Jump to content

Զբօսաշրջութեան Միջազգային Օր

Զբօսաշրջութեան Միջազգային Օր

Տեսակ միջազգային օր
Ամսաթիւ 27 Սեպտեմբեր[1]
սկսած 1980[1]
Հաստատուած Սեպտեմբեր 1979[2]
Ի յիշատակ զբոսաշրջություն?[1]
Կայք un.org/es/observa…(սպան․)
un.org/en/observa…(անգլերէն)

Զբօսաշրջութեան Միջազգային Օր (անգլերէն՝ World Tourism Day), 1979 թուականէն սկսեալ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդն Սպանիոյ Թոռեմոլինոս քաղաքին մէջ՝ 1979 թուականի Սեպտեմբերին, կայացած 3-րդ նստաշրջանի ընթացքին առաջարկած է իւրաքանչիւր տարի Սեպտեմբեր 27-ին նշել Զբօսաշրջութեան միջազգային օրը, որ կը համընկնի յիշեալ կազմակերպութեան կանոնադրութեան ընդունման օրուան հետ[3]:

Զբօսաշրջութեան միջազգային օրը նշելու նպատակն է բարձրացնել համաշխարհային հանրութեան իրազեկուածութիւնը՝ զբօսաշրջութեան եւ անոր ընկերային, մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական նշանակութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ խթանել տարբեր երկրներու ժողովուրդներու միջեւ կապերու զարգացումը[4]։

Զբօսաշրջային առաջին գործակալութիւնը բացուած է 1841 թուականին՝ Անգլիա, Թոմաս Քուքի կողմէ: Յատկանշական է, որ խմբային զբօսաշրջութեան գաղափարը 33-ամեայ քարոզիչը յղացած է՝ հարբեցողութեան դէմ պայքարի նապատակով: Ան կազմակերպած է ուղեւորութիւններ դէպի Անգլիոյ տարբեր շրջանները, պայմանով, որ մասնակիցները այդ ընթացքին ոգելից ըմպելի չօգտագործեն:

Աւելի քան 30 տարիէ ի վեր զբօսաշրջութեան տօնը կը նշուի բազմաթիւ երկրներու մէջ։ Այս օրը տեղի են կ՛ունենան զբօսաշրջութեան եւ զբօսաշրջային գործունէութեան նուիրուած հաւաքներ, տօնակատարութիւններ եւ փառատօններ[5]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]