Էտուարտ Մանուկեան
Էտուարտ Մանուկեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 7 Յունուար 1957 |
Ծննդավայր | Աղեքսանտրիա, Եգիպտոս |
Քաղաքացիութիւն | Եգիպտոս Եգիպտոս |
Ազգութիւն | եգիպտահայ |
Կրօնք | Առաքելական |
Կարողութիւն | Եղած է Աղեքսանտրիոյ Ազգային ժողովի փոխյարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ եւ գանձապահ |
Մասնագիտութիւն | Բժիշկ՝ Յօդացաւերու մասնագէտ «rheumatologist» |
Աշխատավայր | Եգիպտոսի «Արտաքին Գործերու բաժնի» ներկայացուցիչ եւ «Եգիպտոսի հայ գործարար խորհուրդի» նախագահ: |
Ամուսին | Նայիրի Վրէժ Սերթլեան |
Երեխաներ | Դուստր՝ Քրիսթին Մանուկեան |
Էտուարտ Մանուկեան (ծնած՝ 7 Յունուար 1957, Աղեքսանտրիա (Եգիպտոս)), եգիպտահայ գործարար եւ ազգային գործիչ: Եղած է Աղեքսանտրիոյ Ազգային ժողովի փոխյարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ եւ գանձապահ: Նաեւ եղած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) պատասխանատու: Էտուարտ Մանուկեան մասնագիտութեամբ բժիշկ է եւ Երեւանի մէջ առաջին եգիպտական գործարար ընկերութեան հիմնադիրը: Եգիպտոսի «Արտաքին Գործերու բաժնի» ներկայացուցիչ եւ «Եգիպտոսի հայ գործարար խորհուրդի» նախագահ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]էտուարտ Մանուկեան մասնագիտութեամբ բժիշկ` rheumatologist է, միաժամանակ արդէն շուրջ 33 տարի է` կ’աշխատի նաեւ դեղագործական ոլորտին մէջ, կը զբաղի դեղագործական արտադրութեամբ, արտահանմամբ[1]: Տարիներ շարունակ աշխատած է եգիպտական դեղագործական շարք մը ընկերութիւններու մէջ, որոնցմէ քանի մը հատը կը ներկայացնէ մինչեւ հիմա թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ այս տարածաշրջանին մէջ գրեթէ 14 տարի:
Յունուար 2004 – Նոյեմբեր 2016 վարած է Աղեքսանտրիոյ, Եգիպտոս՝ «PHARCO» Դեղագործական եւ Դեղագիտական ընկերութեան՝ արեւտուրի աճման տնօրէնի պաշտօնը:
Յունուար 2010-էն ի վեր, Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեան Անկախ պետութիւններու համագործակցութիւն (ԱՊՀ) երկիրներու՝ արտածեալ եւ ներմուծուած ապրանքներու Գահիրէի «PRIMEXPORT» խորհրդատու գործակալութեան սեփանակատէրն է:
Ազգային գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1988 - 2016 տարիներուն Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեան՝ Աղեքսանտրիոյ Ազգային ժողովի գանձապահն է, միեւնոյն ժամանակ` փոխյարաբերութեան ատենապետը` համայնքի եւ կառավարութեան միջեւ, գրեթէ 33 տարի:
Հայ-եգիպտական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եգիպտոսի կառավարութիւնը յանձնարարած է Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեանին առեւտրական հարցերով ներկայացնել Եգիպտոսը, եւ ան իբրեւ առեւտրական կցորդ կը գործէ Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ, նկատի ունենալով, որ այդ երկու երկիրներուն մէջ Եգիպտոսի դեսպանութեան նստավայրը Երեւանն է:
Տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին, արդէն առաջին գործարար կազմակերպութիւնը արձանագրեցինք, որ դեղագործական ընկերութիւն է՝ Marckyrl Armeni[2]: Կարելի է ըսել, որ ան առաջին եգիպտական ընկերութիւնն է, որ Հայաստանի մէջ ներկայութիւն ունի:
Առաջինը՝ Եգիպտոսէն Հայաստան դեղեր պիտի ներկրէ, երկրորդը՝ արտադրութիւն պիտի հիմնէ հայաստանեան ընկերութիւններուն հետ: Ընկերութեան գործունէութեան երրորդ ուղղութիւնն այն պիտի ըլլայ, որ Hepatit C-ի՝ լեարդաբոբի բուժման դեղերը բերենք եւ կրնամ ըսել, որ այդ հիւանդութեան դէմ բուժման եւ հիւանդներուն դեղերու տրամադրման ծրագիրը Հայաստանի մէջ կրցանք հաստատել իբրեւ ազգային նախագիծ:
Մեր գործունէութեան չորրորդ ուղղութիւնը Հայաստանի հետ համատեղ արտադրանք ստեղծելն է, եւ համատեղ այդ արտադրանքով Եւորասիական տնտեսական շուկայ մտնել: Ինչպէս գիտէք՝ Եւրոասիական շուկան բաւական լայն շուկայ մըն է, եւ Հայաստանի անդամակցութիւնը պիտի օգտագործենք այդ շուկային մէջ գործելու համար: Մեր ընկերութեան հինգերորդ նպատակն է, որ եգիպտական ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ գործընկեր մը գնէ եւ ոտքի հանէ՝ զարգացնելով զայն, գործածելով տեղական ներուժը, հայ մասնագէտները:[3] - Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեան
|
Ինչպէս գիտէք՝ Եւրոասիական շուկան բաւական լայն շուկայ մըն է, եւ Հայաստանի անդամակցութիւնը պիտի օգտագործենք այդ շուկային մէջ գործելու համար: Մեր ընկերութեան հինգերորդ նպատակն է, որ եգիպտական ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ գործընկեր մը գնէ եւ ոտքի հանէ՝ զարգացնելով զայն, գործածելով տեղական ներուժը, հայ մասնագէտները:[3] - Բժիշկ Էտուարտ Մանուկեան
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Շատ Դիւրին Է Հայաստանը Փոքրիկ Զուիցերիա Դարձնել. Էտուարտ Մանուկեան
- ↑ «Եգիպտահայութեան միակ խնդիրը թիւի խնդիրն է. Եդուարդ Մանուկեան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2017-12-14
- ↑ 3,0 3,1 ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԸՆՉՈՒԹԻՒՆ
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շատ Դիւրին Է Հայաստանը Փոքրիկ Զուիցերիա Դարձնել. Էտուարտ Մանուկեան
- Եգիպտահայութեան միակ խնդիրը թիւի խնդիրն է. Եդուարդ Մանուկեան
- ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՌԸՆՉՈՒԹԻՒՆ
- Հայ-եգիպտական գործարարների միության նախագահ Էդուարդ Մանուկյան
- ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍՈՒՄ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ Է ՆՇԱՆԱԿԵԼ[permanent dead link]