Գետնադամբանք
Գետնադամբանք (անգլերէն՝ Catacombes), ստորգետնեայ անցումներ, որոնք հին ատեն օգտագործուած են կրօնական ծիսակատարութիւններու եւ թաղումներու համար։ Գետնափոր գերեզմաննոցներուն ամէնէն համբաւաւորներն են Հռոմինները[1][2], ուր առաջին քրիստոնեաները գաղտնօրէն կը թաղէին իրենց մեռելները եւ կը կատարէին իրենց կրօնական արարողութիւնները, մինչեւ Կոստանդիանոս Ա. Կայսրին (274-333) հրամանով քրիստոնէութեան ճանաչումը որպէս պետական կրօնք՝ Հռովմէական կայսրութեան տարածքին:
Դամբարաններուն նկարչութիւնները մասնաւորաբար ուշագրաւ են: Ստորերկրեայ դամբարաններ ունի նաեւ Փարիզ, նուազ շահեկան, որոնք կազմուած են նախկին քարահանքերէ, եւ որոնք սկիզբը գործածուած են քրիստոնէական նոյն նպատակներով, շուրջ երկու դար առաջ վերածուելու համար Փարիզի տարբեր գերեզմաններէ փոխադրուած մօտաւոր վեց միլիոն աճիւններու ներկայ տարածուն Գետնադամբանքին:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Other examples include a Neolithic long barrow, an Ancient Egyptian necropolis, or modern underground vaults such as the Catacombs of Paris.
- ↑ Reich Ronny, Katzenstein Hannah (1992)։ «Glossary of Archaeological Terms»։ in Kempinski Aharon, Reich Ronny։ The Architecture of Ancient Israel։ Jerusalem: Israel Exploration Society։ էջ 312։ ISBN 978-965-221-013-5։ «(Latin: catacumbas - district near ancient Rome where one of the earliest Christian cemeteries was located). Subterranean rock-cut burial complex.»