Jump to content

Գարլօ Շահինեան

Գարլօ Շահինեան, սկաուտական շարժումի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրանդամ։

Մարզական կեանքին մէջ Գարլօ Շահինեանի մասնակցութիւնը կու գայ պատանեկութենէն, երբ տակաւին Պէրպէրեանի սան՝ իր շուրջ հաւաքած է Սկիւտարի տղաքը եւ հիմը դրած է «Հայորդիք» միութեան։

Այդ միութիւնը մէկը կ'ըլլայ 1915-էն առաջ սկաուտական շարժումի յարողներէն։ Շահինեան եղած է նաեւ մարզիկ, մասնակցած է մրցաշարքներու՝ բարձրութիւն ցատկելով։

Զինադադարին ինք կ'ըլլայ «Հայորդիք»ը ներկայացնողը այն պատմական ժողովին, ուր հիմը կը դրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Կ'ընտրուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ կ'ըլլայ աթլեթիզմի բաժնի վարիչ։

16 ­Նո­յեմ­բեր 1918-ին, Շահինեան հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վի ան­դամ­ներէն էր։

Միաժամանակ, ան կը շարունակէ ըլլալ Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավարներէն։ Սկիւտարի մրցաշարքերուն գլխաւոր կազմակերպիչը եղած է, իսկ զանազան թաղերու եւ ընդհանուր մրցաշարքներու մէջ՝ իրաւարար, խորհրդատու եւ յանձնախումբի անդամ։

20 Մարտ 1921-ին Շիշլիի Գարակէօզեան որբանոցին մէջ տեղի կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով, 16 մասնաճիւղերէ ղրկուած 46 պատգամաւորներով։ Ժիրայր Խորասանճեանին, Հայկ Ճիզմէճեանին, Պօղոս Շապոյեանին, Գրիգոր Յակոբեանին, Վահրամ Փափազեանին հետ միաժամանկ ան կ'ընտրուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ[1]։

1922-ին կ'անցնի Պուլկարիա, 1925-ին՝ Փարիզ, ուր մինչեւ իր մահը կը շարունակէ կապուած մնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ ընդհանուր ձեռնարկներուն բերել իր եռանդուն մասնակցութիւնը։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. MultiTek.me։ «Հ.Մ.Ը.Մ. - Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն - Պաշտօնական Կայք»։ www.homenetmen.org 
  • Մարզիկ Ամսաթերթ։
  • Հ․Մ․Ը․Մ-ի Յուշամատեան։