Jump to content

Բժշկական Բարոյագիտութիւն

Հիփոկրատի երդումը

Բժշկական բարոյագիտութիւնը կը ներառէ որոշ խնդիրի մը ուսումնասիրութիւն, սովորաբար` քլինիքական դէպք մը, եւ արժէքներու, փաստերու ու տրամաբանութեան օգտագործում` որոշելու համար, թէ ի՛նչ է լաւագոյն ձեւը գործելու[1]:

Որոշ բարոյագիտական խնդիրներ բաւական պարզ են, օրինակ` ճիշդը սխալէն զատորոշելը: Բայց այլ խնդիրներ կրնան նաեւ շփոթ ստեղծել, օրինակ` որոշել երկու «իրաւունքներու»` երկու արժէքներու միջեւ, որոնք կը հակասեն զիրար, կամ որոշել երկու տարբեր արժէքային համակարգերու միջեւ, օրինակ` հիւանդի եւ բժիշկի միջեւ[2]:

Բժիշկները նոյնիսկ բժշկական փոքր գործողութիւններու ատեն կրնան առնչուիլ բազմաթիւ տարակուսելի բարոյագիտական խնդիրներու:

Որոշ ընդհանուր խնդիրներ, բացայայտուած են 2016-ին, Medscape-ի հետազօտութեան ատեն, ուր որոշ բժիշկներ տարբեր կարծիքներ ունեցած են.

  • Բուժման յետաձգում` կազմակերպութեան պիւտճէն բաւարարելու, կամ ապահովագրական քաղաքականութեան պատճառով,
  • Դեղագործական կամ բժշկական սարքեր արտադրողներէ դրամական միջոցներու ընդունում,
  • Ախտորոշման ու բժշկական պարագայի խեղադիւրում` բուժման ապահովագրումը ձեռք բերելու համար,
  • Սիրային յարաբերութիւններ հիւանդին կամ ընտանիքի մէկ անդամին հետ,
  • Սխալներ պահելը,
  • Placebo-ի դեղագրում,
  • Պաշտպանական բժշկութեան գործադրում` դատական խնդիրներէ խուսափելու համար:

Բարոյագիտական հարցերը որոշելու հիմնական արժէքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բազմաթիւ արհեստավարժ բարոյագէտներ կը յանձնարարեն օգտագործել հիմնական չորս արժէքներ կամ սկզբունքներ` բարոյագիտական հարցերը ճշդորոշելու համար.

  • Ինքնավարութիւն.-Հիւանդները հիմնականօրէն իրաւունք ունին ընդունելու կամ մերժելու իրենց յանձնարարուած առողջական խնամքը,
  • Արդարութիւն.- Առողջական խնամքի օգուտներու եւ բեռի (burden) բաշխում հասարակութեան մէջ,
  • Բարերարութիւն.- Հիւանդին համար լաւութիւն ընելը,
  • Չարագործութիւն չընելը.-Վստահ ըլլալ, որ հիւանդին վնաս չի հասցներ խնամողը:

Սակայն բարոյագիտական արժէքները չեն սահմանափակուիր միայն այս չորս սկզբունքներով: Կան նաեւ այլ կարեւոր արժէքներ, զորս պէտք է հաշուի առնել, ինչպիսիք են` ճշմարտութիւնը, թափանցիկութիւնը, ինչպէս նաեւ` յարգանք ցուցաբերելը հիւանդներուն, անոնց սեփական արժէքներուն եւ ընտանիքներուն նկատմամբ:

Բժշկական բարոյագիտութիւնը պարզապէս միտքի գործընթաց մը չէ: Այդ մէկը նաեւ կը ներառէ մարդկային հմտութիւններ, ինչպէս անհրաժեշտ փաստերու հաւաքումը` որոշում կայացնելու համար եւ այդ մէկը ներկայացնել այնպէս, որ շահի բոլոր կողմերու վստահութիւնը:

Ունկնդրելու հմտութիւնները բժշկական բարոյակագիտութեան կարեւոր մէկ մասն են: Շատ յաճախ բարոյագիտական վէճերը պայմանաւորուած են բոլոր փաստերուն տեղեակ չըլլալու կամ հիւանդներուն բոլոր փաստերը չտրամադրելու պատճառով: Կարեւոր են նաեւ նրբանկատութիւնն ու յարգանքը: Լաւ ձեւով կառուցուած բարոյագիտական որոշումը կրնայ անտեսուիլ, եթէ խրատողը չէ շահած հիւանդին վստահութիւնը:

Բարոյագիտութիւնը յաճախ կը դիտուի իբրեւ արգիլող գործունէութիւն` հիւանդին ըսելով, թէ ի՛նչ կրնայ ընել: Բայց շարք մը պարագաներու, ան կրնայ մեծ ազատութիւն տալ: Ան կրնայ հաստատել, որ հիւանդը ճիշդը է: Եթէ խրատողը գտնուի բարոյագիտական պատշաճ մտածողութեան մը գործընթացին մէջ, անձնապէս աւելի մեծ վստահութիւն կ'ունենայ, որ այն, ինչ կ'ընէ, ճիշդ է: Ձերբազատուելով յուզող կասկածներէ` կրնայ աւելի անմիջական եւ աւելի եռանդով շարունակել իր խնամքի ծրագիրը:

