Jump to content

Գրիգոր Տաթեւացիի Յուշարձան (Երեւան)

Յուշարձան Գրիգոր Տաթեւացիի. Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարան. Երեւան, Հայաստան

Գրիգոր Տաթեւացիի յուշարձանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի պողոտայի վերջնամասին՝ Մատենադարանի հարակի հրապարակին, տեղադրուած է 1967-ին։ Յիշուած է Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Քանդակագործ՝ ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ Ադիբեկ Գրիգորեան:

Յուշարձանը կառուցուած է բազալտով, բարձրութիւնը 3,5 մեթր է։ Մատենադարանի գլխաւոր մուտքի դռնէն դէպի ձախ երկրորդ արձանն է։

Հայ փիլիսոփայ, տնտեսագէտ, աստուածաբան, մանկավարժ, եկեղեցական գործիչ Գրիգոր Տաթեւացիի յուշարձանը տեղադրուած է 1967 թուականին Մատենադարանի մուտքի մօտ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]