Jump to content

Զիատ Ռահպանի

Զիատ Ռահպանի
արաբերէն՝ زياد الرحباني
Ծնած է 31 Դեկտեմբեր 1955(1955-12-31)[1]
Ծննդավայր Անթիլիաս, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան[2]
Մահացած է 26 Յուլիս 2025(2025-07-26)[3][4] (69 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան[5][4]
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ուսումնավայր Ժամհուրի Տիրամօր Քոլէճ
Մասնագիտութիւն երգահան, երգիչ, «Ճազ»ի երաժիշտ, դաշնակահար, Երգահան, դերասան և երաժիշտ
Կուսակցութիւն Լիբանանի Համայնավար Կուսակցութիւն
Ծնողներ հայր՝ Ասի Րահպանի, մայր՝ Ֆէյրուզ

Զիատ Ռահպանի (31 Դեկտեմբեր 1955(1955-12-31)[1], Անթիլիաս, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան[2] - 26 Յուլիս 2025(2025-07-26)[3][4], Պէյրութ, Լիբանան[5][4]), լիբանանցի արուստագէտ, երաժիշտ եւ թատերագիր:

Զաւակն է աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզին (Նուհատ Հատտատին)[6]։

Զիատ եւ իր մայրը՝ Ֆէյրուզ։

Բեմադրած է երաժշտական թատրերգութիւններ, որոնց միջոցով յաճախ քննադատած է Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքը:

Ցիատի երգերը նոր հնչեղութիւն ստեղծած են արաբական աշխարհին համար, իսկ անոր թատերախաղերը սուր քննադատութիւններ էին իր երկիրին փտած քաղաքականութեան վերաբերեալ[7]:

Իր մօր՝ Ֆէյրուզի համար, երգեր գրած է եւ անոնց երաժշտութիւնը յօրինած:

Զիատ Ասի Ռահպանի ծնած է Լեռնալիբանանի Մեթն գաւառի Անթիլիաս շրջանին մէջ։

Ան Ասի Ռահպանիի (1923–1986) եւ Նուհատ Հատտատի՝ Ֆէյրուզի (ծն. 1935), առաջնեկ որդին է։

Հայրը մաս կազմած է «Ռահպանի Եղբայրներ» համոյթին (Ասի եւ Մանսուր Ռահպանի), որուն երաժշտական եւ թատերական գործունէութիւնը յատկանշական տեղ գրաւած է լիբանանեան երգի եւ երաժշտական թատրոնի զարգացման մէջ 1950-ական թուականներէն ի վեր։

«Ռահպանի Եղբայրներ»ը գործակցած են «Լիբանանի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ, որ հետագային դարձած է Լիբանանի պաշտօնական ձայնասփիւռի կայանը, եւ մասնակցած՝ լիբանանեան գլխաւոր արուեստագիտական փառատօններուն, ինչպէս Պաալպէքի եւ Պէյթ էլ Տինի։

Զիատ մեծցած է երաժշտասէր ընտանիքի մը մէջ։ Մանուկ տարիքէն շրջապատուած է գրողներով, երաժիշտներով եւ դերասաններով։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է «Ժապալ Անթիլիաս» կաթոլիկ վարժարանին մէջ, ապա ուսումը շարունակած է Պէյրութի «Ժէզուիթներու վարժարան»ին մէջ։

Հետագային ինքնաշխատութեամբ ուսումնասիրած է դասական եւ ճազային երաժշտութիւն՝ դաշնակի վրայ, առանց ակադեմական ուսման, սորվելով երաժշտական ստեղծագործութեան սկզբունքները։

Ան մեծապէս ազդուած է իր հօր եւ հօրեղբօր հմտութիւններէն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ճազ երաժշտութենէն։

Զիատ ունի եղբայր մը՝ Հալի, երկու քոյր՝ Լայալ (մահացած՝ 1988-ին) եւ Ռիմա։

Իբրեւ ընտանիքի առաջնեկը՝ յանձն առած է իւրայատուկ պատասխանատուութիւններ, մանաւանդ իր հօր հիւանդութենէն ետք՝ 1970-ականներու վերջաւորութեան։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երիտասարդ տարիքէն գրած է բանաստեղծութիւններ, սակայն հետագային ընտրած է երաժշտութիւնը՝ փորձելով միաւորել արաբական աւանդական երաժշտութիւնը եւ ճազը։[8]

1971-ին կը յօրինէ «Տալլիք հպինի եա Լաուզիէ» երգը։

1973-ին, երբ հայրը կ'անհանգստանայ, Ֆէյրուզ կը պատրաստուէր «Ալ-Մահաթթա» թատրերգութեան գլխաւոր դերին, որուն հեղինակներն էին «Ռահպանի եղբայրներ»ը։ Մանսուր Ռահպանի կը գրէ երգին բառերը՝ արտացոլացնելով Ասիի յանկարծակի բացակայութիւնը, իսկ երաժշտութեան ստեղծումը կը վստահուի Զիատին։

Արդիւնքը կ'ըլլայ հանրածանօթ «Սաալունի Ալ նաս» («Մարդիկ քու մասիդ հարցուցին». գրութեան մէջ կ'արտացոլայ կորուստը, կարօտը եւ  ընտանեկան ցաւի շուրջը թաքնուած գաղտնիքը: Այդ ժամանակէն ի վեր երգը դարձած է Ֆէյրուզի ամէնէն հանրածանօթ երգերէն մէկը: ) երգը, զոր Ֆէյրուզ կը ներկայացնէ թատրերգութեան մէջ։ Երգը անմիջապէս լայն արձագանգ կը ստանայ եւ կը դառնայ Զիատ Ռահպանիի առաջին իրական յայտնաբերումը իբրեւ երաժշտահան՝ Ռահպանիներու ընտանիքի ստեղծագործական շրջանակին մէջ։ Այս երգով նոր հանգրուան մը կը սկսի, որ կը բացայատէ ինքնատիպ ոճի մը առաջին նշանները՝ տարբեր իր հօր եւ հօրեղբօր գծած ուղիէն։

Երգը մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, եւ հանդիսատեսը կը զարմանայ տասնեօթ տարեկան երիտասարդին երաժշտական հասունութենէն, ինչպէս նաեւ անոր կարողութենէն՝ ստեղծելու մեղեդի մը, որ համազօր էր իր հօր գործերուն։ Թէեւ իր ստեղծագործութիւնը մօտ էր ռահպանեան դպրոցին երաժշտական ոճին, սակայն ցոյց կու տար Զիատի ինքնուրոյն ընդունակութիւնները։

«Սաալունի Ալ նաս»-ով կը բացուի նաեւ Ֆէյրուզի հետ երկարամեայ համագործակցութեան ճանապարհը։

Զիատ Ռահպանի առաջին անգամ բեմ կը բարձրանայ «Ալ-Մահաթթա» թատրերգութեան մէջ, մարմնաւորելով ոստիկանի դերը, որ հետագային կը կրկնէ «Մէյս Ալ-Ռիմ» թատրերգութեան մէջ՝ ներկայացնելով երաժշտական երկխօսութիւն մը՝ Ֆէյրուզի հետ:

Հետագային, լիբանանեան թատերախումբ մը, որ կը վերամշակէր «Ռահպանի եղբայրներ»ու թատրերգութիւնները եւ որուն կազմին մէջ էր նաեւ լիբանանցի երգչուհի Մատոնան (որ կը մարմնաւորէր Ֆէյրուզին դերը), Զիատէն կը խնդրէ գրել նոր թատրերգութիւն մը՝ իր ստեղծագործութեամբ։

Ան կ'ընդառաջէ եւ կը ստեղծէ իր առաջին թատերական գործը՝ «Սահրիյէ»։ Թատրերգութիւնը կը պահէ Ռահպանեան դասական թատերական ոճը։

Իր ապրած կեանքը, արդարամիտ, տրամաբանական եւ իրապաշտ խօսքերը այնքան պարզ, դիպուկ եւ տեղին էին, որ կը ներգրաւէին զինք ունկնդրողը լսողն ու դիտողը[9]:

