Բրաբիոն (գրչուհի)

Բրաբիոն գրչուհի (1750, Կ. Պոլիս -1835, Կ. Պոլիս), հայ գրչուհի։ Ան մեծ քանակութեամբ ձեռագիրներու ընդօրինակութեամբ, եղած գրչուհիներունի մէջ իր առանձնայատուկ տեղը գրաւած է։

Բրաբիոն նօտար հայ գրչուհիներէն ամենէն նշանաւորը եղած է։ Զինք կոչած են նաեւ Բրաբիոն Պոլսեցի, Բրաբիոն Պալաթեցի եւ այլ անուններով:

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Կոստանդնուպոլիս։ Բնակած է Կ. Պոլսոյ Պալաթ թաղի Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ առընթեր կացարաններէն մէկուն մէջ, ուր տեղաւորուած էր իր եղբօր ընտանիքը, եւ ձեռագիր ընդօրինակելու արուեստն ալ սորված է իր եղբօր՝ Մատթէոս դպիրի օգնութեամբ:

Քսան տարեկանէն ան նետուած է ձեռագիրներ եւ գիրքեր ընդօրինակելու ասպարէզ, ունեցած է գեղեցիկ դպրագիր ձեռագիր: Պալաթի Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դպրանոցին մէջ ալ ընդօրինակած է ձեռագիրներուն մեծ մասը: Նիւթական ծանր պայմաններու բերումով նոյնիսկ գիշերները աշխատած է՝ մինչեւ նոյնիսկ 65 տարեկան։

Այս կինը, որ իր եղբօր հետ մանկատուն մը կը վարէր Պալաթ ԺԸ դարուն վերջերը եւ ԺԹ֊ի սկիզբերը, ընդօրինակած Է բաւական թուով ձեռագիրներ, որոնցմէ երկուքը Վիեննայի վանքը կը գտնուին, մէկ քանին ալ Արմաշու վանքը և Պալաթու եկեղեցին։ Ես առիթ ունեցած եմ տեսնել Պալաթու Ս․ Հրեշտակապետ եկեղեցուն գանձարանին մէեջ Բրաբիոն նօտարի խղճամիտ կանոնաւորութեամբ ընդօրինակուած մէկ գրչագիրը, որու ձեւաւոր տառերը շատ նպաստաւոր գաղափար կուտան անոր գեղագրական ճաշակին վրայ։


Բրաբիոն վերջին ձեռագիրը արտագրած է 1815 թուականին: Ան եղած է նաեւ մանկավարժ, իր տան մէջ դպրոց բանալով աշակերտներուն կրթութիւն տուած է:

Մեզի հասած են Բրաբիոն գրչուհիին ընդօրինակած ու ծաղկած ձեռագիրներէն 17-ը, որոնցմէ ինն սփռուած են աշխարհի զանազան անկիւնները, մասնաւորապէս Պոլիս:

Բրաբիոնը հայ կիներէն նաեւ աոաջինն է, որ զբաղած է տպագրական գործով, այս գործին մէջ նոյնպէս աջակցած է եղբօրը: Մահացած է 85 տարեկանին՝ 1835 թուականին եւ թաղուած է Պոլսոյ Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ, եղբօր՝ Մատթէոսին քով։

Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ կարելի է տեսնել Բրաբիոնի ընդօրինակած ձեռագրերէն[1]:

Ծանօթագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-09 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]