Jump to content

Բրաբիոն Նօտար Պալատեցի

Կաղապար:Merge

Բրաբիոն Նօտար Պալատեցի
Ծնած է 1750
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1835
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն գրիչ, մանկավարժ

Բրաբիոն Նօտար Պալատեցի (1750, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1835, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ գրչուհի, մանկավարժ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան ծանօթ է իբրեւ Բրաբիոն գրագրուհի,ծնած է 1750-ին «Պալատ»ի մէջ, Պոլիս։ Ան՝ քոյրն էր Մատթէոս Պալատեցի դպիրին, որ Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ կից բացած էր տպարան, եւ երկար տարիներ շարունակ վարած էր մայր դպրատան տպարանը։

Բրաբիոն գրագիտուհի՝ այսպէս կը կոչենք զինք համաձայն իր ստորագրութեան, եղբօր հետ միասին բացած էր մանկատուն մը, ուր կը դասաւանդէր մանուկներուն։ Ան սատարած է նաեւ եղբօր տպարանին՝ աջակցելով անոր աշխատանքներուն։ Բրաբիոն բարեպաշտ կեանք մը ապրած է։ Մինչեւ իր կեանքին վերջը կոյս մնացած՝ եւ ինքզինք նուիրած է գրագրութեան։ Խնամուած աշխատանքով եւ մաքուր գիրով ընդօրինակած է մեծահատոր ձեռագրեր։ Այդ ձեռագրերէն շատերը կը մնան Արմաշի վանքին եւ Պալատի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ գանձարանին մէջ։ Տարած աշխատանքէն ի յայտ կու գայ, որ Բրաբիոն շատ լաւ կը տիրապետէր հայերէն լեզուին։ Իր ձեռագրերէն են՝ «Համառօտ նախապատմութիւն Ս. Ժողովոյն Նիկիոյ», որ առաջին տիեզերական ժողով եղած է։

Մեռած է 1835-ին Պալատի մէջ՝ եղբօր մահէն 10 տարի ետք։ Թաղուած է Էտիրնէ Գաբուի գերեզմանատան մէջ, Պոլիս։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։