Jump to content

Եփեսոսի Գ. Տիեզերական Ժողով

Եփեսոսի Գ. տիեզերական ժողով, քրիստոնեայ եկեղեցուոյ տիեզերական ժողով, գումարուած՝ 22 Յունիս 431-ին, բիւզանդական Թէոդոսիոս Բ. Փոքր կայսեր հրամանով, Եփեսոս քաղաքին մէջ։

Ժողովը կը գումարուի 200 Հայրապետներու մասնակցութեամբ եւ կը քննէ Նեստորի վարդապետութիւնը Քրիստոսի բնութեան` աստուածութեան եւ մարդեղութեան մասին: Ի մասնաւորի այն բաժինը, որուն ընդմէջէն Քրիստոսի մէջ երկու անջատ բնութիւններ ըմբռնած էր` մարդկային եւ աստուածային:

Տիեզերական Գ. ժողովը Նեստորի վարդապետութիւնը իբրեւ հերետիկոսութիւն եւ կը հաստատէ Քրիստոսի երկու բնութիւններու միութիւնը իբրեւ ուղղափառ վարդապետութիւն:

Հայ առաքելական եկեղեցին գործնապէս չէ կրցած մասնակցիլ Տիեզերական Գ. ժողովին, սակայն Աշտիշատի ժողովին (435 ) Ս. Սահակ հայրապետին նախագահութեամբ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Հայ եկեղեցւոյ հայրերուն մասնակցութեամբ, նախորդ երկու Տիեզերական ժողովներուն հետ միասին կը քննէ եւ կ'ընդունի ժողովին հեղինակութիւնն ու արդիւնքները՝ կանոններն ու որոշումները:

430-ին երկու կողմերը կը դիմեն Հռոմի, նոյն թուականին Հռոմի մէջ գումարուած ժողովին Կղեստիանոս պապը՝ իբրեւ Կիւրեղ Ալեքսանդրացիի կողմնակից, կը սպառնայ բանադրել Նեստորը։ Անկէ ետք Կիւրեղ Ալեքսանդրացին Ալեքսանդրիոյ մէջ ժողով մը կը գումարէ, դատապարտելով Նեստորը եւ ժողովի որոշումին կը կցէ իր նշանաւոր 12 նզովքները։ Անոր պատասխան Նեստորը կը հրապարակէ իր 12 հականզովքները։

Նեստորի կողմը կ'անցնին Անտիոքի պատրիարք Յովհաննէս Անտիոքացին, Սամոսատի Անդրէաս եւ Կիւրոսի Թէոդորետ եպիսկոպոսները։ Նշանաւոր է Թէոդորետ եպիսկոպոսի հակակիւրեղեան նամակը։ Ալեքսանդրիոյ դէմ ոտքի կանգնած է ողջ Անտիոքի դպրոցը։ Հակամարտութիւնը բոբրբոքած է եւ բիւզանդական կայսրը հրաւիրուած է տիեզերական ժողով՝ հարթելու համար Ընդհանրական եկեղեցւոյ մէջ ծագած վէճերը։

Կիւրեղ Ալեքսանդրացին, որուն կողմը անցած էր Եփեսոսի Մեմնոն եպիսկոպոսը, չսպասելով Հռոմի եւ Ասորիքի եպիսկոպոսներու ժամանելուն, բացած է ժողովը, բանադրած Նեստորին եւ անոր կողմնակիցներէն՝ որպէս «հայհոյիչ Որդւոյն Աստուծոյ Յիսուսի Քրիստոսի եւ Սուրբ Աստուածածին Մարիմայ»։ Մի քանի օր ետք, 26 Յունիսին, տեղ հասած է Յովհաննէս Անտիոքացին Ասորիքի 34 եպիսկոպոսներու հետ, տեղի ունեցած ժողովը յայտարարած է անօրինական. գումարած առանձին ժողով, դատապարտած Կիւրեղ Ալեքսանդրացուն ու Մեմնոնին եւ իր որոշումն ուղարկած Թէոդոսիոս Բ. կայսեր։ Կայսրը թուղթով մը ընդունած է երկու ժողովներու վճիռներն ալ եւ աթոռներէն զրկած ե՛ւ Նեստորը եւ Կիւրեղը, ինչպէս նաեւ՝ Եփեսոսի եպիսկոպոս Մեմնոնին։ Սակայն Կիւրեղի կողմնակիցները, չհամաձայնելով այդ որոշման հետ եւ վստահ իրենց յաղթանակին, ստիպած են կայսրին վերանայիլ իր վճիռը։ Կայսրի վերջնական որոշումին վրայ ազդած է Կիւրեղի կողմնակիցներու հզօրութիւնը, նաեւ այն, որ Հռոմն այդ ժամանակ կողմն էր Կիւրեղ Ալեքսանդրացուն եւ յանձնարարած էր բանադրել Նեստորին։ Թեոդոսիոս II-ը ի վերջոյ ընդունած է Կիւրեղ Ալեքսանդրացու նախագահած ժողովի որոշումները: Ան հռչակած է տիեզերական, աքսորած Նեստորին, իսկ Կիւրեղին եւ Մեմնոնին կրկին բազմեցրած իրենց աթոռներէն։

