Եկեղեցի Հայաստանեաց

Եկեղեցի Հայաստանեաց, կրօնական եւ աստուածաբանական հանդէս։ Հրատարակուած է 1888 թուականին (Կոստանդնուպոլիս, շաբաթաթերթ) եւ 1900-1901 թուականներուն (Մանչեստր, ամսագիր)։ Խմբագիր՝ Թ․ Զուղայեցի (Իսահակեան)։ Տպագրած է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան, մեկնաբանութեան եւ ուսուցման նուիրուած նիւթեր, յօդուածներ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, օրէնքներու, ծէսերու եւ արարողութիւններու վերաբերեալ, կենսագրական տուեալներ միջնադարի հայ մատենագիրներու (Յովհաննէս Որոտնեցի, Գրիգոր Տաթեւացի եւ այլն) մասին։ «Եկեղեցի Հայաստանեաց» անդրադարձած է նաեւ հայերէն ձեռագրերու պատմութեան, պատասխանած կրօնական խնդիրներու շուրջ ընթերցողներու հարցերուն։ 1901-ին լոյս տեսած է «Հայ եկեղեցի» անունով։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։