Գործերը պատրաստուած եւ ուսումնասիրուած են, ուր իսկական արաբական ժողովրդական երաժշտութիւնն ու հպանցիկ ճազը միաձուլուելով` ստեղծած են բարձր մակարդակի հնչում մը, որ կրնայ ներգրաւել, թելադրել ունկնդիրները լսելու իրարու հետ զրոյցի ելած ուտը, քանոնը, ջութակը, թաւ ջութակը, սրինգը, տարպուքան (արաբական ձեռնաթմբուկ), թմբկիկն (tambourine) ու ձեռնադաշնակը (accordion): Իսկ նուագարաններու զրոյցը մերթ ընդ մերթ կ'ընդմիջուի ծիծաղ եւ զուարթախոհութիւն ներմուծող բացագանչութիւններով եւ երգանման միջամտութիւններով` գործին տալով ժողովրդային, բայց ո՛չ-գռեհիկ կնիք մը:

Քաղաքական հակումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակի ընթացքին, Զիատ Ռահպանի լիբանանեան թատրոնին մէջ հիմնական փոփոխութիւն կը ներմուծէ։

Ան կը հակի քաղաքական եւ իրատեսական թատրոնի ուղղութեամբ, որ կ'արտացոլացնէ մարդոց առօրեայ կեանքը, յատկապէս՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն։

Անոր գործերուն մեծ մասը քննադատած են լիբանանեան քաղաքական կեանքը. քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ անոր աւարտէն ետք, յաճախ քննադատած է երկիրին քաղաքական համակարգը։

Երկար տարիներ Ռահպանի եղած է լիբանանեան ձախակողմեան շարժումներուն կողմնակից եւ բացայայտօրէն ներկայացուած է իբրեւ համայնավար՝ դառնալով Լիբանանի Համայնավար Կուսակցութեան անդամ։

Ինք նշած է, որ 1976-ին Լիբանանի «Թալ էլ Զաաթար»ի պաղեստինեան ճամբարին մէջ ծայրայեղ աջակողմեան քրիստոնեայ զինեալներու իրականացուցած կոտորածները պատճառ դարձած են, որ լքէ արեւելեան Պէյրութն ու հաստատուի արեւմտեան Պէյրութի մէջ[10]։ Ան երկար ժամանակ աջակցած է պաղեստինցիներու իրաւունքներուն եւ պետականութեան համար պայքարին (53-օրեայ պաշարման ընթացքին ան ապրած է իր ծնողներու հետ գաղթակայանին դիմաց եւ աւելի ուշ տուած հարցազրոյցի մը մէջ  ըսած է, որ գաղտնի ձայնագրած է սուրիական հետախուզութեան սպաներու եւ աջակողմեան քրիստոնեայ ղեկավարներու միջեւ իր ծնողներու տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները, որպէսզի կարենայ անոնց մասին հաղորդել պաղեստինամէտ խումբերուն:

Հարցազրոյցին մէջ նոյնպէս  ըսած է, որ «չէր կրնար դիմանալ իրավիճակին», ուստի որոշած է տեղափոխուիլ իսլամներով գերիշխող արեւմտեան Պէյրութ եւ լքել ընտանեկան տունը` քրիստոնեաներով գերիշխող արեւելեան Պէյրութի մէջ, ուր անոր պաղեստինամէտ դիրքորոշումը զայն անցանկալի դարձուցած էր):

1980-ականներուն, մօր՝ Ֆէյրուզի հետ գործակցելով, Ռահպանի վերափոխած է անոր երաժշտական ոճը՝ աւելցնելով քաղաքական եւ ճազային տարրեր, որմով շահած է նոր սերունդին ուշադրութիւնը։ Զիատ բեմադրած է բազմաթիւ երաժշտական թատերական ներկայացումներ, որոնց միջոցով յաճախ քննադատած է Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքը։

Անոր թատերական գործերէն «Ի՞նչ կ'ըսէք վաղուան մասին» («Պըլ նըսպէ լա պուքրա... Շո՞ւ», 1978), «Ամերիկեան երկար շարժապատկեր» («Ֆիլմ Ամերիքի Թաուիլ», 1980) եւ «Ձախող բան մը» («Շի Ֆաշէլ», 1983) կը համարուին մշակութային կարեւոր հանգրուաններ՝ իրենց սուր քաղաքական քննադատութեամբ, զաւեշտով եւ երաժշտական նորարարութիւններով։

Իր կեանքին ընթացքին, Ռահպանի միշտ եղած է աշխուժ քաղաքական գործիչ մը, որ դաւանած է ձախակողմեան գաղափարներ, իսկ հետագային բացայայտօրէն իր աջակցութիւնը յայտնած՝ «Հըզպալլահ»ին, ի հակադրութիւն Իսրայէլի։Անոր դիրքորոշումները միաժամանակ հիացմունք եւ հակասութիւններ յառաջացուցած են։

Զիատ Ռահպանի՝ լրագրողը, որ գրած է Լիբանանի բազմաթիւ թերթերուն մէջ՝ «Ալ Նիտաը» եւ «Ալ Նահար», Սուրիական ուժերու ներկայութեան տարիներուն, աչքի կ'իյնայ իր յանդուգն ոճով։ Շրջան մըն ալ կը գրէ «Ալ Ախպար» լիբանանեան թերթին մէջ: Վերջին տարիներուն, «Ալ Ախպար» թերթին «Մանիֆեսթօ» խորագրեալ սիւնակը ստանձնած էր։

Ռահպանի կը նկատուի լիբանանեան ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ազդեցիկ արուեստագէտներէն մէկը։

Անձնական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռահպանի ամուսնացած է Տալալ Քարամի հետ։ Զոյգը ունեցած է որդի մը՝ Ասի անունով, սակայն հետագային բացայայտուած է, որ անոր կենսաբանական որդին չէ։ Աւելի ուշ անոնք ամուսնալուծուած են։

Տալալ Քարամ «Աշապաքա» ամսագիրին մէջ հրապարակած է յօդուածաշար մը՝ իրենց ամուսնութեան մասին։ Այդ իրադարձութիւններէն ներշնչուած, Ռահպանի գրած է շարք մը երգեր, ներառեալ՝ «Շ

ացած Կրթութիւն» («Մարպա Ալ Տալալ»)[11] եւ «Անկեղծօրէն» («Պիսարահա»). այս երգերը կարելիութիւն կու տան տեսնելու անոր հեգնական հանրային կերպարի ետին թաքնուած անձնական ցաւն ու խոցելիութիւնը:

Աւելի ուշ, ան տասնհինգ տարի կը կենակցի լիբանանցի դերասանուհի Քարմէն Լըպպոսի հետ: Զիատ կը յայտնէ, թէ այդ կապը իր աւարտին հասած է, որովհետեւ ինք չէ կրցած ապահովել այն կայուն կեանքը, զոր Քարմէն կը փափաքէր ունենալ: Քարմէն հետագային խոստովանած է․ «Զիատը միակ էակն էր, զոր սիրեցի»։ Զիատի այս փորձառութիւնը կ'արտացոլայ շարք մը արուեստի գործերուն մէջ, ինչպէս՝ «Շատ բորբոքեցաւ» («Ուալէթ քթիր») երգը՝ «Մոնոտոզ» երաժշտական ալպոմէն, որ կը պատմէր երկարատեւ սիրային պատմութեան մը մասին։

Նշանաւոր երգերէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անոր ամէնէն հռչակաւոր երգերէն են՝

  • Գլուխ գործոց մըն է 1977-ին պատրաստուած «Պիլ աֆրահ»ը, որ գրեթէ 40 վայրկեան տեւողութիւն ունի: Հազիւ 21 գարուններ բոլորած Զիատ Ռահպանի այս գործիքային ձայնապնակը լոյս ընծայած է` տասը կտորներ նուագելով իր խումբին հետ, առանց ընդհատումի, պարզապէս հատուածներու փոխանցման կամրջում մը կատարելով:
  • «Դուն, ինչպէ՞ս ես»ը («Քիֆաք Ընթա»ն),
  • «Որքան մարդ կար» («Ատտեշ քան ֆի նաս»)ը
  • «Մեզի Սպասեցին»ը («Նաթարունա»ն),
  • «Քեզի կը վստահիմ»ը («Անտի Սիքա Ֆիք»ը):
  • «Հուտու նիսպի» («Յարաբերական հանդարտութիւն») եւ «Ապու Ալի» ալպոմներուն մէջ ան կը համատեղէ աւանդական արաբական երաժշտութեան քառորդ թոները, ձայնական հնչիւնները եւ գործիքները`արեւմտեան ոճի ճազի եւ ֆանքի հետ: ալպոմին մէջ, կ՛'արտացոլացնէ Լիբանանի դառն-քաղցր տրամադրութիւնը փխրուն զինադադարի ժամանակ` ներկայացնելով անորոշութեան մէջ կեանքի մասին ծաղրական, անկեղծ հայեացք: «Ապու Ալի» (1979) 13 վայրկեան տեւողութեամբ գործիքային գլուխգործոց մըն է, որ կը համատեղէ արաբական նուագախմբային ոճը տիսքօ երաժշտութեան հետ` գրուած եւ ձայնագրուած Աթէնքի մէջ: Շատերուն կողմէ կը համարուի արաբական ֆանք ոճի ռահվիրայ ստեղծագործութիւն եւ դարձած է պաշտամունքային սիրուած ստեղծագործութիւն` ժողովուրդին եւ երաժշտական քննադատներուն համար: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ գրուած «Ապու Ալի»ն կ'առանձնանայ իր փախուստի ոճով, ինչպէս նաեւ  «տիսքօ»ն արաբական երաժշտական աշխարհ բերելու անզուգական համարձակութեամբ` այդպիսի անհանդարտ  ժամանակի մը մէջ:
  • «Պալա Ուալա Շի» (1985) («Առանց որեւէ բանի»), այս երգը կը միաձուլէ ճազի, ֆանքի եւ պուկիի տարրերը: Այս Ռահպանիի փորձառարութեան վառ օրինակ է եւ մնացած է անոր բացառիկ ստեղծագործութիւններէն մէկը:
  • «Եա զաման էլ թաէֆիյէ» (1980) («Համայնքայնութեան ժամանակաշրջան») եւ ներառուած է «Ֆիլմ ամերիքի թաուիլ» («Ամերիկեան երկար ժապաւէն») ժապաւէնի երաժշտութեան ցանկին վրայ: Այս երգը կ'օգտագործէ երգիծանքը Լիբանանի խոր պառակտումները քննադատելու համար: Ճոզէֆ Սաքրի կատարումով երգը Ռահպանիի ամէնէն սուր քննադատութիւններէն մէկն է Լիբանանի մէջ համայնքային քաղաքականութեան մնայուն եւ երբեմն անհեթեթ  իրականութեան վերաբերեալ:
  • Անա Մուշ Քաֆեր (1985), Ռահպանիի ամէնէն յայտնի եւ վիճայարոյց երգերէն մէկը, որ բազմիցս կատարուած է անոր բեմական ստեղծագործութիւններուն ընթացքին եւ կրկին հրապարակուած է 2008 թուականին: Երգը կ'անդրադառնայ Լիբանանի մէջ կրօնական կեղծաւորութեան, կոչ ուղղելով առաջնորդներուն` ուշադրութիւն դարձնելու աղքատներու ծանր վիճակին, այլ ոչ թէ` միայն իրենց սեփական հետեւորդներուն: Երգին խօսքերը դարձած են աշխարհիկ անհնազանդութեան կարգախօս:
  • Ռաժաա Պի Իզն Ալլահ (1980), յաճախ կը նկատուի մշակութային յենակէտ մը` խաղաղութեան եւ վերադարձի տենչանքի արտացոլումը: Այս երգը արմատաւորուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շրջանի յուսահատութեան եւ յոյսի մէջ`դառնալով միաժամանակ ողբերգութիւն եւ տոկունութեան քայլերգ: Ինչպէս իր բազմաթիւ երգերուն, այս մէկուն մէջ ալ երգիծանք կայ: Այն ստեղծուած է յարաբերական խաղաղութեան փուլի մը վերջաւորութեան, այն ատեն, երբ շատեր կը կարծէին, թէ պատերազմը աւարտած է: Բայց իրապաշտ եւ երգիծաբան Զիատը այս երգով ցոյց կու տայ այլ իրականութիւն մը, որ պատերազմը չէ աւարտած, այլ պարզապէս դադրած է:
  • Ալ Պոսթա (1979) Ներառուած ըլլալով «Պի նըսպէ լա պուքրա շու» («Ի՞նչ կ'ըսէք վաղուան մասին») շրջադարձային երաժշտախառն ներկայացման, երգը դարձաւ սերունդի մը օրհներգը: Կեանքի փորձութիւններու մասին երգի խաղային գրութիւնը նոր իմաստ կը ստանայ պատերազմէն տուժած Լիբանանի մէջ, ուր նոյնիսկ հանրակառք` «պոսթա» նստիլը կրնար վտանգներով եւ անհեթեթութիւններով լեցուն ըլլալ: Ռահպանիի երաժշտութիւնը անբաժանելի է Լիբանանի ժամանակակից պատմութենէն: Անոր ժառանգութիւնը կը գերազանցէ երաժշտութիւնը: Անոր երգերը մշակութային յիշողութեան հիմնական սիւներն են, եւ զանոնք հասկնալը Լիբանանի ոչ հին անցեալը հասկնալու բանալին է:

