Jump to content

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ, տիեզերական միջազգային կազմակերպութիւն է, որ հիմնադրուած է 23 օգոստոս 1948-ին Ամսթերտամի մէջ։ անոր կազմին մէջ մտած են 350 քրիստոնէական եկեղեցիներ աւելի քան 100 երկիրներէն։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը կը ներկայացնէ է մօտաւորապէս 400մլն քրիստոնեայ համայնք։

ԵՀԽ-ի աշխատանքը կը ֆինանսաւորուի եկեղեցիներու անդամներուն կողմէ, եկեղեցիներու հետ կապուած կազմակերպութիւններու, հիմնադրամներու եւ անհատներու նուիրաբերութիւններու միջոցով։ Ան եկամուտները ստացած է նաեւ ներդրումներէն, տիեզերական հաստատութեան դասընթացքներու համար տրուող վճարներէն, ժընեւի տիեզերական կեդրոնին մէջ վարձակալութեան տրուած տարածքներէն եւ հրատարակութիւններու վաճառքէն։ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ԵՀԽ-ին միացած է 1962-ին, ինչ միանշանակը չէ ընդունուած հայերու կողմէն։ Հարաւային Քորիայի, Պուսան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովի 4 նոյեմբերի նիստի համաժողովին պատուիրակներու միաձայն քուէարկութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Գարեգին Բ Ոսկեհատցին ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ՝ յառաջիկայ ութ տարիներու համար։

Ափրիկէի եկեղեցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակակից տիեզերական շարժումներու մէջ եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի աշխատանքներու մէջ Ափրիկէի եկեղեցիներու դերը մեծ եղած է։ Ափրիկէի մէջ հին ժամանակներէն քրիստոնէական երկու մեծ կեդրոններ գոյութիւն ունեցած են Եգիպտոսը եւ Եթովպիան։ Հոլանտայի եւ Անգլիոյ գաղութային քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք Ափրիկէի հարաւային հատուածին մէջ ամբողջութեամբ մեծցան քրիստոնեաներու թիւը։ Ափրիկէի եկեղեցիները սկսած են մասնակցիլ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի աշխատանքներուն սկսած Ափրիկէի մէջ անկախ պետութիւններու առաջացումէն 1950-60-ական թուականներուն։ Մէկը-միւսի ետեւէն Ափրիկեան եկեղեցիները ստանալով անկախաթիւն իրենց «մայր» եկեղեցիներէն (Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա) մտան եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի մէջ։ Անոնց մտնելը ԵՀԽ-ի մէջ մեծ փոփոխութիւններ յառաջ բերաւ ԵՀԽ-ի գաղափարախօսութեան մէջ յատկապէս ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի, սոցեալական անհաւասարութեան, Աստուածաբանական կրթութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ։ 1963-էն Ափրիկեան եկեղեցիները ստեղծեցին իրենց տիեզերական շարժման հիմը Համաափրիկեան եկեղեցական խորհուրդը(AACC)։ Այսօր AACC-ն անդամներ ունի հարաւային եւ արեւելեան Սահարա անապատի եւ Հնդկական ովկիանոսի շարք մը կղզիներու մէջ։ Եգիպտոսը մաս կը կազմէ մերձաւոր արեւելքի, սակայն ան մտած է AACC-ի մէջ, ԵՀԽ-ի անդամ եկեղեցիներու մէջ մտած են նաեւ Ալճերիան եւ սկսած 2005-ին Պուրքինա-ֆասո գոյութիւն ունեցող քրիստոնէական եկեղեցիները։ Այսօր Ափրիկէի ԵՀԽ-ը ունի 94 եկեղեցի անդամներ, եւ 165 միլիոն հետեւորդ։ 20-րդ. դարուն Ափրիկէի մէջ տարբեր վտանգաւոր միսիոնարական շարժումներու դէմ պայքարելու համար ստեղծուեցաւ Ափրիկեան անկախ եկեղեցիներու միութիւնը։ Ափրիկէի եկեղեցիները անդամագրուած են Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին՝

