Jump to content

Երիտասարդ ընթերցողը

Երիտասարդ ընթերցողը
Երիտասարդ ընթերցողը
տեսակ Գեղանկար
նկարիչ Ժան Օնորէ Ֆրակոնար
տարի 1772
բարձրութիւն 81,1 սանթիմեթր
լայնութիւն 64,8 սանթիմեթր
ստեղծման վայր Փարիզ
ստեղծման երկիր  Ֆրանսա
ուղղութիւն ռոքոքքօո
ժանր դիմապատկեր եւ կենցաղային ժանր
նիւթ իւղաներկ եւ կտաւ
գտնվում Է Արվեստի ազգային պատկերասրահ?
հաւաքածոյ Արուեստի ազգային պատկերասրահ
սեփականատեր Guillaume Dubarry?
հիմնական թեմա Աստուածամայրն ու Որդին
կայք
A Young Girl Reading by Jean-Honoré Fragonard Ուիքիպահեստում

Երիտասարդ ընթերցողը (ֆրանսերէն՝ La Liseuse), Ժան Օնորէ Ֆրակոնարի նկարը, որը նկարուեր է մօտաւորապէս 1769-ին: Կը պատկանի «Արտասովոր դիմանկարներ» (figures de fantaisie) շարքին[1]՝ արտասովոր համազգեստներով կերպարներ, որոնք նկարուած են ազատ վրձնահարուածներու եղանակով:

Նկարին մէջ պատկերուած է դեղին կիտրոնի երանգով, սպիտակ նուրբ փոթօձիք հագուստով անծանօթ աղջիկ մը, որ նստած է կիսադէմ՝ յենուած մեծ, պատին յենած բարձին: Ձախ ձեռքը հանգիստ դրուած է արմնակալին վրայ, իսկ աջ ձեռքին կայ փոքրիկ գիրք մը: Մազերը մանիշակագոյն ժապաւէնով հաւաքուած են շինիոնի մէջ։ Դէմքն ու հագուստը լուսաւորուած են առջեւէն, պատին աջ կողմը կ'երեւի ստուերը: Դէմքին վարդագոյն երանգները իրեն կու տան վայելուչ նրբութիւն մը: Ֆրակոնար սեւեռուն ուշադրութիւն դարձուցած է աղջկան դէմքին, սակայն զգեստն ու բարձը դիտաւորեալ նկարուած են անփոյթ վրձնահարուածներով, իսկ փոթօձիքը ուրուագծուած է վրձինի ծայրով:

Հաւանաբար երիտասարդ ընթերցողը կը մարմնաւորէ կանացի բնութեան բնական էութիւնը: Ֆոնի մութ պատը հերոսուհիին հետ կը ստեղծէ խոր հակադրութիւն մը՝ ընդգծելով իր կոր մասերը եւ ուրուագիծերը, իսկ շինիոնը եւ երկարաւուն փոթօձիք պարանոցը կ'ուժեղացնեն կերպարին կանացիութիւնը: Արդեօ՞ք աղջիկը կը կարդայ զուարճանքի կամ կրթական նպատակներով, կը մնայ անհասկանալի, քանի որ գիրքին բնագիրը պայմանական է:

Կառուցուածքը եւ տեսարանին տարածքը կը ձեւաւորուին արմնակալին հորիզոնական եւ պատին ուղղաձիգ գիծերով: Զգացումներն ու տրամադրութիւնը կը փոխանցուին գունային լուծումներով: Ֆրակոնար ռոքոքոյի համար օգտագործած է բնատիպ գունային կամմա՝ մեղմ, քնքոյշ երանգներով եւ ոսկեգոյն նրբերանգներով, որ թոյլ կու տայ ստեղծել ջերմութեան, հանդարտութեան եւ զգացմունքային մթնոլորտ մը: Կտաւին կեդրոնը տիրող դեղինը իբրեւ կապ կը ծառայէ յօրինուածքին տարրերուն եւ կառուցուածքին միջեւ վրձինի ազատ եւ վառվռուն պատկերուած հարուածները, զգեստի ընդգծուած ծալուածքները կը կեդրոնացնեն դիտորդին ուշադրութիւնը կերպարին վրայ։ Առջեւի եւ ետեւի մասերուն համար օգտագործուած վրձինի հարուածներու տարբեր թեքնիքները կ'ուժեղացնեն կտաւին խորութիւնը[2]:

Աշխատանքը կը պատկանի աւելի շուտ ժանրային գեղանկարչութեան, քան դիմապատկերին, եւ անյայտ կը մնան ինչպէս իր նկարելու հանգամանքները, այնպէս ալ պատկերուած կնոջ իրական ըլլալը[3]: Պատկերին ճառագայթային գործիքով նկարագրութիւնը ցոյց տուած է, որ աղջկան գլուխը պատկերուած է սկզբնական տարբերակին վերը, ուր ան կը նայի դիտորդին[4]:

Ակադեմիական աշխատանք մը չըլլալով հանդերձ՝ պատկերը հաւանաբար անցած է քանի մը ֆրանսացի հաւաքիչներու եւ արուեստի ստեղծագործութեան առեւտրականներու ձեռքէն: Երբեմնի արժանահաւատ սեփականատէրերէն մէկը եղած է՝ Թէոտոր Թիւֆիէ (Théodore Tuffier), յայտնի ֆրանսացի վիրաբոյժ։ Մօտաւորապէս 1930-ին պատկերը գտնուած է ԱՄՆ-ի մէջ՝ McCann Erickson գովազդային գործակալութեան հիմնադիր Ալֆրէտ Էրիքսոնի հաւաքածոյին մէջ։ Անոր մահէն ետք՝ 1936-ին, պատկերը ժառանգած է իր կինը՝ Աննա Էտիթ Մաքքան Էրիքսոնը: Աննայի մահէն ետք՝ 1961-ին Ալիսա Մելոն Պրիւսի (ամերիկացի միլիոնատէր Էնտրու Մելոնի բարձրաշխարհիկ դուստրը, որ յայտնի էր շարք մը թանգարաններու բազմաթիւ նուիրատուութիւններով) նիւթական աջակցութեամբ պատկերը ձեռք բերած է Արուեստի ազգային պատկերասրահը (Ուաշինկթըն)[5]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Southgate, M. Therese The Art of Jama II: Covers and Essays from the Journal of the American Medical Association. — AMA Bookstore, 2001. — С. 70. — ISBN 1-57947-159-5
  2. «Young Girl Reading»։ www.nga.gov։ արտագրուած է՝ 2017-12-13 
  3. Art Object Page
  4. Bailey, Colin B. The Age of Watteau, Chardin, and Fragonard: Masterpieces of French Genre Painting. — Yale University Press, 2003. — С. 286—287. — ISBN 0-300-09946-0
  5. Bergman-Carton, Janis The Woman of Ideas in French Art, 1830-1848. — Yale University Press, 1995. — С. xi. — ISBN 0-300-05380-0