Jump to content

Գէորգ Տէր Վարդանեան

Գէորգ Տէր Վարդանեան
Ծնած է 9 Յունուար 1951(1951-01-09)[1]
Ծննդավայր Ներքին Կարմիրաղբիւր, Շամշադինի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Մահացած է 29 Մարտ 2023(2023-03-29)[2] (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն պատմաբան
Աշխատավայր Մատենադարան
Երեւանի Պետական Համալսարան
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան

Գէորգ Տէր Վարդանեան (9 Յունուար 1951(1951-01-09)[1], Ներքին Կարմիրաղբիւր, Շամշադինի շրջան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1] - 29 Մարտ 2023(2023-03-29)[2], Երեւան, Հայաստան[3]), պատմաբան, մանկավարժ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր։ Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, ձեռագրագիտութեան բաժնի վարիչ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս[4]։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Շամշատինի շրջանի Ներքին Կարմրաղբիւր գիւղին մէջ։ 1968 թուականին աւարտած է իր ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցը։

1968-1973 թուականներուն ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի հնագիտութեան, աղբիւրագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժնէն ներս։ Վկայուած է պատմաբան-աղբիւրագէտի մասնագիտութեամբ։

Մանկավարժական եւ գիտական գործոինէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1974 թուականին աշխատանքի անցած է Մատենադարանէն ներս։ 1978 թուականին եղած է աւագ գիտաշխատող եւ գլխաւոր աւանդապահ։ 1992 թուականէն սկսեալ ձեռագրագիտութեան բաժնի վարիչը եղած է եւ գլխաւոր աւանդապահը։

1995-1998 թուականներուն զբաղեցուցած է Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնը։ 2016 թուականին ստացած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր աստիճանը։

Գէորգ Տէր Վարդանեան մեծ հեղինակութիւն մըն է հայ ձեռագրագիտութեան ասպարէզին մէջ, հայերէն ձեռագիր մատեանի բազմահմուտ եւ քաջատեղեակ մասնագէտ մը։ Բացառիկ է իր դերը՝ «Մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց Մաշտոցի անուան մատենադարանի» բազմահատորեակի կազմման եւ խմբագրման գործին մէջ։

Շուրջ 200 յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու եւ մենագրութիւններու հեղինակ է։ Զգալի է նաեւ իր մանկավարժական վաստակը։ Տարիներ շարունակ դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։ Պատրաստած է ձեռագրագէտներ Մատենադարանէն ներս։

Միջազգային բազմաթիւ գիտաժողովներու մասնակցած ըլլալու եւ այլալեզու իր հրապարակումներուն շնորհիւ մեծ համբաւ ունեցած է նաեւ միջազգային հայագիտութեան ուղղութեամբ։ Այս հանգամանքի լաւագոյն վկայութիւններէն մին այն է, որ Մխիթարեան միաբանութեան հրաւէրով տարիներ շարունակ պարբերական այցելութիւններ կատարած է Սուրբ Ղազարի մատենադարանի ձեռագրական նիւթի մատենագիտական-ձեռագրագիտական մշակման նպատակով։

Մեծ է նաեւ իր վաստակը արտերկրի մէջ հայկական մշակոյթը ներկայացնելու ուղղութեամբ՝ ձեռագրական ցուցահանդէսներու կազմակերպման ասպարէզին մէջ։

  • 2008 թուականին Ֆրանսայի կառավարութեան հրամանագրով «Գրականութեան եւ արուեստներու շքանշան»ով պարգեւատրուած է։ 2007 թուականին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան շրջանակներէն ներս Մատենադարանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսներուն համար կատարուած է իր այս պարգեւատրումը։
  • 2022 թուականին մշակոյթի ոլորտէն ներս ունեցած նշանակալի աւանդի, երկարամեայ աշխատանքային գործունէութեան համար եւ Թանգարաններու միջազգային օրուան կապակցութեամբ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է ոսկէ մետալով[5]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]