Երանիները (Լերան Քարոզը)
Ութ «Երանի»ները, ութ ճշմարտութիւններ կը յայտնեն: Անոնք նաեւ կը յայտնեն, թէ որոնք երկինքի արքայութեան ժառանգորդները պիտի ըլլան: Երանիներու շարքը երկինքի քաղաքացիները ըլլալու պայմանները կը յայտարարէ: Անոնք ունին նոյն կազմը: Յիսուս երանիները ժողովուրդին կը փոխանձէ Արամերէնով, որովհետեւ այդ օրերուն Արամերէն կը խօսէին մարդիկ:
Բնութագրում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երանիները պարզ հրամայական ոճով ըսուած խօսքեր չեն: Երանելին այն անձն է, որ անպայման պիտի մտնէ երկինքի արքայութիւնը եւ իր վարձատրութիւնը պիտի ստանայ հոն: Երանելին այն անձը չէ, որ պիտի մտնէ արքայութիւն, այլ անիկա արդէն իսկ մտած է արքայութիւն: Երանի բառը յատուկ է, Յունարէնով «Makarios» բառն է, որ կը նկարագրէ աստուածներ, քրիստոնէութեան մէջ այս բառը կը բացատրուի «աստուածավայել ուրախութիւն» իմաստով:
«Երանի»ները կը խօսին ուրախութեան մասին, ուր մարդը կը գտնեն իր ցաւին, ուրախութեան, տխրութեան եւ կորուստին մէջ եւ իրեն կը յիշեցնեն Յիսուսի խօսքերը,
անոր աստուածային ուժ մը ներշնչելով: Այս երանիները, որոնց մասին Քրիստոս մարդոց խօսած է, նախ Ինք մարդոց ցոյց տուած է իր կեանքին ընդմէջէն, ապա անոնց թելադրած՝ նոյնը ընելու:
Ա. Երանի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը» (Մտ. 5. 3):
Աղքատ բառը հոս Յիսուս չ'ակնարկեր այն անձերուն, որոնք նիւթապէս տագնապի մէջ են, այլ ըստ Ղուկաս 6:20-ին, ան կ'ականարկէ իր աշակերտներուն, ապա իր դիմացի ամբոխին: Ան նաեւ երանելի կը գտնէ նիւթապէս աղքատներուն մէջ ալ. հոգիով աղքատները այն անձերն են, որոնք աշխարհի կապերէն կամ կաշկանդումներէն հեռու եւ զերծ կը մնան:
Նիւթականով հարուստ անձերը չեն կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ անոնք կապուած են նիւթին եւ ոչ՝ Աստուծոյ, բայց հոգիով աղքատը այն անձն է որ նիւթականը մոռնալով կը հրաժարի անկէ եւ կը հետեւի Յիսուսի:
Հոգիով Աղքատ Երանին այն անձն է, որ ներքնապէս աղքատութիւնը կը զգայ եւ կը ջանայ լաւագոյնը ընել, որպէսզի հարստանայ Աստուծոյ տուած շնորհքով:
Այս երանին ուղղուած է ոչ թէ աշակերտներուն միայն, այլեւ եբրայեցի հոգեւոր առաջնորդներուն եւ ժողովուրդի այն խաւին, որ հոգեւոր դաստիարակութեան պակասը ունի: Յիսուս աղքատ կը կոչէ այն անձերը, որոնք իսկապէս Աստուծոյ կարօտը ունին:
Յունական բնագիրին մէջ աղքատ բառը ունի երկու իմաստ:
· Penes կը նշանակէ այդ անձը, որ կ'աշխատի ապրելու համար:
· Ptochos կը նշանակէ այդ անձը, որ բան մը չունի:
Այս երանիներուն մէջ աղքատ բառը կը նշանակէ ptochos, որ բան մը չունի եւ իր յոյսը դրած է Աստուծոյ
վրայ:
Իսկ եբրայերէն աղքատ բառը ունի չորս իմաստ, զոր հրեաները կը կոչեն (stage).
· Սովորական աղքատ,
· Աննկարագիր, կենցաղ եւ ուժ չունեցող աղքատ,
· Ազդեցութիւն չունեցող աղքատ, այսինքն՝ մարդոց կողմէ ծանրակշռուած,
· Աշխարհային նիւթ չունեցող, այսինքն՝ յոյսը դրած է Աստուծոյ վրայ:
Կարդալով Սաղմոս 34:6, 9:18, 35:10, 68:10, 72:4, 107:41, 132:15 այս բոլորին մէջ աղքատ անձը նկարագրուած է իբրեւ անօգնական եւ խոնարհ որ իր յոյսը դրած է Աստուծոյ վրայ:
Աղքատը այն անձն է, որ գիտակցութիւնը ունի, թէ իրեն համար աշխարհիկ նիւթերը ոչինչ են եւ իրեն համար ամէն ինչ Աստուած է: Նաեւ հոգիի աղքատութիւն կ'ըսուի այն անձերուն, որոնք չեն կրնար դիմագրաւել աշխարհի դժուարութիւնները եւ օգնութիւն կը խնդրեն Աստուծմէ:
Այս բոլորը գիտնալով ան արժանի կը դառնայ երկինքի արքայութեան:
Բ. Երանի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երանի սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ մխիթարութիւն պիտի գտնեն» (Մտ. 5. 4): Սգաւորը այն անձն է, որ ոչ միայն իր սեփական կարիքներուն համար զգայուն է, այլ նաեւ ուրիշներուն կարիքներուն հանդէպ եւս ի մտի ունենալով Յիսուսի ըսած մեծ պատուէրը, որն է Սէրը:
Ան տեսնելով իր շրջապատին չարիքները անոնց դարմանում մը կ&'ուզէ գտնել եւ կ&'աղօթէ, որպէսզի այդ չարիքները անհետանան:
Հին կտակարանին մէջ ծննդոց 6:5-6-ին մէջ Աստուած, երբ կը տեսնէ մարդոց չարութիւնը կը զղջայ մարդ ստեղծելուն համար. հոս կը «զղջայ» բառը կ'ակնարկէ, թէ Աստուած սգաւոր է եւ այս սգաւոր Աստուածը կ'ուզէ բնաջնջել մեղքը ջրհեղեղի միջոցաւ:
Սգաւորին վարձատրութիւնը ամբողջական պիտի ըլլայ, երբ ան երկինքի արքայութիւնը ժառանգէ:
Յունարէն բնագիրին մէջ ամէնէն զօրաւոր բառերէն մէկն է սգաւոր բառը (Mourn):
Քրիստոնէութիւն կը նշանակէ հոգատարութիւն, որովհետեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ:
Ան հոգատար կը դառնայ իր ժողովուրդին հանդէպ եւ ինչպէս Յիսուս ըսած է. «կատարեալ եղէք ինչպէս ձեր երկնաւոր հայրը կատարեալ է»: Այսինքն այն անձը, որ ուրիշին ցաւը, սուգը, տառապանքը իր ուսերուն վրայ առնելով կամ ճաշակելով կը փորձէ միասին բուժում մը գտնել, եւ այդ ցաւը անհետացնելու համար ան կ'աղօթէ:
Աստուծոյ հաւատարիմ անձերը անոնք են, որոնք հոգիով աղքատ են:
Մխիթարութիւն բառը հոս կը նշանակէ, թէ Աստուած հայր ըլլալով հանդերձ նաեւ մխիթարութեան աղբիւր մըն է:
Գ. Երանի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երանի հեզերուն, որովհետւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մտ. 5. 5):
Հեզ ըսել է խոնարհ, այսինքն՝ նկարագիրի ազնուութիւն ունեցող Տէր անձ մը հին կտակարանի մէջ կայ միակ անձ մը, որ Մովսէսն էր: Հեզութիւնը նաեւ մարդոց իրարու հանդէպ իրենց ունեցած յարաբերութիւնն է, նաեւ Աստուծոյ կողմէ ընդունելի անձ մը:
Երկիր բառը կը նշանակէ Աստուծոյ բերելիք Թագաւորութիւնը: Երկիրը ժառանգել, այսինքն՝ նոր թագաւորութեան մէջ քաղաքացի դառնալ (Սղ. 37:9-11-22-29-34):
Ժառանգորդ դառնալ այն անձերը, որոնք հեզ են, Աստուծոյ կողմէ օրհնուած են, արդար են իրենց կեանքին մէջ, բարեգործութեան գագաթնակէտին հասած անձեր, որոնք պիտի ժառանգեն նոր երկիրը:
Meek, որ յունարէն կը նշանակէ հեզ նաեւ Hupselokardia կը նշանակէ բարեսիրտ կամ հեզ սիրտ ունեցող:
Արիստոտել հեզ բառը կը սահմանէ.
- Excessive anger (orgilotes)
- Excessive angerlessness (aorgesia)
Աստուծոյ կողմէ սահմանուած կեանքին մէջ մարդը կը գտնէ իր ազատութիւնը, կեանքը եւ խաղաղութիւնը: Հեզերը անոնք են, որոնք այս յատկանիշներուն հիման վրայ իրենց կեանքը կ'ապրին, որպէսզի գալուստի օրը իրենք եւս ուրախակից դառնան եւ երկիրի ժառանգորդները համարուին:
Դ. Երանի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երանի անոնք, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»
(Մտ. 5. 6):
Այս երանին իսկութեան մէջ հարցում մըն է եւ մրցակցութիւն, այն իմաստով, թէ մարդիկ միշտ կ'ուզեն լաւութիւն ընել, սակայն անհրաժեշտ է նայիլ, թէ ամբողջ սրտով զայն կը կատարեն կամ ոչ: Յիսուս երանի կու տայ այն անձին, որ իր ամբողջ սրտով կ'ուզէ բարիք կատարել իր նմանին հանդէպ:
Հին կտակարանին մէջ Դաւիթ ունէր քաղցն ու ծարաւը տաճարը շինելու, սակայն չկարողացաւ զայն իրականացնել, բայց Աստուած տեսնելով անոր սիրտին մէջ, թէ իր բոլոր սիրտով կ'ուզէ բարիք ընել անոր կ'ըսէ. «Աղէկ որ սիրտիդ մէջ ունիս»:
Նոյնիսկ անձ մը եթէ կը ցանկայ բարութիւն կատարել եւ օրուան վերջը քաղցն ու ծարաւը ունի, ան երբեք օրհնութենէ զուրկ պիտի չի ըլլայ:
Յունական բնագրին մէջ քաղցն ու ծարաւ կը նշանակէ ամէն բանի մէջ ան ծարաւ է, ըլլա՛յ հոգեւոր, նիւթական եւ կամ ֆիզիքական:
Հոս ըսուածը հոգեւոր կարօտի փոխաբերութիւն է, արդարութեան կարօտ: Անձ մը արդար կ'ըլլայ, երբ անօրէնութենէ եւ չարիք գործելէ հեռու է եւ անմեղ: Այս տեսակի մարդիկ Աստուծոյ ծրագիրին իրականացումը կը սպասեն, այսինքն՝ նոր երկրի հաստատումը Աստուծոյ թագաւորութիւնը:Անոնք մօտենալով Յիսուսի կը տեսնեն անոր մէջ արդարութիւնը եւ իրենց քաղցն ու ծարաւը իր մօտ կը յագեցնեն:
Ե. Երանի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ. 5. 7):
Եթէ Մատթէոսի աւետարանին 6. 14-ը կարդանք, պիտի տեսնենք, թէ այդտեղ ողորմութիւնը կը հասկցուի իբրեւ բարեգործութիւնը: Սակայն, ո՞ վ է ողորմածը: Ողորմածը Աստուած Ինքն է: Այն անձը, որ կ'ուզէ Աստուծոյ նմանիլ պէտք է անպատճառ ողորմած ըլլայ: Մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս երանի կու տայ այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ պէս ողորմած են, այսինքն՝ խտրութիւն չեն դներ գոյնի, ցեղ կամ սեռի, այլ օգնութիւն կ'երկարեն ամէն մէկ մարդու: Ողորմութիւն կատարողները ողորմութիւն պիտի գտնեն նոյնինք Ողորմածէն:
Յիսուս ներումի մասին խօսելով կ'ըսէ. «Ներեցէ՛ք, որ ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզ ներէ» (Մտ. 6. 12):
Մենք ողորմածութիւնը այս նախադասութեան հետ համեմատելով կ'ըսենք. «Ողորմած եղէ՛ք, որպէսզի ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ողորմած ըլլայ ձեզի հանդէպ ահաւոր դատաստանի օրը»:
Նոր Կտակարանին բնագիրը յունարէն լեզուով է, ուստի օգտագործուած ճշգրիտ բառը իմանալու համար հարկ է դիմել բնագիրին: Նոր Ուխտին մէջ իրբեւ ողորմութիւն գործածուած է յունարէն «elee՛mon», որ նոյն իմաստը ունի:
Ողորմած մարդը այն անձն է, որ տէր կ'ըլլայ անտէրին, այցելու կ'ըլլայ լքուածին, ուրախութեան միջոց կ'ըլլայ բանտարկեալին, ընկեր կ'ըլլայ անտեսուածին, հայր կ'ըլլայ որբին...:
«Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք Աստուած պիտի տեսնեն» (Մտ. 5. 8):
Հին Կտակարանին մէջ առ հասարակ, այն շեշտն ու գաղափարը կայ, թէ Աստուած տեսնելը անկարելի է: Հին Ուխտին մէջ, Մարդը ո՛չ միայն նիւթական աչքով չի կրնար տեսնել Եհովան, այլ՝ նոյնիսկ տեսիլքի մէջ:
Աստուած սուրբ է եւ միայն սուրբ անձը կրնայ ճանչնալ զԱյն:
«Սիրտով մաքուր»ը այն անձն է, որ երբ Տիրոջ գալուստին օրը գայ, ան այնպիսի մտերմութիւն պիտի ունենայ Աստուծոյ հետ, որ ո՛չ մէկ պատուիրան զայն պիտի կրնայ բաժնել Անկէ, որովհետեւ այլեւս մեղքը պիտի դադրի:
«Մաքուր սիրտը» Յիսուսի արիւնով մեղքէն ու մեղքի սէրէն սրբուած սիրտն է:
Յունական բնագիրին մէջ katharos բառը գործածուած է մաքուր բառին փոխարէն: Անիկա կը նշանակէ «ոչխառնուած», անաղարտ, համաձուլուած:
Տուեալ երանին մարդոցմէ կը պահանջէ, որ ինքնաքննութեան ենթարկեն իրենք զիրենք:
Աստուած մարդը կը նախազգուշացնէ, որ Աստուծոյ շնորհքով իր սիրտը մաքրէ, եւ այդպիսով արժանի ըլլայ զԱստուած տեսնելու:
Զ. Երանի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ'աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիները պիտի կոչուին» (Մտ. 5. 9):
Յիսուսի ակնարկած «խաղաղութիւն»ը սովորական խաղաղութիւնը չէ, այլ՝ հոգեւոր: Այս «խաղաղութիւն»ը սովորական չէ: Յիսուսի ակնարկած «խաղաղութիւնը» կը գտնուի Յովհաննու աւետարանին 16. 33-ին մէջ:
«Խաղաղութեան հաստատումին համար կ'աշխատին» այն անձերը, որոնք Յիսուսի ճամբէն կը քալեն, Տիրոջ ոտնահետքերուն հետեւելով եւ կը մերժեն ամէն տեսակի չար եւ ձախ ճամբայ: Անոնց սրտերուն մէջ սէր կայ թէ՛ Բարձրեալին եւ թէ՛ իրենց նմանին հանդէպ: Անոնք են, որոնք իրենց մեղքերը կը դադրեցնեն, որպէսզի չվշտացնեն տիեզերքին Արարիչը: «Խաղաղութիւն հաստատող»ներ այս աշխարհի վրայ կատարուող պատերազմները կը կասեցնեն, եւ անոնց փոխարէն հոգեւոր պատերազմ կը մղեն: Մարդ
«Աստուծոյ որդի» կը կոչուի, երբ յիշեալ հոգեւոր պատերազմը մղէ: «Խաղաղութիւն հաստատող»ները, այն անձերն են, որոնք փորձութիւններուն դէմ կը պայքարին, որպէսզի զանոնք յաղթահարեն եւ ապագային անգամ մըն ալ չիյնան այդ փորձութիւններուն մէջ: «Աստուծոյ որդիներ» պիտի կոչուին այն անձերը, որոնք Աստուծոյ նման գործեր կը մշակեն (հմմտ. Հռ. 15. 33): «Խաղաղութիւն հաստատող»ները նաեւ այն անձերն են, որոնք խաղաղութիւն կը հաստատեն նոյնինքն իրենց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Խաղաղութիւնը կու գայ պատարագին մէջէն անարիւն զոհաբերութեան միջոցաւ:
Խաղաղութիւնը եբրայերէնով կը նշանակէ «shalom՜», որ ո՛չ միայն կը նշանակէ վտանգներու բացակայութիւն, այլ՝ այն ամէն ինչը, որ կը նպաստէ մարդուն բարձրագոյն բարիքին, նաեւ կը նշանակէ հաշտութիւն: Յիշեալ եբրայերէն բառը նաեւ կը նշանակէ այն անձերը, որոնք կ'աշխատին այս աշխարհը աւելի լաւ ու նպաստաւոր վայրի մը վերածելու:
Է. Երանի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երանի՜ անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը» (Մտ. 5. 10):
Յիսուս Ինքն է արդարութիւնը եւ Իր հետեւողներն են հալածուողները: Այս երանիով Յիսուս Իր հետեւորդներուն կը յայտնէ, թէ անոնք պիտի հալածուին Իր անձին համար: Յիսուսի հետեւիլ կը նշանակէ անցնիլ այն նեղ դուռնէն, որ կ'առաջնորդէ արդարութեան՝ Յիսուսին (Մտ. 7. 14):
Արդարութեան համար հալածուողները բարեպաշտները, հաւատքի վկաները եւ Աստուծոյ արդար կամքը կատարողներն են, որոնք Յիսուսը իբրեւ կողմնացոյց ունենալով կ&'առաջնորդուին դէպի արդարութեան ճանապարհ:
Յիսուս միշտ ալ անկեղծ եղած է Իր հետեւորդներուն հանդէպ եւ սկիզբէն ամէն ինչ յայտնած է անոնց:
«Հալածուիլ» կը նշանակէ ցոյց տալ Աստուծոյ հանդէպ մարդոց ունեցած անկեղծութիւնը: «Հալածուիլ» կը նշանակէ քալել այն ճամբայէն, որ մագարէները քալեցին: «Հալածուիլ» կը նշանակէ մասնակցիլ մեծ առիթին, այսնինքն՝ երկինքի արքայութեան կամ երկինքի հարսանիքին: «Հալածուիլ» կը նշանակէ թեթեւցնել այն անձերուն, որոնք եւս կը հալածուին: Սակայն հալածուողը պէտք չէ մոռնայ, թէ ինքը մինակ չէ, որովհետեւ իր կողքին ունի նոյնինքն Աստուած՝ Քրիստոս:
Ը. Երանի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երանի՜ ձեզի, երբ մարդիկ նախատեն եւ հալածեն ձեզ, կամ ստելով ձեր մասին ամէն տեսակի զրպարտութիւն ընեն Իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար: Ցնծացէ՛ք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ: Յիշեցէք, որ նոյն ձեւով հալածանքի ենթարկուեցան ձեզմէ առաջ ապրող մարգարէներն ալ» (Մտ. 5. 11-12):
Այս երանին ուղղուած է առաքեալներուն, նաեւ բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, որոնք հալածանքի, նախատինքի եւ չարչարանքներու պիտի ենթարկուին, Հին Կտակարանին մարգարէներուն նման: «Իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար» այն անձերն են, որոնք Քրիստոսի կը հետեւին եւ Զինք իբր Տէր ընդունելնուն համար կը հալածուին, եւ ո՛չ թէ պարզապէս կը հալածուին մարդոց կողմէ:
Հալածանքը փորձութիւն է, որ ո՛չ միայն կ'ամրապնդէ հաւատքը, այլեւ կը սրբէ մեղքերը, նոր առաքինութիւններ կը սերմանէ եւ անոնցմով զօրանալու առիթ կը շնորհէ:
Նեղութիւն կրել Յիսուսի սիրոյն համար, կը նշանակէ նիւթական վարձատրութիւն չ'ակնկալել: Այսինքն՝ այս աշխարհին վրայ մարդիկ նեղութիւններ կը կրեն, ո՛չ թէ նիւթական շահի համար, այլ կը հալածուին եւ նեղութիւններ կը քաշեն երկիրի մէջ, որպէսզի հանգստութիւն վայելեն երկինքի մէջ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Զարեհ Արք. Եպս. Ազնաւուրեան, ԶԱստուած Տեսնել, , Անթիլիաս, 2015:
- William Barclay, The Daily Study Bible, Mathew Volume 1, 1965:
- Մեկնութիւն Մատթէոս Աւետարանի, Թեհրան, 2015:
- Մեկնութիւն Մատթէոս Աւետարանի, Թորոնթօ, 2018:
- Շողակաթ Հեռուստատեսիլ, Մեկնութիւն Մատթէոսի Աւետարանին, Հոգշ. Տ. Ռուբէն վրդ. Զաքարեան:
- Զարեհ Արք. Ազնաւուրեան, «Սերտողութիւն Մատթէոս Աւետարանին», 1992-1993, անտիպ:
- Ներսէս Շնորհալի եւ Յովհաննէս Երզնկացի, «Մեկնութիւն Սուրբ Աւետարանին, որ ըստ Մատթէոսի», Կոստանդնուպոլիս, 1825:
- Ստեփանոս Սիւնեցի, «Մեկնութիւն Չորից Ապետարանչաց», Էջմիածին, 1997: