Ելեկտրոնային Դաջուածք
Արտաքին տեսք
Ելեկտրոնային Դաջուածք, ելեկտրոնային ալիքներով բանող սարք, որ կը գործածուի հիւանդներուն սիրտին եւ ուղեղին հսկողութեան համար[1]:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Նշեալ սարքը ունի նուազ քան յիսուն մայքրոմեթր հաստութիւն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա մարդկային մազի թելէն ալ աւելի բարակ է:
- Մասնագէտները նշեալ սարքը նմանցուցած են դաջուածքի (թաթու) քանի որ անիկա կը տեղադրուի մորթին վրայ, այնպէս, ինչպէս որ առժամեայ դաջուածքը կը տեղադրուի: Նաեւ անիկա կրնայ շարժիլ, ծալուիլ ու երկննալ` առանց փրթելու:
- Ելեկտրոնային ալիքներով բանող այդ սարքը կրնայ փոխարինել հիւանդանոցներուն մէջ օգտագործելի մեծածաւալ սարքերը, որոնք բաղկացած են թելերու կոյտէ ու մարմինին վրայ տեղադրուող կպչուն ելեկտրոններէ, որոնք իրենց կարգին միացած են համակարգիչի բարդ սարքերու` հսկողութեան տակ պահելու համար հիւանդներուն ուղեղին ալիքներն ու սիրտին զարկերը, ինչպէս նաեւ մարմինին տարբեր մկաններուն աշխուժութիւնը:
- Դաջուածքի տեսք ունեցող սարքին ելեկտրոնային մասերը կազմուած են երերացող ու օձաձեւ բաղկացուցիչներէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք չեն վնասուիր, երբ սեղմուին եւ կամ ճմլուին:
- «Ելեկտրոնային դաջուածքը բաղկացած է նաեւ շատ փոքր արեգակնային բարդերէ, որոնք ելեկտրականութիւն կ'ապահովեն անոր: Նշեալ բարդերը իրենց ուժանիւթը կը ստանան արեւուն ելեկտրամագնիսական շողարձակումներէն:
- Սարքը տեղադրուած է կերպընկալէ շատ բարակ թերթիկի մը վրայ, որ ջուրին մէջ կը լուծուի: Այսուհանդերձ, «ելեկտրոնային դաջուածքը կը կպչի մորթին` պարզապէս թրջելով զայն, այնպէս, ինչպէս որ առժամեայ դաջուածքը կը կպչի մարմինին: Անիկա կը կպչի մորթին այս վերջինին ու սարքին կերպընկալէ բաժինին միջեւ ստեղծուած տկար ձգողական ուժերուն պատճառով[2]:
- Ելեկտրոնային դաջուածքներ կրնան նպաստել նաեւ կանխահաս ծնունդ ունեցող երեխաներուն առողջական վիճակին հետեւելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ` քնացած ատեն շունչի նեղութենէ տառապող մարդոց վիճակին հետեւելու գործընթացին` նկատի ունենալով, որ դաջուածքները նշեալ պարագաները կը ձերբազատեն աւանդական սարքերուն թելերու կոյտերն ու կպչուն ելեկտրոտները իրենց մարմինին վրայ կրելու տաղտուկէն:
- Ելեկտրոնային դաջուածքը որեւէ բորբոքում չի յառաջացներ մարդոց մորթին վրայ, սակայն անոր գործածութեան ժամանակը սահմանափակ է` նկատի ունենալով, որ մորթին մակերեսին եղող բջիջները շարունակ կը նորոգուին եւ փճացած բջիջները կը փոխարինուին նորերով, ինչ որ անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ նուազագոյնը երկու շաբաթը անգամ մը ելեկտրոնային դաջուածքը փոխելու[3]:
- Ելեկտրոնային դաջուածքը շատ աւելի պարզ է, ինչպէս նաեւ անկէ ձեռք ձգուած տուեալները շատ աւելի վաւերական են, քան` հիւանդներուն առողջական վիճակին հսկող ծաւալուն սարքերը:
- Դաջուածքին պատրաստութիւնը մեծածախս չէ[4]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ելեկտրոնային Դաջուածք
- ↑ «Սարքը տեղադրուած է կերպընկալէ շատ բարակ թերթիկի մը վրայ:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2024-01-04-ին։ արտագրուած է՝ 2024-08-11
- ↑ Բոլորովին ապահով սարք
- ↑ Դաջուածքին պատրաստութիւնը մեծածախս չէ: