Եկեղեցական ժողովներ
Եկեղեցական Ժողովներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու հաւաքներ՝ եկեղեցական, վարչական-կազմակերպչական, կանոնական, ծիսադաւանական, բարոյական, կարգապահական եւ այլ հարցեր քննելու համար։ Դաւանաստուածաբանական տեսակետէն ընդունուած է, որ եկեղեցական ժողովներուն, եպիսկոպոսներն ու վարդապետները կը հաւաքուին Սուրբ Հոգիին թելադրութեամբ եւ այն հաւատքով, որ որոշումները ընդունուած են Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ. «...Հաճելի թուեցաւ ե՛ւ Սուրբ Հոգիին եւ մեզի...» (Գործք 15.28), կ'ըսեն ժողովականները իրարու՝ հետեւելով առաքեալներուն օրինակին։
Եկեղեցական Ժողովներուն Երկու Խումբերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եկեղեցական ժողովները բաժնուած են երկու մեծ խումբերու՝ կանոնադիր եւ ոչ կանոնադիր։
- Կանոնադիր եկեղեցական ժողովներու ընդունած կանոնները ձեւաւորած են կանոնական կամ եկեղեցական իրաւունքը, որուն հիման վրայ կազմուած են կանոնական ժողովածուներ: Կանոնները եղած են պարտադիր եւ յատկացուցած են ինչպէս եկեղեցւոյ, այնպէս ալ պետութեան հեղինակութեամբ եւ անունով։
- Ոչ կանոնադիր եկեղեցական ժողովները կը քննարկեն տարբեր հարցեր՝ կազմական, ծիսական, ազգային, եկեղեցական, միջ-եկեղեցական փոխյարաբերութիւններուն վերաբերող, ընդունիլ որոշումներ, գրել թուղթեր, նամակներ, պաշտօնական ուղերձներ եւ շրջաբերականներ։ Անոնք կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են որեւէ եկեղեցւոյ դիրքորոշման այս կամ այն հարցին վերաբերեալ յստակացնելու, ծիսադաւանաբանական եւ եկեղեցական խնդիրներու կողմնորոշուելու համար։ Բազմաթիւ որոշումներ ալ ունեցած են զուտ բարոյական նշանակութիւն։ Հայ եկեղեցին իր դաւանաբանական եւ վարդապետական հիմնական սկզբունքները, ի տարբերութիւն Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, կանոնի աստիճանի չի բարձրացներ եւ չի պարտադրեր։
Ժողովներուն Նշանակութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժողովներուն միջոցով եկեղեցական հարցեր վճռելը սկսած է առաքեալներուն ատեն, երբ անոնք հաւաքուած են Երուսաղէմի մէջ 51-ին եւ որոշած են թոյլ չտալ քրիստոնեաներուն կատարելու մովսիսական ծէսերը: Առաքեալներուն յաջորդները Բ. եւ Գ. դարերուն ընթացքին շարունակուած են նոյն շաւիղով եւ հարցերը ժողովով վճռած են։ Անոնք մասնաւոր տեղական ժողովներ գումարած են Պաղեստինի մէջ, Փոքր Ասիոյ, Հռոմի, Եդեսիոյ եւ Յունաստանի մէջ՝ Ս. Զատիկը միասին տօնելու վերաբերեալ, եւ 256-ին Կարթաքենի մէջ կրկնակնունքի հարցը որոշելու համար։ Այդ կարգը ընդհանրացած է քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, նոյնիսկ սահմանուած է, որ տարին երկու անգամ ժողովներ ընեն ամէնուր, եւ եկեղեցական հարցերը քննեն ու լուծեն իրենց միջոցով։
Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նիկիոյ առաջին Տիեզերական ժողովին 6-րդ կանոնը սահմանած է, որ տարեկան երկու ժողովներէն առաջինը ըլլայ Մեծ պահքէն առաջ, երկրորդը՝ Աշնան։ Այս սկզբունքը ընդհանուր առմամբ մտած է նաեւ հայոց մէջ, բայց ճշգրտութեամբ չէ գործադրուած պատմաքաղաքական հանգամանքներու բերումով Հայաստանի մէջ ոչ միայն տարին երկու անգամ, այլ տասնեակ տարիներ եկեղեցական ժողով չէին գումարած։
Եկեղեցական Ժողովները՝ Ըստ Նշանակութեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եկեղեցական ժողովը իրենց նշանակութեամբ եղած են երեք տեսակ՝ տեղական արտաքին, տեղական ազգային եւ տիեզերական ժողովներ։ Առաջին երկուքը կոչուած են նաեւ մասնաւոր ժողովներ։ Բոլոր տեղական արտաքին եւ տիեզերական ժողովները կանոնադիր ժողովներ են։ Տեղական արտաքին եկեղեցական ժողով, Ընդհանրական եկեղեցւոյ տեղական մասնաւոր ժողովներ, որոնք չեն հռչակուած տիեզերական, բայց ընդունած որոշումները ու կանոնները դուրս եկած են մէկ առանձին յատուկ աթոռի կամ թեմի շրջանակներէն եւ ստացած են համաքրիստոնէական նշանակութիւն։ Այդպէս էր մինչեւ Քաղկեդոնի ժողովը, երբ ընդհանրական եկեղեցին միասնական էր, չկային պառակտումներ, եւ յատուկ ժողովները ընդունած էին բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիները։ Այդպիսիք են Անկիւրիոյ[1] (313-315), Նեոկեսարիոյ (314-315), Գանգրայի (340 կամ 370), Կեսարիոյ (Անտիոքի, 341), Սարդիկայի (344-347) եւ Լաւոդիկիոյ (365) ժողովները։ Հայ եկեղեցւոյ[2] ընդունած այս վեց տեղական արտաքին ժողովները յիշուած են 1178-ին Հռոմկլայի[3] ժողովին, Հայոց կաթողիկոս Գրիգոր Դ. Տղային գրութեան մէջ՝ ուղղուած ժողովականներուն։
Հռոմկլայի Ժողով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տեղական 6 ժողովներու կանոնները առանձին կանոնախումբով մտած են «Կանոնագիրք Հայոցի»ն մէջ, եւ անոնք Հայ եկեղեցին կը համարեն հայոց եկեղեցական իրաւունքի կարեւոր աղբիւր։ Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցին ընդունած է 7 մասնաւոր ժողով (նաեւ 256-ին Կարթաքենի ժողովը), իսկ յոյները ընդունած են 8 մասնաւոր ժողով (Կարթաքենի եւ 394-ին Կոստանդնուպոլսոյ ժողովները)։ Վաղ ժամանակներուն Կեսարիոյ մէջ եղած է արեւելեան եւ արեւմտեան եկեղեցիներու ժողով՝ Զատկուան տօնը կանոնաւորելու համար, բայց հոն կանոնները չեն սահմանուած։ Հռոմէացիները Տիոնիսիոս Կրտսերին՝ Զ. դարու սկիզբին, եւ Յովհան Սիխոլաստիկոս՝ Յունուար 565-էն լատիներէն թարգմանած եւ համասէր ժողովածուներու մէջ կային 10 ժողովներու կանոններ, որոնցմէ 4-ը՝ տիեզերական եւ 6-ը տեղական ժողովներ էին։ Հայերը նոյնը ընդունած են հետեւեալ փոփոխութեամբ. 