  • Ափրիկէի քրիստոնէական եկեղեցի եւ դպրոցներ-ԵՀԽ-ին անդամագրուած է 1975-ին Նայրուպիի վեհաժողովին մէջ։
  • Սուրբ Հոգու Ափրիկէի եկեղեցի-ԵՀԽ-ին անդամագրուած է 1975-ին Նայրուպիի Վեհաժողովին մէջ։
  • Իսրաէլեան Նինուէական Եկեղեցին Ափրիկէի մէջ 1975-ին, Նայրուպի։
  • Քրիստոսի լոյսի եւ սուրբ Հոգու եկեղեցի - 1973-ին:
  • Ափրիկեան եկեղեցի 2005-ին եւ այլ եկեղեցիներ։
  • Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցին երկրագնդի վրայ ստեղծուած անոր յատուկ պատուիրակ Սիմոն Կիմբանգուի կողմէն 1969-ին:
  • Տիրոջ Համաշխարհային Եկեղեցի 1975-ին:
  • Ափրիկեան եկեղեցիներու խորհուրդ 1998-ին:
  • Ափրիկէի եկեղեցիի առաքելութիւն:
  • Ափրիկէի Սուրբ Սիոնիստական եկեղեցի:
  • Աստուածային Ափրիկեան եկեղեցի:
  • Ափրիկէի ներքին եկեղեցի:
  • Ափրիկեան անկախ փենթաքոսթային եկեղեցիներ:
  • Քենիայի սուրբերու եկեղեցի:
  • Խաղաղութեան եկեղեցին Ափրիկէի մէջ:
  • Մարգարէներու եկեղեցի:
  • Փրկչական եկեղեցի եւ այլն։

Քանի մը Ասիական եկեղեցիներ եւս կը մասնակցին համաշխարհային տիեզերական շարժման ճիշդ սկիզբէն։ Յատկապէս կոշտ դիրքորոշում ցուցաբերեցին Չինական եւ Հնդկական եկեղեցիները 1910-ին Էտինպուրկի մէջ , այդ պայմանաւորուած էր քրիստոնէական աշխարհին մէջ խառնաշփոթ իրավիճակով։ անոնք նման վերաբերմունքով հանդէս եկան նաեւ լոզանի մէջ 1927-ին, այս իրադարձութիւնները հետագայի մէջ մաս կազմեցին տիեզերական պատկերացումներու ձեւաւորման։ Ասիական եկեղեցիները իրենց անկախութեան մասին առաջին անգամ յայտարարեցին 1947-ին հարաւային Հնդկաստանի մէջ, այս հետեւաբար այս էր կարեւորը, որ անոնք սկսան մասնակցիլ տիեզերական շարժման՝ իբրեւ ոչ մէկ եկեղեցի կախում ունի ուրիշ եկեղեցիներէ։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ստեղծման ժամանակ, Ասիան եղած էր լաւագոյնը։ Ասիոյ մէջ տիեզերական առաջին կազմակերպութիւնը ստեղծուած էր 1957-ին, հարաւային Ասիոյ մէջ, որ կոչուած էր Քրիստոնէական եկեղեցիներու ասիական միութիւն, Ասիոյ մէջ կայ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 74 անդամ եկեղեցի եւ 60 միլիոն քրիստոնեայ հաւատացեալներ։ ԵՀԽ-ի անդամ եկեղեցիները Ասիոյ մէջ գտնուած են իբրեւ հիմնականը անոր արեւելեան եւ կեդրոնական շրջաններու մէջ։ Այս կազմակերպութեան մէջ իրենց մասնակցութիւն ունին նաեւ Աւստրալիան եւ Նոր Զելանտան, որոնց մէջ գտնուող եկեղեցիները եւս մաս կը կազմեն Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի։ Ասիոյ եկեղեցիներու մեծ մասն ունի սեփական եկեղեցական խորհուրդ կամ վերլուծող կազմակերպութիւն։ Հարաւային Ասիոյ երկիրներէն Պանկլատէշի, Հնդկաստանի, Նեփալի, փաքիստանի եւ Սրի լանքայի եկեղեցիները կը մտնեն Հարաւային Ասիոյ Եկեղեցական խորհուրդի մէջ, որ համարուած է տարածաշրջանի տիեզերական շարժման գլխաւոր կազմակերպիչը։ Ասիոյ միւս շրջաններու մասին կարելի է ըսել, որ անոնք աւելի ուշ են անդամագրուեր տիեզերական շարժման։ Անոնք կը թուեն Վիեթնամը, Քամպոտիան, Լաօսը, Թայլանդտը եւ այլ երկիրներ, իր վառ օրինակն է այն, որ Լաօսի կառավարութիւնը միայն 2006-ին թոյլ տուած է այդ երկրի եկեղեցիներուն որ մասնակցին տիեզերական շարժումներուն։ Տարածաշրջանային առումով եկեղեցիներու միութիւններ կը համարուին

