Գրիգոր Սուքիասեանց

Գրիգոր Սուքիասեանց

Գրիգոր Սուքիասեանց, (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են), հայ գրիչ։ Որդի Սուքիասի եւ Նազուն Խաթունի։ Աշխատած է ԺԵ. դարուն, Ղրիմի Սուրխաթ քաղաքին մէջ։ Անոր ընդօրինակած (1332-1356) ձեռագիրերէն Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ կը պահուին վեցը (թիւեր՝ 591, 3046, 7048, 7605, 7664, 10337), իսկ մէկը՝ Փարիզի Ազգային գրադարանին մէջ (Հայկական թիւ 116-118)։

Գրեթէ բոլոր ձեռագիրերը նկարազարդուած են, սակայն ծաղկողին անունը ոչ մէկուն մէջ յիշատակուած է։ Այդ ձեռագիրերու մանրանկարները ոճական իրենց յատկանիշներով կը պատկանին այն եզակի օրինակներու շարքին, որոնք արտացոլած են վերածննդեան արուեստի առանձնայատկությունները՝ մշակման ազատ եղանակը, կերպարներու համաչափութիւններու ճիշդ կառուցումը, զանոնք տարբեր դիրքերու մէջ ներկայացնելու ունակութիւնը, ծաւալի եւ, որոշ չափով իրերու հեռանկարային պատկերման հասկացողութիւնը։ Մանրանկարներով եւ ճոխ զարդարանքով նշանակալից է 1332-ի Աւետարանը (ձեռ․ թիւ 7664)։ Նկարիչը պատկերած է ոչ միայն ընդունուած տօնական շարքը, այլեւ առանձին աւետարանական դրուագներ։ Առանձնապէս յաջող են «Կանայի հարսանիքը», «Աստուածամայրը եւ Աբրահամը» մանրանկարները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։