Երկիր (թերթ)
«Երկիր», հասարակական-քաղաքական, տնտեսական եւ գրական շաբաթաթերթ, Հնչակեան կուսակցութեան օրգան։ Հրատարակուած է Ադաբազարի եւ Կ. Պոլսոյ մէջ, 1910-1911-ին։
Արտօնատէր՝ Մ. Թէրզեան, խմբագիրներ՝ Ասօ (Տ. Օտեան), Ա. Կէնճեան, Բանուոր (Ե. Թոփուզեան)։
Քարոզած է ցարիզմի եւ թուրքական բռնատիրութեան դէմ ազգային յեղափոխութեան գաղափարը։ Քննադատած է «Հայաստանն առանց հայերի» ռուսական յետադիմական քաղաքականութիւնը, հանդէս եկած է յօգուտ Օսմանեան կայսրութեան կազմի մէջ մտնող ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան իրաւունքի, դատապարտած երիտթուրքական կառավարութեան հակահայկական ձեռնարկումները, մասնաւորապէս՝ հայ գիւղացիութեան հողազրկման ասպարէզին մէջ։ «Երկիր» ժողովուրդի տնտեսական ինքնուրոյնութենէն բխեցուցած է քաղաքական անկախութիւնը, անդրադարձած է հայաբնակ գաւառներու տնտեսական եւ հասարակական կացութեան, մասամբ՝ քաղաքներու բանուորութեան հետաքրքրող խնդիրներուն։Յեղափոխական պայքարի քարոզին զուգընթաց միամտօրէն ակնկալած է Օսմանեան կայսրութեան վերածնուիլը «նորագոյն պետութեան, ուր տիրեր բաղկացուցիչ ազգերի հաւասարութիւնը եւ եղբայրակցութիւնը»։
Տպագրութիւնը վերսկսած է 1919-1922 թուականներուն։ Խմբագիրներ՝ Վ․ Զէյթունցեան, Տ․ Գալճեան, Է․ Չոփուրեան։ Արտացոլած է Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական իրավիճակը, յոյն-թրքական պատերազմը, Կիլիկիոյ ու Զմիւռնիոյ դէպքերը, Կ․ Պոլսոյ հայութեան արտագաղթը, քննադատած արեւմտեան երկիրներու դիւանագիտութիւնը։ «Երկիր»-ը ողջունած է սովետական կարգերու հաստատումը Հայաստանի մէջ, օգնած ամրապնդելու գաղութի կապը հայրենիքի հետ, հանդէս եկած է դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան դէմ։ Տպագրած է Վլատիմիր Իլիչ Լենինի ճառը Սովետներու 9-րդ համագումարին, «Մարտնչող մատերիալիզմի մասին» յօդուածը, նիւթեր Անդրկովկասի Ֆետերացիայի կազմաւորման վերաբերեալ, հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ, թարգմանութիւններ։
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |