Jump to content

Գրական Ադրբեջան

Գրական Ադրբեջան
Տեսակ հանդէս
Խմբագիր Ս. Գրիգորյան
Երկիր Ադրբեջան

«Գրական Ադրբեջան» (ազրպƏdəbi Azərbaycan), գրական-գեղարուեստական երկամսեայ հանդէս Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ։ Հանդիսացած է Ազրպէյճանի գրողներու միութեան օրգանը։ Լոյս տեսած է 1957-1989 թուականներուն, Պաքուի մէջ։ Խմբագիրները եղած են Սամուէլ Գրիգորեանը, Վլատիմիր Աբրահամեանը։ Հանդէսը դուրս կու գար գրականութեան կուսակցականութեան եւ ժողովրդայնութեան, սոցիալիստական ռեալիզմի սկզբունքներու կենսագործման դիրքերէն։

Սամուէլ Գրիգորեանը 1956-81-ին եղած է «Գրական Ադրբեջան» հանդէսի խմբագիրը

«Երիտասարդ ձայներ» բաժնին մէջ կը տպագրէր եւ կը գրախօսէր սկսնակ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները։ Հանդէսը կը գովազդէր այսպէս կոչուած՝ ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ եղբայրութեան գաղափարները, կը հետեւէր գրական եւ մշակութային կապերուն։ Ամսագիրը կը լուսաբանէր հանրապետութեան հայ հատուածի մշակութային կեանքը։ Կը թղթակցէին Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Հայաստանի գրողները։

  • Հայ Սփիւռք հանրագիտարան, Երեւան, Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութիւն, 2003, էջ 29-30։