Jump to content

Գէորգ Թահթայեան Կիրակնօրեայ Ազգային Վարժարան

Գէւորգ Թահթաեան կիրակնօրեայ դպրոց, գործած է 1967- 1978 թուականին, ունեցած է մօտ 150 աշակերտ։ Ազգային վարժարան, հիմնուած է 1978 թուականին՝ ազգային բարերար Գէւորգ Թահթաեանի նուիրատուութեամբ (100 հազար ֆունտ ստեռյինգ) եւ Անգլիոյ համայնքային եկեղեցական խորհուրդի մշակութային մարմնի նախաձեռնութեամբ։ 1979 թուականին վարժարանը Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ փոքր սրահներէն տեղափոխուած է «Աքթրն հայ սքուլ» կոչուող անգլիական դպրոցի շէնքը։ Վարժարան կ՝ ընդունուին երեք տարեկանէն սկսեալ երեխաներ։ Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի քառամեայ շրջանէն ետք կը սկսի ուսումնական բաժնի յոթնամեայ շրջանը։ Ուսումնական ծրագիրը կը նեռարէ հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, կրօն, երգեցողութիւն եւ վերջերս աւելացած «ընթացիկ հարցեր» առարկաները, որոնք կը դասաւանդուին արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն։ Դասագիրքերը կը ստանան Հայաստանէն, Իրանէն, Ամերիկայէն եւ Վենետիկէն։ Վարժարանը ունի գրադարան, որ կը պարունակէ շուրջ 800 գիրք եւ պարբերական։ Ամէն տարի դպրոց կը յաճախէ 190 220 աշակերտ, ուսուցիչներու թիւը՝ 22-25։ Վարժարանին մէջ կը կազմակերպուին հանդէսներ՝ նուիրուած Թարգմանչաց տօնին, Վարդանանց հերոսամարտին, Ապրիլի 24-ին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։