Էյմի Շումըր

Էյմի Շումըր
անգլերէն՝ Amy Schumer
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Amy Beth Schumer
Ծնած է 1 Յունիս 1981(1981-06-01)[1][2][3][…] (42 տարեկան)
Ծննդավայր Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Ամերիկեան ծագումով հրեաներ[4][5] եւ Ուկրաինացիները ԱՄՆ-ում?[4][5]
Մայրենի լեզու անգլերէն
Ուսումնավայր Ուիլյամ Էսպեր Ստուդիա?[6]
Towson University?
Peruvian University of Applied Sciences?
South Side High School?
Մասնագիտութիւն դերասանուհի, գրագէտ, հեղինակ, Հեռատեսիլի յայտագիրներ արտադրող, կատակերգակ, պոդքաստեր, հեռուստառեժիսոր
Անդամութիւն Writers Guild of America, East?
Ամուսին Chris Fischer?
Կայքէջ amyschumer.com

Էյմի Շումըր (անգլերէն՝ Amy Schumer, 1 Յունիս 1981(1981-06-01)[1][2][3][…], Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի գրող, դերասանուհի, հասարակական գործիչ։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էյմի ա­ւար­տած է «Ո­ւի­լիըմ Ես­փեր սթիւ­տիօ»ն, դե­րա­սա­նա­կան դպրոց մը, ուր ու­սա­նած է ե­րեք տա­րի: Ան իր ծննդա­վայր Նիւ Եոր­քի զբօ­սա­վայ­րե­րուն մէջ կա­տա­կեր­գա­կան մե­նա­կա­տա­րում­նե­րով ե­լոյթ ու­նե­ցած է 2004-էն սկսեալ:

Պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին կա­տա­կեր­գու­թեամբ ա­ռա­ջին ան­գամ ե­լոյթ ու­նե­ցած է 2007-ին, երբ եր­րորդ դա­սուած է «Էն.Պի.Սի.»ի «Լասթ քոմիք սթանտինկ»-ի մէջ[7], եւ ա­ւե­լի ուշ երկ­րոր­դա­կան դեր ստանձ­նած է մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լած «30 ռոք» կա­տա­կեր­գա­կան հա­ղոր­դա­շա­րի մէկ դրուա­գին մէջ:

Էյմի 2015-ին հե­ղի­նա­կած է շար­ժա­պատ­կե­ր մը՝ «Թրէյ­նուը­րեք»ին, որ բե­մադ­րած է Ճատ Ա­պա­տով․ ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով Ա­պա­տով բե­մադ­րած է շար­ժա­պատ­կեր մը, որ ինք չէ գրած:

2013-ին «Քոմետի սենթրըլ»ը ներկայացուցած է առաջին ելոյթը` «Ինսայտ Էյմի Շումըր», խառնուրդ մը` սքեչներու, կատակերգական մենակատարումի եւ փողոցի մէջ կայացած հարցազրոյցներու[8]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]