  • Քրիստոնէական Եկեղեցիներու Ասիական Միութիւնը:
  • Ասիական Եպիսկոպոսներու Միութիւն:
  • Աւետարանական եղբայրութիւնը Ասիոյ մէջ:
  • Ճափոնի անգլիքան եկեղեցի 1948-ին:
  • Աւստրալիոյ անգլիքան եկեղեցի 1948-ին:
  • Քորեայի անգլիքան եկեղեցի 1999-ին:
  • Պանկլատէշի մկրտչական եկեղեցի 1976-ին:
  • Սումպայի քրիստոնէական եկեղեցի 1998-ին:
  • Նոր Զելանտիոյ քրիստոնէական եկեղեցի 1948-ին:
  • Հնդկաստանի մեթոտական եկեղեցի:
  • Ինտոնեզիոյ քրիստոնէական եկեղեցի:
  • Սրի Լանքայի մեթոտական եկեղեցի այլ եկեղեցիներ:

Քարիպեան աւազանի եկեղեցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարիպեան աւազանի եկեղեցիները սկսան համագործակցիլ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին 1960-ական թուականներուն վերջերը եւ 1970-ական թուականներու սկիզբները։ Քարիպեան աւազանի առաջին եկեղեցիները եղած են Կաթոլիկ եւ Անգլիքան եկեղեցիները։ Մնացած եկեղեցիները այստեղ եկած են 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն երբ ծայր առած են միսիոնարական շարժումները։ Տարածաշրջանի տիեզերական շարժումը իր մասնակցութիւնը ունեցած է նաեւ տեղական Կաթոլիկ եկեղեցիին։ Անգլիքան եւ բողոքական եկեղեցիները, որքան ալ, որ զարմանալի է աւելի շատ տարածում ունին տեղական Սպանախօս երկրներու շրջանին մէջ։ Այս եկեղեցիներու ջանքերով 1973-ին ստեղծուեցաւ տեղական տիեզերական հանդիսացող կազմակերպութեան շարժման հիմը, որ կոչուած է Քարիպեան աւազանի եկեղեցիներու միութիւն։ Քարիպեան աւազանի եկեղեցիներուն 13-ը կը մտնեն Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի մէջ, վերջերս ունին 1,4 միլիոն հետեւորդ։ Այստեղ լուրջ թիւ կազմած են նաեւ Աւետարանական եւ յիսունական եկեղեցիները։ Տարածաշրջանային եկեղեցական կազմակերպութիւններն են՝

  • Քարիպեան եկեղեցիներու հաստատութիւն:
  • Անթիլեան կղզիներու եպիսկոպոսական հաստատութիւն:
  • Քարիպեան աւազանի աւետարանական միութիւն:

Այս բոլոր եկեղեցական կազմակերպութիւններն իրենց գրեթէ բոլոր եկեղեցիներու անդամներով մտած են եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի մէջ։ Այդ եկեղեցիներէն են՝

  • Ճամայքայի մկրտչական միութիւնը անդամագրուած է ԵՀԽ-ին 1995-ին:
  • Քուպայի մեթոտական եկեղեցի 1968-ին:
  • Քարիպեան եւ Ամերիկեան մեթոտական եկեղեցի 1967-ին
  • Մարոքեան եկեղեցին Ժամայքայի մէջ 1969-ին:
  • Քուպայի երիցական – բարեգործական եկեղեցի 1967-ին:
  • Բողոքական եկեղեցիներու միութիւն 1962-ին:
  • Անթիլիական կղզիներու եպիսկոպոսական խորհուրդ:
  • Քուպայի քրիստոնեայ յիսունական եկեղեցի:
  • Քուպայի քրիստոնեայ բարեգործական եկեղեցի:
  • դոմինիկեան հանրապետութեան եպիսկոպոսական եկեղեցի եւ այլն:

Եւրոպայի եկեղեցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եւրոպայի Անգլիքան, ուղղափառ, բողոքական եկեղեցիները մեծ օգնութիւն ցուցաբերած են տիեզերական շարժման զարգացման համար բոլոր առումներով մարդասիրական, ֆինանսական եւ այլ առումներով։ Սկզբնական շրջանի շարժումը բաժնուած էր երկու հիմնական ուղղութիւններու Միացեալ թագաւորութեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի եկեղեցիներու միջեւ։ Եւրոպական եկեղեցին, տիեզերական շարժման ներկայացուցիչները եւ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պաղ պատերազմի տարիներու միշտ ալ կողմ եղած է եւրոպական երկիրներու միասնութեանը։ Որքան ալ, որ զարմանալի է Եւրոպայի մէջ տարածաշրջանային առաջին տիեզերական կազմակերպութիւնը ստեղծուած է 1959-ին Եւրոպայի եկեղեցիներու միութիւն։

Աշխարհագրական հէռապատկերէն տիեզերական շարժումը տարածուած է գրեթէ ողջ Եւրոպայի մէջ քաղաքական քարտէսի տեսքով Ուրալէն մինչեւ Անտլանտեան ովկիանոս, ինչպէս նաեւ Կովկասը, բայց ոչ Կիպրոսը, որ մտած է մերձաւոր արեւելքի եկեղեցական խորհուրդներու մէջ։ Եւրոպայի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը ներկայացուած է 81 եկեղեցիներով, 292 միլիոն հաւատացեալ։ Եւրոպան համարուած է Քրիստոնէութեան ամենամեծ Ճիւղեր ունեցող տարածաշրջանը։ Այն ԵՀԽ-ի գլխաւոր հիմը հանդիսացած է։

Տարածաշրջանային եկեղեցական կազմակերպութիւններն են՝

  • Եւրոպայի եկեղեցիներու խոստովանութիւն:
  • Եպիսկոպոսներու միացեալ եւրոպական խորհուրդ:
  • Եւրոպայի աւետարանական միութիւն:
  • Եւրոպայի յիսունականներու միութիւն:

Անդամ եկեղեցիներէն գրեթէ բոլորը մտած են ԵՀԽ-ի մէջ

  • Բողոքական Եկեղեցիներ:
  • Նորվէկիոյ եկեղեցի- մտած է ԵՀԽ-ի մէջ 1948-ին
  • սքոթլանտայի եկեղեցի 1948-ին
  • Տանիմարքայի լութերական եկեղեցի-1948-ին
  • Ֆրանսայի լութերական եկեղեցի-1948-ին
  • Իսլանտայի լութերական եկեղեցի-1948-ին
  • Լատվիոյ լութերական եկեղեցի -1962-ին
  • Իտալիոյ Մեթոտական եկեղեցի -1954-ին
  • Փորթուկալի երիցական եկեղեցի-1965-ին
  • Գերմանիոյ մկրտչական եկեղեցի -1962-ին

Եւրոպայի Եկեղեցիներու Միութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայ Առաքելական եկեղեցի 1962-ին [1]
  • Տանիմարքի մկրտչական եկեղեցի 1949-ին
  • Մեծ Բրիտանիոյ մկրտչական եկեղեցի 1948-ին
  • Հունգարիոյ մկրտչական եկեղեցի 1948-ին
  • Ուելզի եկեղեցի 1948-ին
  • Յունաստանի եկեղեցի-1948-ին եւ այլն։

Եւրոպայի մէջ գտնուած է եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գլխաւոր գրասենեակը՝ Ժընեւի մէջ։

Լատինական Ամերիկայի եկեղեցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լատին Ամերիկայի քրիստոնէական համայնքներէն բացարձակ մեծամասնութիւնենէն կազմուած է Կաթոլիկ եկեղեցին։ Որպէս այդպիսին միւս եկեղեցիները այստեղ ներմուծուած են միսիոնարական կազմակերպութիւններու կողմէն։ Առկայ են յիսունականներ, ուղղափառներ, աւետարանականներ եւ այլ եկեղեցիներ։ Լատինական Ամերիկայի եկեղեցիները տիեզերական շարժումէն սկսան մասնակցիլ 1960-ականներ։ Կրօնական ազատութիւնը մեծ հնարաւորութիւն տուաւ տիեզերական շարժման զարգացման համար։ 1978-ին Լատինական Ամերիկայի քանի մը եկեղեցիներ՝ մասնաւորապէս բողոքական, աւետարանական, յիսունական եւ այլ եկեղեցիներ ընդունեցին որոշում ստեղծել սեփական տարածաշրջանային տիեզերական յանձնաժողով՝ Լատինական Ամերիկայի եկեղեցիներու խորհուրդ, որ ստեղծուեցաւ 1983-ին։ Այդ ժամանակէն ան դարձաւ Լատինական Ամերիկայի տիեզերական կեդրոնը, որ կեդրոնացուցած էր յարաբերութիւնները տարբեր եկեղեցիներու միջեւ։ Լատինական Ամերիկայի ԵՀԽ-ի մէջ կայ 27 եկեղեցի անդամ եւ անոնց հետեւորդ 4,4 միլիոն մարդ։ Կան բազմաթիւ եկեղեցիներ, որոնք համարուած են տիեզերական շարժման անդամներէն մեկը։ Լատինական Ամերիկայի մէջ եւս կան ստեղծուած տարածաշրջանային տիեզերական միութիւններ, որոնք մաս կը կազմեն ԵՀԽ-ին

