչի միջազգային օրը նշուած է Ռուսաստանի թարգմանիչներու միութեան կողմէ առաջարկուած «Որակի հիմնաբափը բազմաձայն աշխարհին մէջ» կարգախօսով (անգլերէն՝ Quality Standard for a Variety of Voices):

2011-ին այդ օրը կը նշուէր «Մշակոյթներու միջեւ կամուրջներու կառուցում» կարգախօսով (անգլ.՝ Bridging Cultures)[6]:

2012-ին այն նշուած է «Թարգմանութիւնը որպէս միջմշակութային կապ» կարգախօսի ներքոյ»:

2013-ին այդ օրը կը նշուէր «Միասնական աշխարհը լեզուաբանական արգելքներէն դուրս» կարգախօսով (անգլ.՝ Beyond Linguistic Barriers — A United World):

2014-ին այս օրը կը նշուէր «Լեզուի իրաւունք. բոլոր մարդկային իրաւունքներու հիմքը» կարգախօսով (անգլ.՝ Language Rights: Essential to All Human Rights)[7]:

2015-ին այս տօնը կը նշուէր «Բանաւոր եւ գրաւոր թարգմանութեան փոփոխուող դիմագիծը» կարգախօսով (անգլ.՝ The changing face of translation and interpretation)[8]:

2016-ին ընտրուած է «Բանաւոր եւ գրաւոր թարգմանութիւն. միացնելով աշխարհները» կարգախօսը (անգլ.՝ Translation and Interpreting: Connecting Worlds):

2017-ին՝ «Թարգմանութիւն եւ բազմազանութիւն» (անգլ.՝ Translation and Diversity):

2018-ին Թարգմանիչի միջազգային օրը կը նշուի «Թարգմանութիւն. մշակութային ժառանգութեան զարգացման նպաստելը փոփոխութիւններու դարաշրջանին» կարգախօսով (անգլ.՝ Translation: promoting cultural heritage in changing times)[5]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]