Jump to content

Զամայի Ճակատամարտ

Զամայի Ճակատամարտ
Պունիկեան երկրորդ պատերազմ
'
Թուական19 Հոկտեմբեր, մ.թ.ա. 202
ՎայրԶամա, Կարթագէն
ԱրդիւնքՀռոմէացիներու յաղթանակ
Կարթագէնի անկում
Հակառակորդներ
Կարթագեն Կարթագէն Հռոմ Հռոմէական Հանրապետութիւն
Հրամանատարներ
Հաննիբալ Բարկա Սկիպիոն Աֆրիկացի
Ֆաբիոս Մաքսիմոս
Կողմերու ուժեր
40,000:
36,000 Հետեւազօր
4,000 Հեծելազօր
80 Փղեր[1]
35,100:
29,000 Հետեւազօր
6,100 Հեծելազօր[1]
Կորուստներ
20,000 սպաննուած
20,000 գերի բռնուած
2,500 սպաննուած
4,000 վիրաւորուած

Զամայի ճակատամարտ, ճակատամարտ Հռոմէական Հանրապետութեան եւ Կարթագէնի միջեւ, որ տեղի ունեցած է 19 հոկտեմբեր մ.թ.ա. 202 թուականին։ Զամայի ճակատամարտը ազդարարեց Պունիկեան երկրորդ պատերազմի աւարտը։ Հռոմէական ուժերը կը գլխաւորէր Սկիպիոն Ափրիկէցին, իսկ Կարթագէնական զօրքերու հրամանատարն էր հին աշխարհի նշանաւոր զօրավար Հաննիպալ Բարկան։

Չնայած անոր, որ Հաննիպալի զօրքերը կը գերազանցէին Հոմէական լեգէոներներուն, սակայն Սկիպիոնը կրցաւ շփոթեցնել Հաննիպալին եւ յաղթել Զամայի ճակատամարտին։ Զամայի ճակատամարտը նաեւ կը համարուի Հաննիպալի միակ ռազմական պարտութիւնը։

Ճակատամարտէն ետք, Կարթագէնի ծերակոյտը վճռեց խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Հռոմէական Հանրապետութեան հետ։ Սակայն Հռոմի թելադրած պայմանները նուաստացուցիչ էին Կարթագէնի եւ Հաննիպալի համար։ Ի վերջոյ Կարթագէնի եւ Հռոմի միջեւ կնքուեցաւ պայմանագիր, ըստ որուն աւարտեցաւ 17 տարի տեւած Պունիկեան պատերազմը։

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սկիպիոս Ափրիկէցի
Հաննիպալ Բարկա

Անցնելով Ալպեան լեռները` Հաննիպալի բանակը իջաւ Պօ գետի հովիտը. հոս ապրող գալլերը, որոնք Հռոմի վաղեմի թշնամիներն էին, ուրախութեամբ միացան Հաննիպալի բանակին: մ.թ.ա. 218-ին սկսաւ Պունիկեան երկրորդ պատերազմը:

Հռոմէական զօրքերը կը պատրաստուէին յարձակիլ Հաննիպալի վրայ Սպանիոյ մէջ, սակայն իմանալով Հաննիպալի բանակի ներխուժման մասին, շտապեցին Հիւսիսային Իտալիա` անոր ընդառաջ։ Անկէ առաջ, Սկիպիոնը ինքը որոշած էր նախայարձակ ըլլալ Կարթագէնի վրայ, սակայն չէր կրնար ծերակոյտի համաձայնութիւնը ստանալ։

Քանի մը ճակատամարտի մէջ Հաննիպալը ջախջախեց հռոմէական լեգէոներները եւ ներխուժեց Միջին Իտալիա։ Մ.թ.ա. 216 թուականին Կաննէ գիւղին մօտ տեղի ունեցաւ ճակատամարտ[2][3], ուր Հաննիպալի զօրքերը ջախջախեցին հռոմէական լեգէոներները։

