Jump to content

Եսայի Պզտիկեան

Եսայի Պզտիկեան
Ծնած է 1885
Ծննդավայր Ատանա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ

Պզտիկեան Եսայի, Ատանայի հին եւ ազնուական ընտանիքներէն մէկուն զաւակը, ծնած է 1885-ին, նախնական ոսումը ստացած է նախ Ատանա, ապա Տարսոնի Ամերիկեան Գոլէճը եւ Ֆրանսա, իսկ 1904-ին, Պէյրութ եկած է որպէս ուսանող՝ Ֆրանսական Բժշկական Համալսարանի։ Ուսանողական շրջանին եղած է հանրային կեանքով հետաքրքուող եւ ազգասէր երիտասարդ մը։ Իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերած է ուսանողական կեանքի գրական եւ մշակութային գործերուն։

Ծննդավայրը վերադառնալէ ետք, 1909-ին կիլիկեան ջարդերու ժամանակ Ատանայի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպութեան ղեկավարներէն եղած է, ինչ որ պատճառ հանդիսացած է Զինուորական Ատեանի կողմէ մահուան դատապարտուելուն։ Ստոյգ մահէ ազատած է անգլիական հիւպատոսին միջամտութեան շնորհիւ, անգլիական հիւպատոսարան ապաստանած ըլլալուն համար։ Ժամանակ մը ետք մահուան վճիռը վերաքննութեան ենթարկուած է եւ Պզտիկեան ազատ արձակուած։

Ատանայի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն կը մասնակցի եւ հերոսներէն կը հանդիսանայ նաեւ Պրն. Եսայի Պզտիկեանի հօրեղբօրորդին՝ Տիգրան Յ. Պզտիկեան, որ կռիւներու ընթացքին թեւէն ծանրօրէն կը վիրաւորուի։ Դէպքի վերջաւորութեան կը բանտարկուի եւ բանտէն ազատ արձակուելէն ետք Պէյրութ կուգայ վիրաբուժական գործողութեան համար։ Դժբախտաբար գործողութիւնը ձախող կ'ընթանայ եւ Տիգրան Պզտիկեան կը մեռնի Պէյրութի մէջ, 1910-ի սկիզբները։

1915-ին Ապրիլեան Եղեռնին ձերբակալուած է որպէս մտաւորական եւ աքսորուած՝ դէպի Տէր Զօր, բայց Հալէպի կուսակալին շնորհիւ ազատուած եւ Հոմս ղրկուած։

1918-1922 Ատանայի Ֆրանսական գրաւման շրջանին եղած է քաղաքի ոստիկանապետ, վարժարաններու հոգաբարձու, Քաղաքական Ժողովի, Ազգ. Միութեան եւ Ազգ. Խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ գտնուած է Դաշնակցութեան ղեկավար շրջանակին մէջ։

Արտագաղթէն յետոյ հաստատուած է Պէյրութ, ուր եղած է Ազգ. Քաղաքական Ժողովի անդամ, եւ Ատանայի Հայրուն Միութեան Ատենապետ եւ Նախագահ։

Իր նախնիներէն յիշատակութեան արժանի են Մահտեսի Աւետիք եւ Մահտեսի Կարապետ ապա Պզտիկեանները, որոնք եղած են 1828-էն մինչեւ իրենց մահը հայ կեանքի կարեւոր դէմքերէն թէ՛ որպէս քաղաքական եւ թէ տնտեսական բարձր դիրքի մարդիկ։ իրենք եղած են ի միջի այլոց բանակի հայթայթիչներ։ Կ'արժէ յիշել հետեւեալ դրուագը.

Իրենց բարեկամ Եգիպտոսի Իպրահիմ Փաշային Եգիպտոս մեկնէլեն ետք, Սուլթան Մահմուտ Կարապետ աղան Պոլիս կանչել կուտայ պատժելու համար զայն, քանի որ գործակցած էր Թուրքիոյ թշնամի Իպրահիմ Փաշային: Քանի մը ամիս Պոլիս մնալէ յետոյ, պետական շրջանակներու հետ իր լաւ յարաբերութեան շնորհիւ, բարեկամութիւններ կը հաստատէ եւ փոխանակ պատժուելու՝ դիրքի ու պատուի տիրացած կը վերադառնայ Ատանա, հետը բերելով Ատանայի Սբ. Ստեփանոս աւերակ եկեղեցիին նորոգութեան հրովարտակը: Նորոգութիւնը կը կատարէ իր սեփական ծախսով:


Յիշատակութեան արժանի է նաեւ Մահտեսի Աւետիք աղային որդին՝ Հաճի Գրիգոր աղա Պզտիկեանը, որ 1878Ռուս-Թրքական պատերազմի օսմանական երեսփոխան կ'ընտրուի եւ կը մեկնի Պոլիս։ Երեսփոխանական ժողովի մէկ նիստին, պատերազմի հետ առնչութիւն ունեցող մէկ կարեւոր հարցի շուրջ իր կարծիքը կը հարցուի։ Պզտիկօղլու շատ նեղ կացութեան մը կը մատնուի, մանաւանդ չուզեր «այո» կամ «ոչ» ըսել։ Սակայն որպէս բանիմաց մարդ, կը գտնէ բանաձեւ մը, որ ո՛չ «այո» ըսել է եւ ոչ ալ ժխտական. «ինչ որ պիտի ըլլայ, ան կ'ըլլայ»: Եւ այսպիսով զերծ կը մնայ կասկածելի մէկը նկատուելէ։

Ահաւասիկ ընտանիք մը, որ 150 տարիէ ի վեր եղած է մեր ազգային կեանքով հետաքրքրուող գերդաստան մը, ազգին տալով ղեկավար անհատներ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 381։