Գրական ուղղութիւն
Գրական ուղղութիւն
Նկատուած է, թէ՝ արուեստագէտները ընդհանրապէս, աշխարհը «տեսնելու» ու վերադատրելու ձեւին մէջ որդեգրած են որոշ մօտեցումներ։
Յաճախ սերունդէ սերունդ փոփոխութիւն կրող այս հաւաքական մօտեցումները, զգալու եւ արտադրելու ձեւերը, կոչուած են գրական-գեղարուեստական հոսանք, շարժում, ուղղութիւն, դպրոց եւ նման այլ բնորոշումներով։
Այսպէս են դասականութիւնը, վիպապաշտութիւնը, իրապաշութիւնը, խորհդապաշութիւնը եւ այլն։
Գրական ուղղութիւն կամ դպրոց կը կոչենք որոշ ժամանակաշրջանի մէջ գեղարուեստական նոյն սկզբունքները եւ մեթոտները կիրարկող գրագէտներն ու իրենց արտադրութիւնները։
Այսպէս եղած է, Եւրոպայի մէջ դասականութիւնը 17-րդ դարուն ու աւելի ետք վիպապաշտութիւնը 19-րդ դարու սկիզբին, իրապաշտ դպրոցը նոյն 19-րդ դարու կիսուն մօտ, խորհրդապաշտութիւնը՝ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, գերիրապաշտութիւնը 20-րդ դարու սկիզբին եւ այլն։