Jump to content

Գրիգոր Եղիայեան

Գրիգոր Եղիայեան
Ծնած է 25 Մայիս 1833(1833-05-25)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 8 Մայիս 1911(1911-05-08) (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Թրիէսթ, Աւստրո-Հունգարիա
Մասնագիտութիւն բարերար

Գրիգոր Եղիաեան, ազգային բարերար, ծնած է 25 Մայիս 1833-ին Պոլսոյ մէջ: Իր ծնողքը Պարսկաստանէն գաղթած է եւ տեղւոյն երեւելի ընտանիքներէն է: Հայրը խունկի եւ խէժի վաճառականութեամբ կը զբաղէր եւ անգամ մը իր ապրանքը փոխադրող շոգենաւը փոթորիկի հանդիպելով՝ բոլոր հարստութիւնը կորսնցուցած ու Երուսաղէմ գացած, հոնկէ՝ Պոլիս եւ յետոյ Գահիրէ անցած, ուր Տարպ էլ Կինէնա գտնուող հին դպրոցին մէջ (հոգետուն) Գրիգոր ստացաւծ է իր նախնական կրթութիւնը: Եղիայեանի ուսուցիչը եղած է Պետրոս Թաթիկեան Զմիւռնացի: Հոգետունէն ետք յաճախած է Հէմիլդընի անգլիական վարժարանը, ուր տարի մը միայն մնալէ ետք, անցած է Րէֆա պայի École des langues լիսէն, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալով դիմած է արտաքին գործոց նախարարութեան՝ պաշտօնի մը համար. այդ ատեն Արթին պէյը զրպարտած էին թէ՝ Միրիի ապրանքները ծախած եւ մսխած է, որուն վրայ Արթին պէյ բանտարկուած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ եւ անկէ փախած էր Փարիզ, իսկ Արթին պէյի եղբայրը՝ Խոսրով պէյ Chef de Cabinet էր: Գրիգոր՝ Խոսրով պէյի կը դիմէ պաշտօն մը ձեռք ձգելու համար, այս վերջինը շատ կ’աշխատի, բայց իրեն կը պատասխանուի. «Մենք հայերուն ծառերը արմատախիլ ընել կ’ուզենք, դուք կ’ուզէք նոր ծիլերը խնամե՞լ»:

Այն ատեն պաշտօնատուները զատ-զատ չէին, ամէնը մէկը կը գտնուէր փոխարքային պալատին մէջ: Խոսրով պէյ կը յանձնարարէ ռուսական հիւպատոսարանին, ուր թարգմանի պաշտօն կը ստանձնէ: 1878-ին Ռուսական հիւպատոսարանին մէջ Քանչէլէր կ’անուանուի, պաշտօն՝ որ կը վարէ մինչեւ 1880, իսկ անկէ ետքը, մինչեւ 1887, կը գործէ իբր փոխ հիւպատոս՝ Եգիպտոսի: Իր այդ պաշտօնին մէջ կարգ մը կարեւոր գործառնութիւններ իր ձեռքով եղած են, նախկին հիւպատոս Տը Լէքսի ժամանակ, որմէ շատ սիրուած էր իր դիւանագիտական արտակարգ կարողութեան համար:

Պատուուած էր Շիր Խուրշիտ կարմիր ժապաւէնով եւ երկրորդ աստիճանի կանաչ ժապաւէնով, Մէճիտիյէ երկրորդ, Օսմանիէ երրորդ, Մօնթէնէկրօ Տանիէլօ պատուանշանին երրորդ աստիճանով, Շըվալիէ տէլլա Քօռինա տ’Իթալիա, Սէնթ Էսթանիստլաւ եւ Ռուսական երրորդ աստիճան, Քրու Ռուժ տը Րիւսի, եւայլն, եւայլն:

Գրիգոր Եղիայեան իշխաններու եւ պետական անձնաւորութեանց հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալով, կրցած է օգտակար հանդիսանալ իր համայնքին:

Ռուսական հիւպատոսարանը մտնելէ առաջ, երկար տարիներ փաստաբանութեամբ զբաղած է. իբր իրաւագէտ՝ կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Ազգային առաջնորդարանին: 1863-ին գաւառակ ժողովոյ անդամ եւ ատենապետ էր, նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան հիմնադիր անդամներէն էր եւ Կեդր. Ժողովի խորհրդական էր:

Ինք եկեղեցասէր ու բարեպաշտ՝ եկեղեցւոյն շատ մը նուիրատուութիւններ ըրած է: Մարմինայի եկեղեցին նորոգած եւ եկեղեցական պիտոյքները հոգացած է:

Հնագէտ եւ հետաքրքիր, իր տան մէջ ճոխ թանգարան մը ունէր:

8 Մայիս 1911-ին Թրիէսթէի մէջ վախճանեցաւ եւ մարմինը զմռսուելով փոխադրուեցաւ Գահիրէ, ուր փառաւոր ազգային յուղարկաւորութեամբ մը թաղուեցաւ Մարմինայի գերեզմանատան մէջ:

Եղիայեան իրեն կտակարար կարգած էր Պօղոս Նուպար փաշան եւ թողած է 180.000 ոսկիի հարստութիւն մը, որուն 60.000 ոսկին ազգին կտակած է, զայն բաժնելով այլեւայլ հաստատութեանց:

Ասկէ զատ ազգին կտակած է Շուպրայի ապարանքը, Իսմայիլիէի երեք տուները, Կիրկէի մէջ շինութեան հող մը, բոլոր կարասիքը, հնչուն դրամ, արժեթուղթերը եւայլն, որոնց արժէքն են 60.000 ոսկի: Ասոնք քանի մը տարիէն ծախուելով իր անունով եկեղեցի մը կառուցուած է Գահիրէի մէջ:

Գլխաւորապէս առանց դաւանանքի խտրութեան, եգիպտահայ ուսանողին եղած կտակը հայ գաղութին օգտակար եղած է: Իր կենդանութեանը Հ. Բ. Միութեան նուիրած է 200 ոսկի գումար մը:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 668:
  • «Արեւ» օրաթերթ, 24 Օգոստոս 1926, «Եղիայեան Սաներ», էջ 1։[1]