  • Լատինական Ամերիկայի եկեղեցական խորհուրդ:
  • Լատինական Ամերիկայի եպիսկոպոսական միութիւն:
  • Լատինական Ամերիկայի աւետարանական եղբայրութիւն:

Անոնց գրեթէ բոլոր անդամ եկեղեցիները մտած են ԵՀԽ-ի մէջ (բացի կաթոլիկներու):

  • Հարաւային Ամերիկայի Անկլիքան եկեղեցի 1995-ին անդամագրուած է ԵՀԽ-ին:
  • Պրազիլիոյ Եպիսկոպոսական Անկլիքան եկեղեցի 1966-ին:
  • Պրազիլիոյ Եպիսկոպոսական եկեղեցի 1948-ին:
  • Քուպայի Մեթոտական եկեղեցի 1968-ին:
  • Չիլիի Մեթոտական եկեղեցի 1971-ին:
  • Մեքսիքոյի Մեթոտական եկեղեցի 1948-ին:
  • Փերուի Մեթոտական եկեղեցի 1972-ին:
  • Փուերթօ Ռիքոյի Մեթոտական եկեղեցի 2005-ին եւ այլ եկեղեցիներ:

Հիւսիսային ամերիկայի եկեղեցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւսիսային Ամերիկան համարուած է ամէնէն մեծ քրիստոնէական տարածութիւն ունեցող տարածաշրջանը, ուր առաւել մեծ ճիւղաւորում ստացած է ԵՀԽ-էն։ Այստեղ կան 2 պետութիւն` ԱՄՆ եւ Քանատա։ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ գոյութիւն չունի տարածաշրջանային տիեզերական կազմակերպութիւններ։ Այստեղ գլխաւոր դերը կը պատկանի ԵՀԽ-ին։ Պատմականօրէն Հիւսիսային Ամերիկայի եկեղեցիները գլխաւոր դեր ունին տիեզերական շարժման եւ ԵՀԽ-ի ձեւաւորման գործին մէջ։ Սկզբնական շրջանին մէջ ԵՀԽ-ն ուներ 2 կարեւոր կեդրոններ՝ ժընեւը եւ Նիւ Եորքը, սակայն վերջինս աւելի նուաճուած էր։ Պաշտօնատունը կը շարունակէր իր գործունէութիւնը ԱՄՆ-ի մէջ։ Քանատայի մէջ կայ հատուկ ստեղծուած խորհուրդ, որ կը քննարկէ այս կամ այն եկեղեցւոյ անդամակցութիւնը ԵՀԽ-ին։ ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի եկեղեցիները եւ անոնց ազգային եկեղեցական խորհուրդները կը շարունակեն համագործակցիլ ԵՀԽ-ի հետ։ Այս երկու երկրներուն մէջ կայ ԵՀԽ-ի 31 անդամ եկեղեցի, 50մլն քրիստոնեայ։ ԱՄՆ-ի մէջ բացի ստեղծուած տեղական եկեղեցիները գոյութիւն ունին նաեւ այլ ազգերու եկեղեցիներ։ Քանատայի մէջ գոյութիւն ունին կաթոլիկ եւ աւետարանական եկեղեցիներու առանձին խորհուրդներ, որոնք կը մտնեն Քանատայի եկեղեցական խորհուրդի մէջ։ ԱՄՆ-ի մէջ նոր կազմակերպութիւն լոյս կու գայ, որ կը պարունակէ կաթոլիկ, աւետարանական, յիսունական եւ այլ ազգային եկեղեցիներ։ Այստեղ առկայ եկեղեցիներէն են՝

  • Քանատայի անկլիքան եկեղեցի 1948-ին:
  • Քանատայի քրիստոնէական եկեղեցի 1948-ին:
  • Ամերիկեան մկրտչական եկեղեցին ԱՄՆ-ի մէջ 1948-ին:
  • Քրիստոնէական եկեղեցին ԱՄՆ-ի մէջ 1948-ին:
  • Աւետարանական լութերական եկեղեցին ԱՄՆ-ի մէջ 1948-ին:
  • Ազգային մկրտչական եկեղեցւոյ միութիւնը ԱՄՆ-ի մէջ 1955-ին:
  • Օրթոտոքս եկեղեցին ԱՄՆ-ի մէջ 1953-ին:
  • Մեթոտական եկեղեցիներու միութիւն 1948-ին:
  • Հայ Առաքելական եկեղեցին Ամերիկայի մէջ:
  • Հայ Օրթոտոքս եկեղեցին Ամերիկայի մէջ:
  • Քրիստոնեայ բարեգործական եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
  • Միացեալ մեթոտական եկեղեցի եւ այլ եկեղեցիներ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]