Եսայի Ջանփոլատեան
Եսայի Ջանփոլատեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1859 |
Մահացած է | 1918 |
Մասնագիտութիւն | հանրային գործիչ |
Եսայի Ջանփոլատեան (1859 - 1918), հայ բարերար, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ եւ վաճառական:
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Շապին Գարահիսարի Փարչի գիւղը։ 1879 թուականին աւարտած է Նախիջեւանի Գաւառային ուսումնարանը, ապա՝ փոխադրուած է Երեւան եւ սկսած է զբաղիլ վաճառականութեամբ եւ հանքագործութեամբ: Վաճառականութեան մէջ յաջող անձնաւորութիւն մը ըլլալով կրցած է հսկայական գումարներ վաստակիլ։
Պատմաբան Թադէոս Յակոբեան իր «Երեւանի պատմութիւնը» աշխատութեան մէջ գրած է.
Եսայի Ջանփոլատեանի տարեկան եկամուտը 12.000 ռուբլի է: |
Եսայի Ջանփոլատեան մեծ աշխատանք տարած է Երեւանի զարգացման մէջ: Յայտնի է որպէս Երեւանի առաջին թատրոնի հիմնադիր: 1903 թուականին գնած է Երեւանի առաջին Պետական գաւառական ուսումնարանի շէնքը, որ յետագային նորոգուելով վերածուեցաւ թատրոնի, որ յայտնի էր «Ջանփոլատեան թատրոն» անունով: Այդտեղ ելոյթ ունեցած է Կոմիտասը՝ իր Գուսան երգչախումբով: Առաջին անգամ այդտեղ ելոյթ ունեցած է Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան[1]:
Իբրեւ բարերար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յայտնի վաճառականը կատարած է բարեգործութիւններ։ Անոր նիւթական օժանդակութեամբ նորոգուած են բազմաթիւ հին եկեղեցիներ: Շինած է դպրոցներ եւ հիմնած՝ հիմնադրամներ․ թոշակ յատկացուցած է կարիքաւոր աշակերտներու, աջակցած է«Նոր Մամուլ» պարբերականին եւ «Կռան» գրակական-հասարակական ամսագրի հրատարակութեան[2]։
Մեծ Եղեռնի տարիներուն գացած է Էջմիածին, հանդիպած է գաղթականներուն հետ ու անոնց ապահոված է կացարաններ եւ տուներ, նոյնիսկ անոնցմէ մի քանիին իր տան մէջ ապաստան տալով:
Իբրեւ քաղաքական գործիչ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջանփոլատեան աշխոյժ եղած է նաեւ քաղաքական կեանքի մէջ։ 1915-1916 թուականներուն, ան ընտրուած է Համահայկական Առաջին Համագումարի պատգամաւոր եւ Ս․ Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է Համագումարի աշխատանքներուն։ Համագումարի հիմնական խնդիրներէն էր գաղթական հայերու համար օգնութիւն կազմակերպելը, որուն լիարժէք մասնակցած է Ջանփոլատեան[1]։
Պարգեւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարսկաստանի հետ կատարած իր յաջող վաճառականութեան համար 1900 թուականին Պարսկաստանի շահի կողմէ ստացած է «Առիւծ եւ արեւ» շքանշանը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ, ԵՍԱՅԻ ՋԱՆՓՈԼԱՏԵԱՆ (1859-1918)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-08-04
- ↑ «ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Եսայի Բաբայի Ջանփոլատեան (1859-1918). Մեծահարուստ գործարարի, ազգօգուտ բարերարի եւ յարգուած հասարակական գործիչի մոռցուած դէմք մը – ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2023-08-04