Jump to content

Երուանդ Մանուէլեան

Երուանդ Մանուէլեան
Ծնած է 1872[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 1949[1]
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Կրթութիւն Փարիզի ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ[1]
Մասնագիտութիւն մանրէաբան, հանրային գործիչ
Կոչում թղթակից անդամ[1]
Աշխատավայր Saint Petersburg Pasteur Institute?[1]
Անդամակցութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[1]

Երուանդ Մանուէլեան (1872[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 1949[1], Փարիզ, Ֆրանսա[1]), հայ մանրէաբան, հասարակական գործիչ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոլիս: Երկրորդական ուսումը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, 1886-91: Պատանեկան տարիներուն, հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է գիտութեան հանդէպ եւ երազած է դառնալ գիւտարար եւ անուանի գիտնական:

1892-93 տարիներուն ուսանած է ֆրանսայի Մոնփելիէ քաղաքի բժշկական համալսարանին մէջ:

1893-96 ուսանած է Փարիզի Համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ եւ ստացած է բժշկական վկայական:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1896-1902 աշխատած է նոյն հաստատութեան հիւսուածաբանութեան բաժնին մէջ, ուր աշխատած  է նեարդային համակարգի հիւսուածքներու ուսումնասիրութեամբ:

1902-ին եւ 1905-1909, վարած է Փարիզի համալսարանի բժշկական հիմնարկի  հիւսուածաբանութեան եւ մանրէաբանութեան դասընթացները:

1909-ին վարած է Փարիզի հիւանդանոցի կազմախօսութեան ամպիոնի գործնական դասընթացը:

24 Ապրիլ 1922-ին, Փարիզի Գիտութեանց Ակադեմիային ներկայացուցած է «Հիւսուածաբանական-մանրէաբանական հետազօտութիւններ. Ընդհանուր անդամալուծութիւն, Թրիփոնիմ մանրէի գոյութիւնը ուղեղային կեղեւի ջղային բջիջներուն խորշանիւթին (cytoplasm)   մէջ»  ուսուՄնասիրութիւնը:

1923-ին յայտնաբերած է կատաղութեան հիւանդութեան ժահրը, օգտագործելով իր հնարած՝ բջիջները եւ մանրէները գունաւորելու նորագոյն թեքնիքը:

27 Դեկտեմբեր 1926-ին, Փարիզի Գիտութեանց Ակադեմիային ներկայացուցած է «Ախտաբանական անդամալծութիւն. ինչէ՞ն յառաջ կու գայ լորձունքին ժահրոտութիւնը՝ կատաղութենէ բռնուած անասուններուն մօտ» շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը:

25 Ապրիլ 1927-ին, արտասանած է իր կատաղութեան հիւանդութեան ժահրի մասին «Կատաղութեան Միջազգային Համագումար»-ին  որ տեղի ունեցած է Փարիզի Փասթէօրեան հիմնարկին մէջ, մեծ գիտնականներու ներկայութեան:

Ամբողջ 46 տարի՝ 1902-1948, յարատեւութեամբ աշխատած է Փարիզի Լ. Փասթէօրի անուան հիմնարկին մէջ, իբրեւ ախտաբանական հիւսուածաբանութեան եւ մանրէաբանութեան հիմնարկի վարիչ: Նոյն տարիներուն նոյն հաստատութեան մէջ եղած է գործնական դասընթացի ղեկավարը:

Կատաղութեան ժահրի եւ նեարդային համակարգի վրայ աշխատած է 25 տարի Մասնագիտացած է կատաղութեան հիւանդութեան մէջ:

Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան Փասթէօրեան հաստատութեան մէջ աշխատած է մայր երակի (aorta) խոցերուն, պրկախտի (tetanus), կատաղութեան (rabies) եւ ջղային բջիջներուն ախտաբանական մասնայատուկ երեւոյթներու վրայ: Ան կատարած է նաեւ մայր երակի տորորումին (aneurism) ախտաբանական անդամազննութիւնը:

Ան եղած է անզուգական բժշկական թեքնիկագէտ մը: Յաջողած է բժշկագիտութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երեւան հանել մարմնի հիւսուածքներուն տրփախտի (syphilis) spirochid մանրէն, օգտագործելով գունաւորելու նորագոյն եւ լաւագոյն թեքնիքը:

Հեղինակն է շուրջ 100 գիտական աշխատասիրութիւններու, որոնք կը վերաբերին կեդրոնական նեարդային համակարգի եւ ախտաբանական հիւսուածաբանութեան հետ առնչուող հիւանդութիւններու:

Եղած է հմուտ, բազմաբեղուն գիտնական, նաեւ հմուտ կազմակերպիչ եւ մանկավարժ: Ան նշանաւոր է իր բծախնդրութեամբ, ինքնագործութեամբ եւ կատարելագործութեամբ: Ան իր պատանեկան երազը իրականացուցած է, շնորհիւ իր բնածին տաղանդին, անվհատ աշխատանքին եւ ինքնավստահութեան: Ան իր օրերուն դարձած է մեծ հեղինակութիւն վայելող բժիշկ եւ գիտական՝ աշխարհին մէջ:

Փարիզի «Անահիտ» պարբերաթերթը օրին անդրադարձա[2]ծ է բժիշկ Երուանդ Մանուէլեանի արժէքներուն եւ անոր կատարած գիւտերուն: «Անահիտ»-ին մէջ տեղ գտած են բժիշկ Երուանդ Մանուելեանի մասին ֆրանսացի երեք մեծ բժշկական հեղինակներու` Dr. Pierre Seguin-ի, Dr. Arnold Netter-ի, Dr. A. Brindeau-ի  գնահատական յօդուածները:

Հոն յիշատակուած է նաեւ բժիշկ Երուանդ Մանուէլեանի ուսումնասիրութիւններուն ցուցակը:

Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան եղած է նաեւ հասարակական գործիչ: Օգնութեան հասած է Թուրքիոյ եւ Փարիզի հայութեան եւ իր միջոցներով անոնց հասցուցած է անհրաժեշտ հումք եւ պիտոյք:

Անձամբ պատրաստած է «Ծաղիկ»-ի պատուաստ եւ բուժիչ շիճուկ, որոնք դրած է հայութեան տրամադրութեան տակ:

Եղած է Ֆրանսայի մանրէաբաններու միջազգային ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Փարիզի հայ բժիշկներու ընկերակցութեան անդամ:

Զբաղած է նաեւ գրական աշխատանքով եւ ստեղծագործութիւններով:

1948-ին, Փարիզի մէջ լոյս տեսած է բժիշկ Երուանդ Մանուէլեանի «Ստուերներ եւ լոյսեր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

Ան մահացած է 1948-ին, Փարիզի մէջ:

Բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան 1900-1901 արժանացած է Փարիզի Համալսարանի բժշկական հիմնարկի դափնեկիրի կոչման մրցանակին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Անահիտ», հանդէս մտածման եւ արուեստի, բժիշկ Երուանդ Մանուէլեան, Մարտ-Ապրիլ, 1930, Փարիզ:
  2. Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, Հայազգի բժիշկ-գործիչներ, Երեւան, 2020: