Jump to content

Զաւէն Ռուպեան

Զաւէն Ռուպեան
Ծնած է 1914
Ծննդավայր Մարաշ
Մասնագիտութիւն ատամնաբոյժ, ջութակահար

Տոքթ. Զաւէն Ռուպեան (ծն.՝ 1914, Մարաշ), ատամնաբոյժ, ջութակահար։

Մեծ Եղեռնին, ենտանեօք դէպի Տէր Զoր աքսորուելու պահուն հրաշքով կ՝ ապաստանի հալէպ, կէս ճամբայէն փախուստ տալով։

1919-ին ընտանեօք կը վերադառնայ Մարաշ եւ ականատես կ՝ ըլլայ 1920-ի Մարաշի աղէտին։ 1922-ին Հալէպ գալով իր նավնական եւ միջնակարգ ուսումը կը ստանայ Հայ Աւետ. Վարժարանը, զոր աւարտելով իր ուումը կը շարունակէ Ալեփօ Գոլէճը։ Ապա բարձրագոյն ուսում ստանալու համար կը յաճախէ Պէյրութի Ամերիկաեն Համալսարանը, ուրկէ 1940-ին շրջանաւարտ կ՝ ըլլալ որպէս վիրաբոյժ-ատամնաբոյռ։ Կը հաստատուի Հալէպ։

Մօտէն կը հետաքդքրուի մեր ազգային կեանքով, մանաւանդ Մարաշի հայրենակցական Միութեան գործունէութեամբ որուն նախագահը կ՝ ըլլայ երկար տարիներ։ սոյն պաշտօնը կը վարէ ամենայն ձեռնհասութեամբ եւ 1961-ին կը փոխադրուի Պէյրութ։

Տոքթ. Զ. Ռուպեան պատանի հասակէն հետաքրքրուած է նուագով եւ մասնագիտացած ջութակի մէջ։ 1950-ական թուականներուն նուագած է Ասլամազեան լարային քառեակին մէջ եւ ղեկավարած այս։ Ումբը։ Նուագած է նաեւ բազմաթիւ խումբերու մէջ, իր կամաւոր ծառայութիւնը բերելով ազգային բազմաթիւ ձեռնարկներու։ Սոլիստն է եւ Հիմնագիրներէն Պէյրութի «Ժէոնէս Միւզիքալի» Սենֆոնիէթա օրքէսթրին։

Գնահատական դերեր ստացած է Վենետիկի Մխիթարեան Հայրերէն եւ Երեւանի Ռատիոժամի Տնօրէնութիւնէն։

Թէ որպէս վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ եւ թէ ջութակահար՝ Տօքթ. Զ. Ռւպեան սիրուած եւ յարգուած անձնաւորբւթիւն մըն է[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 391-392։