Զիատ Ռահպանի կը մահանայ Պէյրութի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ՝ 26 Յուլիս 2025-ին, յետ լեարդի երկարատեւ հիւանդութենէ:

Յետ մահու, Լիբանանի Մշակոյթի նախարարութիւնը մտադրութիւն կը յայտնէ Զիատի որոշ թատերգական գրութիւնները վերածել ուսումնա-կրթական նիւթերու, որոնք պիտի դասաւանդուին թատերական քննադատութեան եւ երաժշտութեան ծրագիրներու մէջ։

Լիբանանի նախարարական խորհուրդը կը յայտարարէ Զիատ Ռահպանիին անունով կոչել Պէյրութի օդակայանի ճամբուն կապող փողոցներէն մէկը։

Զիատի մասին վկայութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ան մէկ կողմ դրաւ, այսպէս կոչուած, միասնական Լիբանանի պատկերացումը կամ իտէալական հայրենիքի կերպարը եւ փոխարէնը ներկայացուց իրական, բաժնուած եւ մասնատուած Լիբանանը: Ան Ֆէյրուզին ետեւէն եկաւ ըսելու` բաւարար է ռոմանթիկ արուեստը, մուտք գործենք իրապաշտ արուեստի մէջ` ճազի, ժամանակակից երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան միջոցով
- Ժատ Ղոսըն, Զիատ Ռահպանիի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանող
Կենդանի խիղճ, անարդարութեան դէմ ապստամբ ձայն եւ ազնիւ հայելի անոնց համար, որոնք տառապած են եւ մեկուսացուած: Ան կը գրէր մարդոց ցաւին մասին եւ կը խաղար ճշմարտութեան լարերու վրայ` առանց կեղծիքի
- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 AlKindi (Դոմինիկյան Արևելագիտության ինստիտուտի առցանց կատալոգ)
  2. 1 2 Ziad Rahbani, Lebanese Composer and Son of Iconic Singer Fayrouz, Dies at 69U.S. News & World Report, 2025.
  3. 1 2 وفاة الفنان اللبناني الكبير زياد الرحبانيLBCI, 2025.
  4. 1 2 3 4 La mort de l’artiste Ziad Rahbani, touche-à-tout de génie de la scène libanaise — 2025.
  5. 1 2 وفاة الفنان زياد الرحباني عن عمر 69 عامًاAlArabiya.net, 2025.
  6. Facebook, Twitter, options Show more sharing, Facebook, Twitter, LinkedIn, Email, URLCopied! Copy Link, Print (1988-04-14)։ «Rahbani's 'Oriental Jazz' Is Rooted in Lebanon's Struggle but Scorned by Traditional Arabs»։ Los Angeles Times (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-09-03
  7. Զիատ Ռահպանի
  8. Զիատ Ռահպանիի կեանքը
  9. Զիատ Ռահպանի Երեւոյթը
  10. Զիատ բեմադրած է երաժշտական թատրերգութիւններ
  11. Մարպա ալ Տալալ