Եփեսոսի Գ. տիեզերական ժողովը Հաւատոյ նոր հանգանակ չի հաստատեր, այլ հաւանութիւն կու տայ Կիւրեղ Ալեքսանդրացիի նզովքներուն՝ իբրեւ հաւատքի սահման եւ ուղղափառ դաւանանք։

Ժողովին որոշումները ընդհանրապէս անտիոքեան աստուածաբանութեան մերժումն էին, քան սոսկ Նեստորի վարդապետութեան դատապարտումը։

Քրիստոս Որդին Աստուած է ըստ բնութեան, թէեւ եղաւ մարդ, սակայն կը գործեն միաւորուած երկու բնութիւնները։ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները գոյութիւն չունին առանձին-առանձին, այլ միաւորուած են Աստուծոյ Բանին, անշփոթ, անխառն, անփոփոխ եւ անայլայլելի ձեւով։ Ոչ թէ երկու որդի եւ երկու Քրիստոս, մէկը՝ շնորհիւ որդեգրութեան՝ Աստուած, ճշմարիտ եւ երկրպագելի, միւսը՝ ծնունդով մարդ, ոչ երկրպագելի, ոչ թէ երկու առանձին, իրարմէ անջատ բնութիւններ, այլ՝ Աստուածամարդ՝ բնութիւններու անշփոթ եւ անբաժանելի միաւորութեամբ. մէկ Տէր, մէկ Յիսուս, մէկ դէմք եւ միացեալ աստուածամարդկային բնութիւն։

Ս. Կոյս Մարիամն Աստուածածին է եւ ոչ թէ սոսկ մարդածին ու Քրիստոսածին (հակառակ Նեստորի), որովհետեւ ան ոչ թէ սկզբնաւորած Աստոածազգեստ մարդը, այլ՝ ծնած Մարմնացեալ Բանը, այսինքն՝ մարդու կերպարանք տուած է յաւիտենութենէն առաջ ծնած Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուսին։

Ժողովը ընդունած է վեց կանոն՝ բոլորն ալ ուղղուած Նեստորի եւ անոր համախոհներուն դէմ։ Կանոնները արգիլած են ոեւէ մէկ հոգեւորականի հետ հաղորդակցութիւն ունենալ կամ քարոզել նեստորականներու գրուածքներ, հակառակ պարագային, օրինազանցներուն կը սպառնար աստիճանազրկում եւ եկեղեցիէն արտաքսում։

Եփեսոսի Գ. Տիեզերական Ժողովը եւ Հայոց եկեղեցին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ եկեղեցին չի մասնակցիր Եփեսոսի Գ. տիեզերական ժողովին, սակայն նախորդ երկու տիեզերական ժողովներուն հետ միասին ընդունած է անոր տիեզերական հեղինակութիւնը։ Կորիւնի, Մովսէս Խորենացիի վկայութեամբ, Հայոց Սահակ Ա. Պարթեւ կաթողիկոսը եւ Մեսրոպ Մաշտոցը 435-ին, Աշտիշատի ժողովին մէջ ընդունած են Եփեսոսի Գ. տիեզերական ժողովի 6 կանոններն ու որոշումները, որոնք Եփեսոսէն բերած էին Սահակ Ա. Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտները՝ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան օրինակի հետ միասին:

Հայ եկեղեցին Եփեսոսի Գ. տիեզերական ժողովի եւ 200 հայրապետներու յիշատակը կը տօնուի Վարդավառի հինգերորդ Կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը կամ Վարդավառին յաջորդող առաջին Շաբաթ օրը՝ Օգոստոս ամսուն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։