Jump to content

Հայկ Ճիզմէճեան

Հայկ Ճիզմէճեան

Հայկ Ճիզմէճեան պոլսահայ ազգային գործիչ։ Անոր անունը հայկական մարզական կեանքին կապուած է 1918-էն ետք։

Ա. Համաշխարհային Պատերազմէն առաջ Հայկ Ճիզմէճեան անդամ էր Սկիւտարի Րաֆֆի Յառաջդիմական մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութեան եւ կազմակերպողներէն էր անոր արշաւներուն։ Մաս կը կազմէր կազմակերպութեան գործադիր մարմնին, իսկ 1913-ին մաս կը կազմէր Սկիւտարի Հայ Սկաուտներու տեղական ժողովին։ 1922-ի վերջաւորութեան ան կ'անցնի Եգիպտոս, ուր իր ազգային գործունէութիւնը անհամեմատօրէն կը նուազի, թէեւ իր գրութիւններով ան նոյն խանդն ու հաւատքը կը ցուցաբերէ մինչեւ իր մահը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր այս կապը առիթ կը հանդիսանայ, որ Զինադադարի առաջին օրերուն ինք եւս մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր ժողովին ու դառնայ կազմակերպութեան հիմնադիրներէն մէկը։ Ան մեծ եռանդով կը նուիրուի նորաստեղծ շարժումին ու անոր անդամներուն հոգեկան ու բարոյական զարգացման։ Մարզական ոչ մէկ բաժին կը ստանձնէ, բայց կ'ըլլայ ամէնուն հետ, ամէն տեղ ու ամէն ատեն, նոյնիսկ իր վաճառատունը ձեւով մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի գրասենեակը դարձնելով։ Անշուշտ, այս բոլորին մէջ զգալի դեր կը կատարեն ոչ միայն մարզական կամ սկաուտական նիւթերու իր ծանօթութիւնը, այլ նաեւ՝ իր ոգին, նկարագիրը, խառնուածքին ջերմութիւնը եւ ընկերական ու ջանադիր տրամադրութիւններն ու ներքին ջերմ հաւատքը՝ գործին վսեմութեան հանդէպ։ Ճիզմէճեան ունէր խօսելու շնորհ ու յաճախ կը բանախօսէ ու կը դասախօսէ։

  • Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Հալէպ մասնաճիւղի սկաուտական Բ․ կարգի գիտելիքներու թերթիկ, 1998