Էրօլ Սարաֆեան
Էրօլ Սարաֆեան (ծն․՝ 1937, Պոլիս), արձանագործ եւ գեղանկարիչ[1]:
Կենսագրական գիծեր եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սարաֆեան ծնած Պոլիս։ Փոքր տարիքէն գծանկարչութեան հանդէպ մեծ փափաք ունեցած է։ Հինդլեան նախակրթարանը աւարտելէ ետք յաճախած է Կեդրոնական վարժարան․ ապա աւարտած է քաղաքի Գեղարուեստական ակադեմիան։ Մեծ հօր՝ ճարտարապետ Աւետիս Սարաֆեանէ եւ հօր՝ Յարութիւն Սարաֆեանէ ետք, ան 1961-ին մուտք գործած է Գեղարուեստական ակադեմիա եւ ընտանիքին մէջ եղած է շրջանաւարտ երրորդ սերունդը։
Արձագործութեան հանդէպ մեծ փափաք ու կարողութիւն ունեցաւ: Աշակերտը եղաւ Փրօֆ. Էտիպ Հաքքը Քէօըէօղլուի: Կատարելագործեց զանազան արձաններ' Յակոբ Մնձուրի, Աշոտ Մատաթեան, Կիւլպէնկեան, Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան, Սարգիս Պալեան եւ Կարապետ Պալեան։
Գծած է մեծագիր, պատկառելի պաստառներ' պատմական իրադարձութիններու եւ կարօնական նիւթերու շուրջ: Գծած է նաեւ զանազան դիմանկարներ[2]:
Մետալներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժան Փօլ Պապին դիմանկարը գծած եւ արժանացած է Վատիկանի մետալին. մետալ ստացած է նաեւ Սպանիոյ կառավարութենէն:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Istanbul mayor attends Armenian artist’s exhibition»։ www.tert.am (Անգլերնէ)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2021-05-07
- ↑ «ԷՐՕԼ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ ՁԵՌԱՄԲ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԻՒՂԱՆԿԱՐ ՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԵՑԱՒ | Türkiye Ermenileri Patrikliği |»։ www.turkiyeermenileripatrikligi.org։ արտագրուած է՝ 2021-05-07