Jump to content

Զազ (երգչուհի)

Զազ
ֆրանսերէն՝ ZAZ
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Enól
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Zaz
Ծնած է 1 Մայիս 1980(1980-05-01)[1] (45 տարեկան)
Ծննդավայր Թուր[2]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Conservatoire à rayonnement régional de Tours?
Տեսակ Երգ, փոփ երաժշտութիւն, Ժամանակակից ժողովրդական երաժշտութիւն, Ճազ և Gypsy jazz?
Մասնագիտութիւն Հեղինակ ու կատարող, ստուդիական երաժիշտ և երգչուհի
Անդամութիւն Les Enfoirés?
Կայքէջ zazofficial.com
Ստորագրութիւն

Զազ (ֆրանսերէն՝ Isabelle Geffroy, Իզապէլ Ժեֆրուա, 1 Մայիս 1980(1980-05-01)[1], Թուր[2]), ֆրանսիացի երգչուհի: Զազ յայտնի է մանաւանդ իր հիթային «Je veux» երգով, իր առաջին՝ «Zaz» ալպոմէն, որ թողարկուած է 2010 թուականին:

Ծնած է ֆրանսական Թուր քաղաքը՝ 1980 թուականին: Երգչուհիին մայրը սպանացի ուսուցչուհի եղած է, հայրը՝ ելեկտրական ընկերութեան մը մէջ աշխատող:

1985 թուականին ապագայ երգչուհին իր քրոջ եւ եղբօր հետ ընդունուած է Թուրի երաժշտանոցը, ուր յաճախած է մինչեւ 11 տարեկան։ Ան ուսումնասիրած է երաժշտութեան տեսութիւնը, նաեւ՝ ջութակ, դաշնամուր, կիթառ եւ երգչախմբային երգեցողութիւն։

1994 թուականին Զազ փոխադրուած է Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան մասը գտնուող Պորտօ քաղաքը եւ մէկ տարի հետեւած է երգեցողութեան դասերու եւ զբաղած է մարզանքով․ ընտրած է արեւելեան մարզաձեւը եւ արհեստավարժ մարզիչի մը հետ պարապած է քունկ ֆու:

2000 թուականին տեղի մարզպետարանէն Զազ կրթաթոշակ կը շահի, որ իրեն կարելիութիւն կու տայ դառնալ ժամանակակից երաժշտութեան դպրոցի անդամ՝ Պորտոյի երաժշտական գործունեութէան եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ:

Անոր երաժշտական հետաքրքրութիւններուն մէջ կը մտնէին Վիվալտիի «Տարուայ չորս եղանակները», ճազ երգիչներու կատարումները, ինչպէս նաեւ ափրիկեան, լատինական եւ քուպայական կշռոյթները:

2006 թուականին երգչուհին փոխադրուած է Փարիզ։

Ան եղած է «Իզար-Ատաթց» խումբի երգիչներէն մին: Այս բազմանդամ խումբը կազմուած էր տասնվեց հոգիէ, որոնց հետ ան երկու տարի մասնակցած է շրջագայութիւններու։

2011 թուականին Զազ յաղթած է «Եւրոպան առանց սահմաններու» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ: Այդ մրցանակաբաշխութիւնը ամէն տարի ի յայտ կը բերէ տասն զարգացող երգիչներ կամ խումբեր, որոնք նախորդ տարիներուն ընթացքին իրենց թողարկած միջազգային ալպոմներով գրաւած են բազմաթիւ հանդիսականներ։

2010 թուականին ֆրանսական «Տելեմա» ամսագիրը յայտարարած է հետեւեալը.

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին լուր մը տարածուած է, որ Զազը անզուգական ձայն ունի եւ ան պիտի ըլլայ ամրան բացայայտումը։


2010 թուականին Զազ թողարկած է իր առաջին ալպոմը, որ կ՚ընդգրկէ իր իսկ գրած եւ համատեղ կազմած երգերը: Նոյն տարին երգչուհին պայմանագիր կնքած է «Caramba» եւ «Sony ATV» ձայնագրման սթուտիոներուն հետ՝ իր հիւրախաղերը կազմակերպելու համար:

Շուտով երգչուհին հրաւիրած են հեռատեսիլային եւ ձայնասփիւռային ելոյթներու, որոնք աւելցուցած է անոր ճանաչումը: Զայն կոչած են ֆրանսացի այն արուեստագէտը, որուն երգերը արտասահմանի մէջ 2010 թուականին ամենէն շատ հնչած են եւ այդ նոյն տարին ալ, ըստ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, ան ճանչցուած է որպէս 2010 թուականի ամենայայտնի ֆրանսացի երգչուհին[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 FemBio տվյալների շտեմարան
  2. 2,0 2,1 2,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #141800089 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  3. «ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԵՐԳՉՈՒՀԻ ԶԱԶ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-06-28