Պարտութենէն ետք հռոմէացիները արագ ուշքի եկան եւ նոր բանակ կազմեցին։ Ծերակոյտը դիկտատոր նշանակեց Ֆաբիոս Մաքսիմոսին։ Մաքսիսոսը կը խուսափէր մեծ ճակատամարտներէն եւ թիկունքէն անընդհատ կը յարձակէր Հաննիպալի բանակի վրայ։

Հռոմէացիները շուտով յաղթեցին Հաննիպալի կողմը անցած իտալիկներուն եւ յոյներուն, գրաւեցին Սիրակուզան եւ ամբողջ Սիցիլիան։ Անկէ ետք հռոմէացիները իրենք յարձակեցան Կարթագէնի վրայ։ Հռոմէական լեգէոն մը, Սկիպիոնի գլխաւորութեամբ ափ իջաւ Ափրիկէի մէջ եւ սկսաւ աւերել Թունիսի շրջակայքը։ Կարթագէնի ծերակոյտը Իտալիայէն ետ կանչեց Հաննիպալ Բարկային։

Հաննիպալը թէեւ ոչ մէկ պարտութիւն չէր կրած, սակայն ստիպուած էր հեռանալ Իտալիայէն:

Սկիզբ եւ ընթացք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մ.թ.ա. 203 -ին Սկիպիոնը ափ իջաւ Ափրիկէի մէջ[4]։ Հաննիպալի զօրքերը ուղղուեցան դէպի հիւսիս-արեւմուտք, մինչ տակաւին հռոմէացիները հարաւի մէջ տեղակայուած էին։ Զօրքերը միմիանց հանդիպեցան 15 Հոկտեմբեր մ.թ.ա. 202-ին ներկայիս Թունուզ քաղաքէն 130 քմ հեռաւորութեան վրայ` Զամա քաղաքի մօտ։

Հաննիպալի բանակը բաղկացած էր 36,000 հետեւակներէ, 4,000 հեծելազօրէ եւ 80 մարտական փիղերէ, իսկ Սկիպիոնը ունէր 29,000 հետեւակային եւ 6,100 հեծելազօր[1]։

Յարձակումը սկսան հռոմէացիները։ Հռոմէական փաղանգը միաժամանակ ջախջախեց առաջին գիծին կանգնած անփորձ կարթագէնացի վարձկան հեծալազօրը եւ շարժեցաւ դէպի առաջ։ Երկրորդ գիծի վրայ կանգնած էին կարթագէնական մարտական փիղերը։ Հաննիպալը միաւորեց ետին կանգնած մնացած երեք գիծերը եւ շարժեցաւ փիղերու ետեւէն։ Փիղերուն առջեւը կանգնած էին խառն վարձկաններ եւ գալլեր, որոնք կ'ուղեւորէին փիղերը։

Սկիպիոնը եւս կեդրոնացուցած էր իր երեք գիծերը, որոնք փաղանգի տեսքով կը յարձակէին փիղերէն առջեւ կանգնած մակեդոնացիներու եւ գալլերու վրայ։ Այդ պարագային, Սկիպիոնի միակ մտահոգութիւնը մարտական փիղերն էին[5], որոնք անյաղթելի զօրքեր կը թուէին։ Փիղերը կը տապալէին առաջին գիծին կանգնած հռոմէացիները եւ Սկիպիոնը միաւորեց մնացած երկու լեգէոնները։

Հաննիպալը կը կարծէր թէ փիղերը կը տապալէին հռոմէական բանակի դիմային հատուածին մէջ կանգնածները, իսկ փիղերէն ետք կանգնած երկու գիծերը կ'ոչնչացնէին հռոմէացիները եւ պատերազմը կ'աւարտէր Հաննիպալի եւ իր զօրքի յաջողութեամբ։ Սակայն այդպէս չեղաւ։ Հռոմէացիները յաջողեցան փիղերու մէկ մասը ուղղել Կարթագէնի ուղղութեամբ։ Իսկ պատերազմի կէսերէն հռոմէացիներուն միացան նաեւ Սիցիլիայէն ժամանած հռոմէական ուժերը։

