Գագիկ Օզանեան
Գագիկ Օզանեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1882 |
Ծննդավայր | Շապին Գարահիսար, Կիրեսուն, Թուրքիա |
Մահացած է | Ապրիլ 1915 |
Մահուան վայր | Սեբաստիա |
Մասնագիտութիւն | ուսուցիչ |
Աշխատավայր | Հնչակեան Յեղափոխական Գործիչ |
Գագիկ Օզանեան, (1882, Շապին Գարահիսար - 1915, Սվազ), հայ ազգային ազատագրական պայքարի գործիչ, մանկավարժ, Անդրանիկի հօրեղբօրորդին[1]։
Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Սուրբ Փրկիչ դպրոցին մէջ։ Ապա, իր ուսումը շարունակած է Մարզուանի Անատոլիա Գոլէճը։ Պահ մը զբաղած է առեւտուրով։ Ան իբրեւ Հնչակեան գործիչ ձերբակալուած է ու տարուած է Կիրասոնի ու Տրապիզոնի բանտը, մէկուկէս տարի։ 1903-1906 իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է իր ծննդավայրի վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, որպէս տնօրէն պաշտօնավարած է Մարզուանի Սուրբ Սահակեան վարժարանին մէջ։ Հոն ստանձնած է հայերէն լեզուի, քաղաքական տնտեսութեան եւ առեւտուրի դասաւանդումը։
1909-ի Ապրիլին, Ատանայի կոտորածներու ժամանակ, կազմակերպած է Շապին Գարահիսարի ինքնապաշտպանութիւնը։ Աշխատակցած է Պոլսահայ թերթերու։ Մարզուանի մէջ հրատարակած է «Հայկունի» երկշաբաթաթերթը։ Ինչպէս նաեւ 1912-ին կը հրատարակէ «Հայապատում», եւ 1913-ին՝ «Պատմութիւն Հայ Լեզուի եւ Բանահիւսութեան»։ Այս երկու ուշագրաւ եւ երկարաշունչ երկասիրութիւնները ցոյց կու տան հեղինակի բանասիրութեան ու պատմութեան մէջ ունեցած իր հմտութիւնը։ Զոհ գացած է 1915 Ապրիլին, Սվազի մէջ[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ճանաչենք Մեր Մեծերին
- ↑ «Յուշարձան Ապրիլ Տասնմէկ, Թէոդիկ, Կ. Պոլիս, 1915 «Արզուման» Հրատարակչութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-04-04