Գէորգ Յակոբճեան
Գէորգ Յակոբճեան Kevork Hagopjian | |
---|---|
Ծնած է | 1986 Մայիս 3 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | Կառավարիչ (Manager), Երկխօսութեան Մասնագէտ, Յօդուածագիր, Հրապարակախօս, ազգային - հասարակական գործունէութիւն |
Մասնագիտութիւն | Իրաւաբան |
Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան Kevork Hagopjian ծնած է Հալէպ: Իրաւաբան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ: Կը տիրապետէ հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ թրքերէն լեզուներուն[1]: Միջազգային օրէնքի, մարդկային իրաւանց եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու մասնագէտ:
Իրաւաբան Գէորգ Յակոբճեան աւարտած է Հալէպի Ազգ. Սահակեան ու Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, ապա՝ Հալէպի Պետական Համալսարանի Իրաւագիտութեան Բաժինը: Միջազգային Օրէնքի մագիստիրոսի վկայականը ստացած է Լոնտոնի Համալսարանի Սքուլ աֆ Օրիենթըլ էնտ Էֆրիքըն Սթատիզէն: Դոկտորականի ուսումն ու տիտղոսը ստացած է Վիեննայի Համալսարանի Իրաւագիտութեան բաժնին մէջ, խորանալով Փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն եւ յատկապէս Լիբանանի ու Թուրքիոյ Հայ Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներուն մէջ: Իրաւաբանութեան երկրորդ մագիստիրոսի վկայականը ստացած է ԱՄՆ-ի Ճորճ Մէյսըն Համալսարանի Անթօնին Սքալիա Իրաբանութեան Դպրոցէն խորանալով Ամերիկեան օրէնքին մէջ:
Համալսարանական ուսման կողքին հետեւած է լրագրական, body-languageի, սեռային հաւասարութեան, ղեկավարման, ժամանակակից մտածողութեան, հանրային ծառայութեան, ճգնաժամերու կառավարման, միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային երկխօսութեան, հակամարտութիւններու լուծման, խաղաղաշինութեան, հաւաքական ինքնութիւններու, հայոց պատմութեան արդի հիմնախնդիրներու դասընթացքներու՝ Լոնտոնի, Երեւանի, Ժընեւի, Պրիւքսէլի,Դամասկոսի, Պէյրութի Վիեննայիի համալսարաններուն եւ ուսումնարաններուն մէջ։
Աշխատանքային փորձ ունի ՄԱԿ-ի զանազան կառոյցներու, իրաւաբանական գրասենեակներու եւ միջ-կառավարական կազմակերպութիւններու մօտ: Ներկայիս KAICIID International Dialogue Centre-ի International Fellows Programme-ի աւագ տնօրէնն է:
ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Փոքրամասնութիւններու բաժանմունք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխատակից է ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Գերագոյն Հաւատարմատարութեան Փոքրամասնութիւններու Իրաւանց բաժանմունքին:
Անդամակցութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխոյժ մասնակցութիւն ունի ազգային, միութենական, ուսանողական եւ երիտասարդական աշխատանքներու: Ներկայիս անդամ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, Հայ Դատի Գրասենեակին, Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց Հայկական Կեդրոնին, Համազգային Կրթական Միութեան (Անգլիոյ Մասնճիւղ 2012-2013), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասրդական Բաժանմունքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-Կրօնական Յանձնախումբին, Երիտասարադ Իրաւաբանններու Միջազգային Կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Միջազգային Իրաւաբաններու Միութեան: Մասնակից եղած է Սուրիոյ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, ՀՄԸՄ-ի ՞Սուրիոյ սկաուտական շարքերուն, Համազգային միութեան, Բերիոյ Հայոց թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուդին, Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդական գրասենեակին եւ այլն:
Մամուլի աշխատակից
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ’աշխատակցի Ազդակին, Գանձասարին, Շաւիղին, Մարզիկին եւ շարք մը երիտասարդական պարբերաթերբերու: Պարբերաբար յօդուածներով հանդէս կու գայ Սփիւռքեան մամուլին մէջ:
խորհրդաժողովներու դասախօս ու զեկուցաբեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մասնակցած է խորհրդաժողովներու, գիտաժողովներու եւ սեմինարներու Օքսֆորտի, Մանչեսթըրի, Լոնտոնի, Ժընեւի, Պէյրութի, Դամասկոսի, Վենետիկի, Պրիւքսէլի, Երեւանի, Տուպայի, Գահիրէի, Աթէնքի, Միւնիխի, Ատիս Ապապայի, Ապուճայի, Քադմանտոյի, Պիոնէս Այրէսի, Պելկրատի, Լիզպոնի, Մատրիտի, Քուալա Լամբուրի, Քոլոմպոյի, Պանկալորի եւ Հալէպի մէջ, երբեմն նաեւ որպէս դասախօս ու զեկուցաբեր: Կազմակերպող դերակատարութիւն ունեցած է բազմաթիւ համաժողովներու, երիտասարդկան հաւաքներու, խորհրդաժողովներու, կլոր սեղաններու, եւ դասընթացքներու, նիւթ ունենալով՝ հայոց ժամանակակից պատմութեան, հայոց Ցեղասպանութեան, Արցախեան հակամարտութեան ու խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին, եւրոպահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու, քարոզչական-յարաբերական մարզի, Հայաստան-Եւրոպական կառոյցներ յարաբերութիւններու, Հայ Դատի ներկայի հոլովոյթին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց եւ այլն:[2]
Սուրիահայերու Խնդիրներու Արծարծում ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհորդին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2014-ին Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի Փոքրամասնութիւններու համաժողովին ելոյթ ունենալով բարձրաձայնած է Սուրիական տագնապին լոյսին տակ, Սուրիահայութեան դիմագրաած վտանգներն ու մարտահրաւէրները, անդրադարձած է Տէր Զօրի մէջ ահաբեկիչներու կողմէ ականազերծուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող համալիրի պայթեցնելուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ պետութիւններու ներկայացուցիչներու հետ քննարկած է Սուրիահայութեան նպաստելու եղանակներ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական Հարց. Գեւորգ Հակոբջյան 20.04.2019
- Հալէպի մէջ մենք մեր Հայաստանն էինք ստեղծեր, առանց հայկական հողի ու հայկական ջուրի…»[permanent dead link]
- Հայոց ցեղասպանութեան արդարացի լուծմանը եւ Արցախի անկախութեան իրաւունքին սատարող հիմնարկ Archived 2020-02-18 at the Wayback Machine.
- Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Դատի «Haytadology» Դասընթացը