4 տիեզերական ժողովէն դուրս ձգած են Քաղկեդոնինը, իսկ տեղական 6 ժողովէն՝ Անտիոքինը (անյայտ պատճառով), եւ անոր փոխարէն աւելցուցած՝ գոյութիւն չունեցող Կեսարիոյ ժողովը։ Տեղական, ազգային եկեղեցական ժողովները, քրիստոնէական որեւէ դաւանանքի պատկանող առանձին եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան եւ աշխարհի դասի ներկայացուցիչներու հաւաքներ, ուր քննարկուած հարցերը եւ ընդունուած որոշումներն ու կանոնները դուրս չեն գար տուեալ եկեղեցւոյ հոգեւոր վարչատարածքային իրաւասութեան սահմաններէն։ Հայոց մէջ տեղական եկեղեցական ժողովներ, ըստ իրենց նշանակութեան եկեղեցական իրաւասութիւններու, եղած են եպիսկոպոսական (եպիսկոպոսաց) եւ ազգային-եկեղեցական։ Եպիսկոպոսական ժողովը Հայ եկեղեցւոյ կանոնադիր մարմինն է՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին։ Հինէն, ըստ առաքելական կանոնին, Հայաստանի մէջ եւս տարին երկու անգամ Հայոց կաթողիկոսը 12 եպիսկոպոսներով կը շրջի ամբողջ երկիրին մէջ՝ եպիսկոպոսական ժողով գումարելու եւ եկեղեցական կեանքին կարգ ու կանոն հաստատելու համար։ Իսկ եպիսկոպոսները Նաւասարդեան տօնին՝ Շահապիւանի մէջ, Ս. Կարապետի տօնին՝ Մուշի մէջ կը հաւաքուին տարին 1-2 անգամ՝ եկեղեցական-բարեկարգական հարցերով, եւ քննարկուածներէն կարեւորագոյնները կը ներկայացնեն Հայոց կաթողիկոսը վաւերացնելու կամ ազգային ժողովը հաւանութիւն տալու։ Սակայն հետագային նման ժողովներ աւելի քիչ կը գումարուին։
1956-ին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր ժամանակներու ընթացքին կը յիշատակեն՝
- Յունիս 1917-ին Ս. Էջմիածնի մէջ,
- Մարտ 1956-ին Քահիրէի մէջ (Եգիպտոս),
- Վազգէն Ա. Պալճեանի հրաւիրած եպիսկոպոսական ժողովները, որոնց մէջ, ի թիւս այլ կարեւոր հարցերու, նպատակ ունեցած է վերականգնել առաքելական կանոնը ժողովներ գումարելու վերաբերեալ։
- Հոկտեմբեր 1956-ին Ս. Էջմիածինի մէջ հրաւիրուած ժողովը որոշած է տարին գոնէ մէկ անգամ գումարել եպիսկոպոսական ժողով։ Քահիրէի ժողովին որոշումով յստակ սահմանուած են եպիսկոպոսական եւ ազգային եկեղեցական ժողովներու իրաւասութիւնները, ըստ որուն, Հայ եկեղեցւոյ որեւէ դաւանաբանական եւ վարդապետական խնդիրը նախ պէտք է քննէ եպիսկոպոսական ժողովը, ապա միայն ներկայացնէ ազգային-եկեղեցական ժողովին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ վաւերացնելու համար։ Հայ եկեղեցւոյ մէջ, որուն կղերապետութիւնը խորթ է, ժողովներուն հոգեւորականութեան հետ միասին մասնակցած է աշխարհի դասին՝ թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդի ներկայացուցիչներ։ Հինէն (Դ.- Ե. դարերուն) այդ հաւաքները կոչուած են նաեւ աշխարհաժողովներ, աւելի ուշ՝ ազգային-եկեղեցական ժողովներ, որոնք գումարուած են արտակարգ՝ կաթողիկոսական ընտրութեան, քաղաքական ճգնաժամային կացութիւններու, հանդիսաւոր արարողութիւններու ատեն եւ ազգային ընդհանուր նշանակութիւն ունեցող կարեւորագոյն հարցերու քննարկման համար։ Ազգային-եկեղեցական ժողովը Հայ եկեղեցւոյ գերագոյն օրինագիր մարմինն է՝ նախագահութեամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին։