Ենովք Եղիսէեան


Ծնած է 1912
Ծննդավայր Գըրշէհիր
Ազգութիւն հայ
Կրօնք քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն վիրաբուժ-ատամնաբուժ

Ենովք եղիսէեան (1912, Գըրշէհիր - ․․․ ), վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ։

Ծնած է Գըրշէհիր 1912-ին, Կիւրինցի ծնողքէ: Նախնական ուսումը առած է Ատանայի հայկական վարժարաններուն մէջ։ Կիլիկիոյ պարպումէն վերջ իր ընտանեկան պարագաներուն հետ կը հաստատուի Պէյրութ : Կը սկսի յաճախել քաղաքին Ֆրէրներու դպրոցը, ապա Միսիոն Լայք:

Ընթացաւարտ եղած է 1931-ին: Ուսանելով հանդերձ կը զբաղի ատամնաբուժութեամբ: Հանրային առողջութեան տնօրէնութենէն կը ստանայ իր արուեստը ի գործ դնելու արտօնագիրը: Շահած դրամը ի սպաս կը դնէ իր ուսման: Շնորհիւ իր ջանասիրութեան՝ վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ տիտղոսով կը ստանայ իր վկայականը ֆրանսական համալսարանէն։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]