Jump to content

Թադէոս Եսայեան

Թադէոս Եսայեան
Ծնած է 1941
Ծննդավայր Ամման, Յորդանան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ և ճարտարագէտ
Աշխատավայր Halcrow Group?
Ամուսին Լենա Ենիգոմշուեան
Ծնողներ Իսկենտէր Եսայեան եւ Վերոնիքա Ասատուրեան
Երեխաներ Ալեքսի, Լենար, Մարալ

Թադէոս Եսայեան, 1941, Ամման, Յորդանան, գրող, Ճարտարագէտ (Մագիստրոս գիտութեան վկայականով):

Թադէոս Եսայեան արմատներով՝ Տէօրթ Եոլցի է: Հայրը՝ Իսկենտէր Եսայեան եւ մայրը՝ Վերոնիքա Ասատուրեան, ծնած են Տէօրթ Եոլ, ամուսնացած են Իսքենտէրուն: Թադէոս Եսայեան յաճախած է Ամմանի Ազգային Հեթումեան Վարժարան, ապա երկրորդական՝ Թերասանթա Քոլէճ:

Ամմանի մէջ փինկփոնկի լաւ խաղացողներ կային ու Թադէոս Եսայեան կը մրցէր անոնց հետ: Երկու տարի շարունակ ակումբի ախոյեանութեան արծաթէ բաժակակիր դարձած է:

1959-ի Յունիսին աւարտած է երկրորդական վարժարանը, բարձր նիշերով, մասնակցելով երկու քննութիւններու՝ GCE անգլերէն, մեթրիք Օրտոն՝ արաբերէն: Մեթրիք Օրտոնը պետական քննութիւնն էր։ Թադէոս Եսայեան երկրորդ հայն էր Յորդանանի մէջ, որ կը յաջողէր այս քննութեան:

Բախտի եւ ուրիշներու բարեացակամութեան արդիւնք՝ կարողացեր եմ համալսարանական կրթութիւն ստանալ նախ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ որպէս ճարտարագէտ պսակաւոր գիտութեան վկայականով, 1969-ին, ապա Անգլիոյ Սաութհեմփթըն Համալսարանէն որպէս ճարտարագէտ մագիստրոս գիտութեան վկայականով, 1974-ին:

նշեմ որ այն երազը որ շրջան մը փայփայեցի Հայաստան մեկնելու՝ դժբախտաբար փարատեցաւ, երբ հայրս մերժեց գրաւոր հաւանութիւն տալ, որպէսզի տիկին Սիրան Սեզան (Երիտասարդ Հայուհիի խմբագիր) կարգադրէր երթալս: Հայրս նոր էր արձանագրուած բանակի դերձակ՝ վախցաւ: Այդ օրերուն սովետի հետ գործ ունենալը ճիշտ բան չէր:
- Թադէոս Եսայեան


1969ին գարնան, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ կը հանդիպի Օր. Լենա Ենիգոմշուեանին, հալէպահայ, քիլիսցի, նախահայրերը Ակնէն գաղթած հայախօսներ: կ'ամուսնանան Ամման 1970-ի ամռան: Կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ Ալեքսի, Լենար, Մարալ:

Աշխատանքի բերումով կը մեկնի Լոնտոն ուր կը պաշտօնավարէ ճարտարագիտական ընկերութեան մէջ, Sir William Halcrow & Partners: Նոյն շրջանին, Թադէոս Եսայեան ջրաբաշխական մագիստրական դասընթացքի կը հետեւի University of Southampton-ին մէջ։ 1974-ի ամռան ան արդէն ճարտարագէտ էր մագիստրոս գիտութեան վկայականով: 1977-ի գարնան աւարտելով շինարարական պարտականութիւնը՝ կը վերադառնան Ամման: Յորդանանի մէջ 13 տարիներ աշխատելէ ետք, ան կ'անցնի Աթէնք աշխատանքի բերումով, ուր կը մնայ 24 տարի: 2014-ին հանգստեան կը կոչուի ու կը փարի իր հայերէն գիրքերուն:

Հրատարակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուր որ աշխատած եմ հայերէն մէկ կամ երկու գիրք ընկերակցեր են երթիս: Հայերէն կարդալս կամ բանաստեղծելս միշտ գաղտնի մնացած է, որովհետեւ արաբ մրցակից գործընկերներուս համար բանաստեղծ ըլլալը բարենիշ մը չէ ճարտարագէտի մը համար: Այնպէս որ, նոյնիսկ հրատարակած գիրքերս գաղտնի են մնացեր ու միայն նուէր տրուած մտերիմ ծանօթներու
- Թադէոս Եսայեան


Թադէոս Եսայեան ունի հրատարակած հինգ գիրքեր

  • Առաջին Փորձեր (բանաստեղծութիւններ), Հրատ.՝ Ապրիլ Գրատուն, Լոս Անճելըս, 1985, 100 էջ.
  • Երկրորդ փորձեր (Բեմադրական Երգիծաբանութիւն թատրերգութիւն) «Նոր Քօնթրէքթօրը», Հրատ.՝ Ապրիլ Գրատուն, Լոս Անճելըս, 1985, 80 էջ.
  • Պտղունց Մը Սէր (բանաստեղծութիւններ), Հրատ.՝ Նոր Աշխարհ Շաբաթաթերթ, Աթէնք, 1987, 95 էջ.
  • Կեանք Մը Տողերու Վրայ (բանաստեղծութիւններ), Հրատ.՝ Նոր Աշխարհ Շաբաթաթերթ, Աթէնք, 1989, 76 էջ.
  • Պատկերազարդ Ցուցահանդէս (բանաստեղծութիւններ), Հրատ.՝ Նոր Աշխարհ Շաբաթաթերթ, Աթէնք, 1991, 76 էջ:

Պատկերազարդ դասագիրքեր սկսնակ ճարտարագէտներու համար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան իր պաշտօնավարած ընկերութեան (Consolidated Contractors Company)ի համար քաղած ու անգլերէն պատրաստած է 6 ծաւալուն, պատկերազարդ դասագիրքեր՝ Finishing Works in Buildings, որոնք կ'օգտագործուին սկսնակ ճարտարագէտներու կողմէ եւ ընկերութեան արհեստաւորական դասընթացքներուն կը ծառայեն՝ կարօտեալ պաղեստինցի երիտասարդներու: