Գէորգ Ախվէրդեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Առաջարկուած է այս եւ Գէորգ Ախվերդեան յօդուածները իրար միացնել: (քննարկում) |
Գէորգ Ախվէրդեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Թիֆլիս |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ, բանասէր |
Գէորգ Ախվէրդեան, բժիշկ, բանասէր-դրող. ծնած է Թիֆլիս 1818-ին:
Շատ փոքր տարիքին որբացած է իր հորմէ եւ եղբայրրներուն հետ մեծցած է անձնուէր մօր մը քուրքուրոտ խնամքին տակ: Նախնական ուսումը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք 1830-ին իր մօրեղբօր Ստեբան Ղամբարեանի միջնորդութեամբ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը կը դրուի. 1834-ին ամենափայլուն քննութիւններով կը հռչակուի ընթացավարարտ: Հազիւ Թողած Լազարեան ճեմարանը, Ախվէրդեան կը նուիրուի բժշկական արուէստի ուսման, ու շատ չանցած կ'աձանագրուի Մոսկուայի բժշկական համալսարանը: Հինգ տարի ետք 1839-ին, դեռ հազիւ 21 տարեկան կե ստանայ բժըշկական վկայականը եւ իտկոյն Թիֆլիս մեկնելով՝ կը կարգուի բանակի բժիշկ:
Այս պաշտօնին մէջ լաւ գործունէութեան համբաւ կ'ունենայ Գէորգ. եւ 1842-ին կը փոխադրուի Ս. Պետերսպուրկ, ուր կ'անուանուի պատերազմական գործերու նախաբարութեան մասնաւոր բժիշկ: Կից բժշկական արուեստի՝ ցոյց կու տայ յատուկ սէր մը դէպի ազգային պատմութեան եւ գրականութեան: Այդ ճիւղերու վերաբերեալ բոլոր հրատաբակութիւնները կե ժողվէ եւ կը կարդայ եւ կ'որոշէ ի սպար կը Թողու Ռուսիոյ մայրաքաղաքը 1846-ին, կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր բոլորովին կե նուիրուի իր նախասիրած ճիւղին, այս է բանասիրութեան եւ հայ լեզուաբանութեան:
Բժշկական արուեստը շարունակելով հանդերձ իր գլխաւոր պարապմունքը կ'ըլլայ հետաղօտել հայ լեզուի ծագման աղբիւրները, այս նպատակին համար կ'որոշէ դաւառական բարբառները մի առ մի ուսուﬓասիել, եւ բժիշկ Պունդրոեանցի միջոցաւ կե ստանայ՝ յայտնի աշուղ Սայեաթ-Նովայի երքերու տետրակը եւ զայն ուսուﬓասիրելէ ետք ամէն մէկ բառին վրայ յատուկ լուսաբանութիւններ եւ ծանօթագրութիւններ պատրաստելով՝ բոլորը մէկ հատորի մե մէջ ամփոփելով կը հրատարակէ 1852-ին՝ հետեւեալ ճակատով. Գուսանք Ա.-Սայեաթ-ՆովաՆ, լուսացածաշխատասիրութիւն ԳէՈՐԳԵԱՅԱԽՎԵՐՍԵԱՆ, Մոսկվա 1852:
Այս գործը ունեցաւ եւ իր երկրորդ հատորը, այն է Գուսանք Բ.-Հայ Աշուղներ զոր իր վաղահաս մահէն ետք իր աղջիկը Օր. Մանէ Ախվէրդեան 1903-ին Թիֆլիսի մէջ լոյս ընծայեց հետեւեալ սիրալիր յիշատականով. "իւր բազմերախտ Հօր Գէորգ Ախվէրդեանի յիշատակին՝ ծնողասիրութեան անկեղծ հաւատեօք՝ նուէր իւր երախտազգած դուստր Օրիորդ Մանէ Ախվերդեանցի": Այս հատորին նախաբանը կը բովանդակէ Գ.Ախվերդեանի կենսագրականը եւ 59 աշուղներու երգերը:
Բանասիրական եւ լեզուաքննական դժուարին պարապուﬓերու հետ, Ախվերդեան բժիշկ կազմած էր եւ ընտանեկան սիրուն բոյն մը, ունեցած էր կեանքի առաքինի ընկերուհի մը եւ զաւակներ, որոնք վաղաժամ կերպով կը խլուին հետզհետէ իր ծոցէն հիւծական ախտիւ. բայց ինքը այս դառն վիշտերուն ու սուգին դիմադրելու համար, գրական աշխատութիւնները միայն վահան կե շինէ իրեն, մինչեւ որ ինքն ալ տակաւ կը ծիւրի եւ երիտասարդ կեանքը կը կնքէ 17 Նոյեմբեր 1861-ին:
Ախվերդեան բացի Գուսանէն պատրաստած է ջուղայեցւոց բարբառով "ժամանակագրութիւն Պետրոս Դ.ի, Սարգիս Գիլանէցի" գործը, որը մահէն ետք հրատարակուեցաւ 1863-ին տեղի ունեցած անցքերը, որուն սկիզբը Յովսէփ Փոնտացեան գրած է գեղեցիկ յառաջաբան մը: Նոյնպէս պատրաստուած է "Յովսէփ կաթողիկոսի Յիշատակարան"ը, սկսեալ 1778 Թուականէն մինչեւ 1793: Այս գործն ալ հրատարակուած է Կրունկի մէջ 1863-ին: Ախվերդեան միշտ մասնակցած է նաեւ ազգային ժողովներու: