Գէորգ Ա. Քհնյ. Տէր Յարութիւնեան
Գրիգոր Յարութիւնեան | |
---|---|
Ծնած է | 1892 |
Ծննդավայր | Այնթապ |
Մահացած է | 1979 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | Քարոզելու կարողութիւն |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Ամուսին | Անահիտ մահանալէն ետք վերամուսնացած Մարումի հետ |
Երեխաներ | Շաքէ, Գէըրգ եւ Արամ |
Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Տէր Յարութիւնեան (1892-1979), Աւազանի անունով՝ Գրիգոր, որդի Գէորգի եւ Ովսաննայի, ծնած է Այնթապ, 1892-ին, վախճանած է 1979-ին, Լիբանան։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Տէր Յարութիւնեան (1892-1979), Աւազանի անունով՝ Գրիգոր, որդի Գէորգի եւ Ովսաննայի, ծնած է Այնթապ, 1892-ին։
Ուսումը ստացածէ Ադենականի բարձրագոյն վարժարանին մէջ, զոր փայլուն նիշերով աւարտած է 1909-ին։
Վկայականը ստանալէ ետք, ընտրած է ուսուցչական ասպարէզը եւ 1909-1911 տարիներուն կրթական պաշտօն վարած է հայկական վարժարանին մէջ։ Ապա, 1911-ին զինուորագրուած է ֆրանսական բանակին մէջ, ուր ծառայած է իբրեւեւ ենթասպայ մինչևւ 1920 թուականը։ Ւսկ զինուորական ասպարէզէն հրաժարելէ ետք, կրկին նուիրուած է կրթական կեանքին։
1921-1935 տարիներուն ան ուսուցչկան առաքելութեամր տեղափոխուած է զանազան հայկական գաղութներ ու պաշտօնավարած՝ Ատանայի, Անթիլլիասի, Թրիփոլիի, Ռագգայի, ճիւնիի եւ Թէլ Ապիատի Ազգ. վարժարաններուն մէջ։
Ան ընտրած է իր կեանքի ընկերը՝ Անահիտը, որու հետ պսակուած է 1927-ին։ Ունեցած է երեք զաւակներ՝ Շաքէ, Գէորգ եւ Արամ։
Երբ աոաջին կնոջ մահով դժրախտացած է, տարիներ ետք վերամուսնացած է Մարումի հետ, իր երեք երեխաներուն հոգածութիւնր վստահելով անոր։
Ուսուցչական պաշտօնի բերումով տեղէ տեղ իր թափառումները վերջ գտած են, երբ 1935-ին Ազգ. Իշխանութիւնը զինք հրաւիրած է քահանայութեան։ Իր սիրայօժար Հաւանութիւնը տալէ ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Կ'որոշէ ձերնադրութեան թուականըը։
Քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են Բերիոյ Թեմի Աոաջնորղ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի ձեռամբ, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 28 Յուլիս 1935-ին, վերակոչուելով Տէր Գէորգ։
Քահանայական պատրաստութեան քառասնօրեայ շրջանը լրանալէ ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին ու կրօնական Ժողովին տնօրինութեամբ Տ. Գէորգ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Հասաքէի, Թէլ Ապիատի եւ այլ շրջաններու։
Նիւթական համեստ պայմաններով ան սկսած է քահանայագործել այս փոքրաթիւ գաղութներուն մէջ։ Իրրեւ փորձառու կրթական մշակ, դպրոցին մէջ կրօնական դասեր աւանդած՝ ու իր նոր պիտելիքներով դպրոցին ներքին կեանքը կազմակերպած կըրթական նոը շունչ բերած է այդ յաըկէն նեըս։
Թադականութեան հետ համագործակցաբաը, ան իը կարելին ըրած է եկեղեցիին ու կրթական օճախին նիւթական կարիքները ապահովելու ու զանոնք կանգուն պահելու ու պահպանելու համար։
Նոյն թափով աշխատանք տարած է նաեւ շրջաններուն մէջ։ Հովուական յաճախակի այցելութիւններով հոգեւոր մխիթարութիւն տուած է անոնց, զանոնը Հայց. Եկեդեցւոյ աւանդութիւններուն ու արժէքներուն կառչած պահելու։
Իր քահանայագործութեան րնթացքին մեծ կարեւորութիւն ընծայած է հոգեւոր ու կրթական դաստիարակութեան։ Իր կեանքը իրրեւ եկեղեցական զսպանակուած է քրիստոնէական սկզբունքներով ու զօրաւոր հաւատքով։ Իր մատուցած պատարաքը, աղօթքներն ու մանաւանր քարոզները կրած են հոգեւոր դրօշմ եւ հաւատքի ջերմութիւն, որովհետեւ ապրումով կատարած է այդ րոլոըը։
Աւելի քան 18 տարի, նիւթական ձանր պայմաններով Հասաքէի մէջ քահանայագործելէ ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին բարէհաճ հաւանութեամբ՝ Տէր Գէորգ ընտանեօք տեղափոխուած է Հալէպ 1953-ին եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ Սրիան կոչուած արւարձանի Ս. Յակոր եկեդեցւոյ։
Աւելի քան տարի մը այդ եկեղեցւոյ մէջ քահանայագործելէ ետք, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդին տնօրինութևամբ, ան փոխադրըւած է Պէյրութ ու հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ։
Իրեն յանձնուած է այդ շրջանի բուոբ հայ ընտանիքներու հովւութիւնը։ Համեմատաբաբ աւելի լաւ պայմաններու մէջ քահանայադգրծած է ու հետագային ապրած՝ բարեկեցիկ կեանք մը։
Տարիներու անձնուէր ծառայութեամբ՝ իր հօտին համար հեղինակաւոր դէմք դարձած է։ Իր օրինակելի վարք ու բարքով՝ անխըտիր յարգուած է բոլորէն։ Սակայն եկեդեցական կեանքի յաջողութիւնը անկարող կ'ըլլայ ամոքելու իր հայրական կսկիծը, որ ծնունդ առածէր 27տարեկան իր Գէորգ զաւկին խեղդամահ ըլալէն։
Յառաջացեալ տարիքին, ան կր հիւանդանայ եւ շրջան մը անկողնռյ ծառայելէ ետք կը մահուան 1979-ին, 88 տարեկանին։ Իր թագմանական կարգն ու վերջին օծումը կը կատարուին Տ. Վարդանեպս. Տէմիրճեանի ձեռամբ, 4 Յունուար 1979-ին, էշրէֆիէի Ս. Յակոբ եկեդեցւոյ մէջ, խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարմինը կ'ամփոփուի Պէյրութի հայոց Ադգ. Գերեզմանատունը։
Տարիներու բարւոք ծառայութեան համար ստացած է նախ Լանջախաչ կրելու արտօնութիւնը, 23 Հոկտեմբեր 1944-ին, Մեծի Տանն Իիլիկիոյ Կաթողիկոսական տեղապահ՝ Տ. Խադ Արք. Աջապահեանէն եւ ապա՝ Ծաղկեայ սեւ փիլոն եւ Աւագութեան պատիւ ու տիտղղոս։
ՆԿԱՐԱԳՐԻ ՈԻՇԱԳՐԱԻ ՅԱՏԿԱՆԻՇ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քարոզելու կարողութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տկր Գկորպի արժանիքներէն մէկը՝ լաւ քարոզելու եւ բացատրելու կարոդութիւնն է եղած։ Իրրեւ ընթերցասէր ու փորձառու ուսուցիչ, խօսելու եւ մտածումները պարզաբանելու շնորհքով օժտըւած հոգեւորական եդած է։ Ան մեծ կարեւորութիւն տուած է Աստուածաշունչի եւ կրօնական բովանդակութեամբ գիրքերու ընթերցումին ու սերտողութեան[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 315։