Jump to content

Գրիգոր Մսերեան

Գրիգոր Մսերեան
Ծնած է 1846[1]
Ծննդավայր Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 15 Օգոստոս 1893(1893-08-15)[1]
Մահուան վայր Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Մեսրոպեան Վարժարան[1]
Մասնագիտութիւն հանրային գործիչ, թարգմանիչ, Խմբագիր և հրատարակիչ
Աշխատավայր Մետեորա?[1]

Գրիգոր Մսերեան (1846[1], Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 15 Օգոստոս 1893(1893-08-15)[1], Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք[1]), հասարակական գործիչ, թարգմանիչ, խմբագիր, հրատարակիչ։

Ծնած է Զմիւռնիոյ մէջ 1846-ին, եղբօրորդին է՝ Մաքիստրոս Մսերեանի: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Իզմիրի Աղաբեկեան-Մամուրեան, ապա՝ Մեսրոպեան վարժարաններուն մէջ: Աշակերտած է Վիեննայի Մխիթարեանց տեղական վարժարանի Հ․ Արսէն Այտընեանի տեսչութեան միջոցին, որուն կողմէ գնահատուած է իր ուշիմութեան եւ յառաջդիմութեան պատճառաւ։

Հազիւ ստացած նախակրթութեան հիմերը, կը ստիպուի նետուիլ գործի ասպարէզ եւ սակայն իր յառաջդիմելու եւ զարգանալու փափաքը զինք հետզհետէ յառաջ կը մղեն ու իր շահած բոլոր դրամները կը վատնէ շարունակ ինքնազարգացման գործիքներու, ֆրանսերէն գիրքեր գնելու, եւ այդպիսով հաղորդակցութեան կը մտնէ օտար մտքին հետ։ Հետզհետէ կը կազմաւորուի այդ կերպով իր մտաւորական հասունութիւնը եւ կը դաւանի Լիթրէի դրական փիլիսոփայութեան։

Հայ մտաւորականութեան Իզմիրեան դպրոցին գլխաւոր ջիղերէն եղած է Գրիգոր Մսերեան, իբր ամէնէն գործունեայ տիպարներէն մէկը, որ ջանացած են միշտ օգտակար հանդիսանալ հայ ազգին եւ գրականութեան։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առեւտրական ասպարէզին մէջ եւս ոչ նուազ բանիբուն՝ իր ճարտարամտութեան նշանները ցոյց կու տան զուիցերեան վաճառատան մը մէջ կարեւոր պաշտօնի մը կոչուելով, եւ սակայն իր դրական գործունէութեան միջոցին միշտ անտես չէ ըրած բանասիրական ու իմաստասիրական խնդիրները, որոնց նկատմամբ իր ունեցած մասնաւոր հակումը գրաւած է իր ազատ բոլոր ժամերը։

Գործակցելով Իզմիրեան այն հոսանքին, որ նոյն միջոցին գոյութիւն ունէր, որով եւրոպական ամէնէն գեղեցիկ գործերը կը հայացուէին ու կը հրատարակուէին։ Գործակցելով Տէտէեաններուն հետ, 1872—76-ին թարգմանած ու հրատարակած է Ա․ Տիւմայի «Փօլին», Օ․ Ֆէօյէի «Աղքատ Երիտասարդի Մը Վէպը», Ա․ Աշարի «Յետվիճի Երդումը եւ Ր․ Ֆեպրի «Փարիզն Ամերիկա» երկերը։ Աւելի վերջ ինքը եղաւ գրեթէ հայոց մէջ իրապաշտ դպրոց մը ստեղծելու առաջին յանդուգն քայլը առնողը, թարգմանելով «Պօքաչիոյի Տասնօրեակները» եւ հրատարակելով «Յովնաննա Բաբուհի» անուն վէպը եւ թարգմանելով Էմիլ Զոլայի մէկ գեղեցիկ գրական տեսութիւնը Լիթրէի եւ Հիւկոյի մասին։

Իր մտահոգութիւնը եղած է հայ ազգին տառապանքն ու կեղեքումները․ տարիներով վշտակից եղած է ազգին ցաւերուն եւ իբր հրապարակագիր եւ բարեկամ եւրոպական դիւանագիտական անձերու, ոչ մէկ աշխատանք խնայած է այդ ցաւերուն դարմանման համար։

Տէտէեանի տպագրական գործունէութեան շիջումէն վերջ, ինք քանի մը համախոհներու հետ 1878-ին հաստատած է տպարան մը, որուն գործունէութիւնը չէ կրցած բեղմնաւոր ըլլալ՝ իր գործակիցներուն հետզհետէ գործէ քաշուելուն պատճառաւ, որով ամբողջ բեռը մնացած է իր վրան։

Իր տպագրական գործունէութեան զուգընթաց ձեռնարկած է խիստ աչքառու գործի մը, այն է Մետեօրայի հրատարակութիւնները, որոնցմէ դժբախտաբար սակայն 3 հատոր միայն կրցած է ի լոյս ընծայել։

Մետեօրան պարբերական մըն էր, որ սկսաւ հրատարակուիլ 1878-ին իր խմբագրութեամբ եւ կը պարունակէր գրական, ազգային, գիտական, գեղեցիկ եւ լուրջ յօդուածներ եւ որոնք կը շօշափէին գլխաւորաբար ազգային հարցեր, ու հասարակական խնդիրներ եւն․։

Մետեօրան, ինչպէս կը գրէ Մսերեան իր յառաջաբանին մէջ, «Առ այժմ լոկ հաւաքածու մըն է գիտական, ազգային եւ գրական գործերու ու թարգմանութիւններու, հետեւաբար իր էջերը բաց են ամէն գրիչներու համար, որոնք իրենց ազգին ու հայրենեաց կ'ուզեն նուիրուիլ։ Մետեօրայի նպատակն է ժամանակիս ոգւոյն եւ Եւրոպայի գիտական շարժման արձագանգ ըլլալ, միեւնոյն համակրութեամբ ընդունելով նաեւ աստուածաբանական, հոգեբանական եւ գրական հայեացքներով գրուած կարեւոր յօդուածները»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 60–61.