Բիւզանդ Կռանեան
Բիւզանդ Կռանեան (Չէքիճեան), Այնթապ, Կիլիկիա, 1 Մայիս 1912 - 30 Հոկտեմբեր 2004, Լոս Անճելըս), արձակագիր, բանաստեղծ, հանրային գործիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կռանեան ծնած է Այնթապ։ Կրտսեր զաւակն էր Յովհաննէս Չէքիճեանի եւ Եփրուհի Տէմիրճեանի: Ունէր վեց քոյրեր եւ եղբայր մը: Մանուկ հասակին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, մօրը հետ (հայրը կը մահանայ 1915-ին) ապաստանած է Համա (Սուրիա), 1920-ին, իր ծննդավայրի հայութեան ինքնպաշտպանութեան մարտերէն ետք։ Մայրը եղած է թրքախօս, ինչպէս եղած են գրեթէ իր բոլոր հայրենակիցները. հետեւաբար՝ Կռանեան եւս թրքախօս եղած է մինչեւ տասնմէկ տարեկան։ Մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչ ունեցած է Համայի հայ քահանան։ 1922-ին մեկնած է Եգիպտոս, 1923-ին՝ Յունաստան եւ 1924-ին վերստին Եգիպտոս, ուր հաստատուած է վերջապէս։ Յաճախած է Աղեքսանդրիոյ «Պօղոսեան» ազգային վարժարանը, որուն ընթացքը լրացուցած է 1926-ին՝ Նիկոլ Աղբալեանի տնօրէնութեան ու Լեւոն Շանթի ուսուցչութեան օրով։ Թէեւ նոյն տարին իսկ կը սկսի յաճախել ֆրանսական «Սենթ Գաթըրին» երկրորդական վարժարանը, սակայն նիւթական պատճառներով կը հարկադրուի ընդհատել ուսման ընթացքը, երկու տարի գրասենեկային պաշտօն ստանձնելով Զակազիկի ծխախոտի «Կամսարական Տան» մէջ, որուն ընդհանուր տնօրէնը, այդ օրերուն, Գասպար Իփէկեանն էր։
1930-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ Հայ Գիւղատնտեսական Միութեան «Աւետիս Ահարոնեան սան» եւ կ՚աւարտէ Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանի գիւղատնտեսական դասընթացքը։ Նպատակն էր ճարտարապետ դառնալ, սակայն նիւթական միջոցները թոյլատրելի չէին։ Կը հարկադրուի վերադառնալ Եգիպտոս (Գահիրէ), ուր եղբօր՝ Գէորգին հետ կը հաստատէ գծագրային եւ տպագրական անձնական գրասենեակ։
1951-ին կը հրաւիրուի Կիպրոս, հանրային գործով, ապա՝ 1952-ին՝ Յունաստան։
1952-1955 կը վարէ Աղեքսանդրիոյ «Պօղոսեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը։
1956-ին կը հրաւիրուի Հիւսիսային Ամերիկա, իբրեւեւ Հ.Յ.Դ. կուսակցական գործիչ՝ երկու տարուան համար եւ կը պաշտօնավարէ իբրեւ վարիչ-քարտուղար մինչեւ 1981:
Ստեղծագործութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1945-1975 թուականներուն եւ մինչեւ մեր օրերու սփիւռքեան գրականութեան մէջ իր վաստակով յայտնի անուն մը: Կռանեան իր քերթողական թէ արձակ գործերուն մէջ՝ նուրբ զգայնութեան միացուցած է մտածողական տարրերը եւ հաւասար տաղանդով կ'արժեւորէ մարդուն ու կեանքին սեւեռող իր բազմակողմանի ստեղծագործութիւնները։ Որքան դասականին՝ նո՛յնքան եւ արդի գրական հոսանքներուն հետ իր հաղորդականութեամբ, ըստ խորքի թէ ձեւի գիտցած է թարմանալ, քալել ժամանակին հետ եւ գրական իր սեւեռումները վերածել ապրումով, թելադրական ներուժութեամբ ու կառուցուածքային ամրութեամբ յատկանշուող որակաւոր իրագործումներու։ Քերթողական թէ արձակ ստեղծագործութեանց բաղդատական քննարկումով կարելի է անվրէպ հաստատել, թէ Կռանեան իմացական վերանորոգումի եւ արտայայտչական կարելիութիւններու տեսակէտով դէպի վերելք դիմող արուեստագէտն է, լեզուական համապատասխան շնորհներով օժտուած, առանց կորսնցնելու զգայնութեան տրոփը՝ իմացապաշտ իր ուսուցումներուն մէջ։
Գրական իր վաստակին մաս կը կազմեն արձակ բանաստեղծութեանց երկու հատորներ՝ «Կեանքը մերն է հիմա» (1948) եւ «Խենթութիւն սրբազան» (1955), երկարաշունչ վէպ մը՝ «Հայկական Կատակերգութիւն» (1967), եւ հայրենական տպաւորութիւններ համադրող հատոր մը՝ «Հայաստան եւ Հայը» (1977)։
Այս գործերը, գրական պարբերականներու եւ օրաթերթերու մէջ ցրուած իր զանազան էջերը, ինչպէս եւ քերթուածներու, դէմքերու, պատմուածքներու եւ թատերախաղերու թիւ մը 1975-ին, 1980-ին եւ 1981-ին համադրաբար հրատարակուեցան «Ամբողջական գործեր»-ու Ա., Բ. եւ Գ. ստուար հատորներով[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Գ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։