Հռոմէացիները կարողութիւնը ունեցան ջախջախել կարթագէնական զօրքերը[6]: Ընդհանուր առմամբ զոհուեցաւ 20,000 կարթագէնացի եւ մօտաւորապէս նոյնքան քանակութեամբ գերի ինկաւ։

Հռոմէացիները 2,500 զոհ տուին[7] եւ 4,000 վիրաւոր։

Մարտավարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հաննիպալի մահը

Սկիպիոնի յաղթանակէն անմիջապէս ետք, Կարթագէնը հաշտութիւն խնդրեց Հռոմէն։ Սակայն այս պայմանագիրը նման չէր Պունիկեան I պատերազմէն ետք կնքուած պայմանագիրին, որովհետեւ այս պայմանագիրի համաձայն Կարթագէնը վերածուեցաւ շարքային քաղաք-պետութեան։

Կարթագենը զրկուեցաւ նաւատորմէն եւ վճարեց չափազանց մեծ ռազմատուգանք, որ երկիրը սնանկացուց։ Հաննիպալը ստիպուած էր Կարթագէնէն փախչիլ։ Փախուստի ճանապարհին Հաննիպալը ինքնասպան կ'ըլլայ, քանի որ ան երդուած էր ողջ կեանքի ընթացքին ըլլալ հռոմէացիներու թշնամին, իսկ այս պայմանագիրը կը հակասէր այդ երդման։

Կարթագէնին յաղթելով` Հռոմը դարձաւ Միջերկրածովային ամէնազօրեղ պետութիւնը։

Քանի մը տասնամեակ ետք Կարթագէնը վերստին սկսաւ հարստանալ։ Վախնալով նոր մրցակցութենէ` հռոմէացիները յարձակեցան Կարթագէնի վրայ եւ մ.թ.ա. 146-ին, երեք տարուայ պաշարումէն ետք, կործանեցին քաղաքը։

  • Hans Delbruck, Hans Delbrück (1990)։ Warfare in antiquity։ University of Nebraska Press։ ISBN 978-0-8032-9199-7 
  • Robert F. Pennel; Ancient Rome from the earliest times down to 476 A.D; 1890
  • Theodore Ayraul Dodge (2004-03-30)։ Hannibal: A History of the Art of War Among the Carthaginians and Romans Down to the Battle of Pydna, 168 B.C., with a Detailed Account of the Second Punic War։ Da Capo Press։ ISBN 978-0-306-81362-7 
  • Polybius; The general history of Polybius, Volume 2; W. Baxter for J. Parker, 1823
  • Basil Henry Liddell Hart, Sir Basil Henry Liddell Hart (1926)։ Scipio Africanus: Greater Than Napoleon։ Greenhill Press։ ISBN 978-1-85367-132-6 
  • Paul K. Davis (2001-06-14)։ 100 Decisive Battles: From Ancient Times to the Present։ Oxford University Press, USA։ էջ 47։ ISBN 978-0-19-514366-9 

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 Lazenby, Hannibal's War, pp.220-221
  2. Liddell Hart, Basil Henry, Scipio.
  3. Bagnall, Nigel, The Punic Wars.
  4. Davis, William Stearns, Readings in Ancient History — Illustrative Extracts from the Sources, p. 79, ISBN 1-4067-4833-1
  5. Carey, Hannibal's Last Battle, p.116
  6. Goldsworth, Adrian (2006), The Fall of Carthage, The Punic Wars 265-146 BC, Phoenix, p. 304.
  7. Adrian Goldsworth, The Fall of Carthage, The Punic Wars 265-146 BC, Phoenix, 2006, page 305-307

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Պունիկյան պատերազմներ