Որովհետեւ առողջապահական համակարգը կը զարգանայ, բարոյագիտական որոշումները կը դառնան աւելի դժուար: Օրինակ, մատչելի ապահովագրութիւն գտնելու հարցով աճող դժուարութիւնները կը ստիպեն հիւանդները հրաժարելու իրենց անհրաժեշտ խնամքէն, եւ այդ մէկը կ'ազդէ բժշկական խնամքի ծրագիրին վրայ:

Բժշկական բարոյագիտութեան գործնական հետեւանքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որոշ բժիշկներ կը կարծեն, որ բժշկական բարոյագիտութիւնը շատ փոքր շրջանակին կողմէ ճանչցուած դաշտ մըն է, որ հեռացուած է քլինիքական կիրարկման գործնական նկատառումներէն: Բժշկական բարոյագիտութիւնը նախ եւ առաջ խիղճի խնդիր է, բայց ան նաեւ ունի գործնական շարք մը հետեւանքներ եւ կիրարկութիւններ:

Բժշկական բարոյագիտութեան լրջօրէն վերաբերելու քանի մը պատճառներէն են.

  • Օգնել` ընտանիքի, հիւանդներու, բժիշկներու կամ այլ կողմերու միջեւ տեղի ունեցած վէճերը լուծելու համար. Յաճախ ներգրաւուած կողմերը կը գործեն խստօրէն յոյզերու վրայ հիմնուելով. բան մը, որ կը դժուարացնէ տրամաբանական եւ արդար որոշում կայացնելը: Բարոյագիտութիւնը կ'աւելցնէ նոր հարթութիւն մը (dimension)` որոշում կայացնելը  դիւրացնելու համար:
  • Մաքուր խիղճը պահպանել. Բոլոր բժիշկները կ'ուզեն վստահ ըլլալ, որ ճիշդ վարուած են: Բարոյագէտ բժիշկ ըլլալը աւելի կարեւոր է, քան` դրամ կուտակելը կամ կարելի եղածին չափ շատ հիւանդներ տեսնելը:
  • Որպէսզի խրատողը ինքզինք անտեղեակ ցոյց չտայ. Բժիշկները, երբեմն գայթակղելով, սխալ որոշումներ կը կայացնեն, որովհետեւ անոնք չեն հասկցած իրենց դերը, չեն մտահոգուած ճշդորոշելով որոշ հարցի մը բարոյագիտական մարտահրաւէր ըլլալը, կամ չեն մտածած իրավիճակին մասին` մինչեւ իր տրամաբանական աւարտը:
  • Հիւանդներուն յարգանքը վաստակելու ու պահելու համար. Բարոյագիտական սխալ քայլերը կրնան ոչնչացնել բժիշկին եւ հիւանդին միջեւ կապը: Հիւանդները յաճախ անուղղակիօրէն կը վստահին իրենց բժիշկներուն, բայց երբ այդ վստահութիւնը խախտի, դժուար է զայն վերականգնել:
  • Պահպանել յարգալից յարաբերութիւններ այլ բժիշկներու հետ. Խրատողին գործընկերները յաճախ շատ յստակ կարծիքներ ունին այն հարցերուն մասին, որոնք բարոյագիտական են: Բարոյագիտութեան դերին ձեւաւորումը կը ստեղծուի այն մարդոց կողմէ, որոնք կը կիրարկեն բարոյագիտական որոշումներ կայացնելու որեւէ ձեւ:
  • Որոշ արդիւնաւէտութիւն պահպանելու համար. Թէեւ բարոյագիտական որոշումներ կայացնելը յաճախ կը պահանջէ յաւելեալ ժամանակ, ան նաեւ կրնայ ժամանակ խնայել` կանխատեսելով տարակարծութիւնները, որոնք կրնան դանդաղեցնել բժշկական խնամքի գործընթացը: Եթէ խրատողը բարոյականագիտութեամբ չի մօտենար, հիւանդները կամ այլ խնամակալները, որոնք ընդվզած են իր որոշումներէն, կրնան լրջօրէն խոչընդոտել իր աշխատանքը:
  • Տագնապները նուազեցնելու համար. Տագնապներու պատճառներէն մէկը բժիշկներու անձնական արժէքներու եւ անոնց կազմակերպութեան արժէքներու անհամապատասխան ըլլալն է: Այն բժիշկները, որոնք կրնան նկարագրել իրենց բարոյագիտական մտահոգութիւնները եւ օգտագործել բանակցային հմտութիւններ, կրնան փոխել կազմակերպչական այն քաղաքականութիւնները, որոնք տագնապ կը յառաջացնեն:

Բարոյագիտական որոշումները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բարոյագիտական որոշումները կը պահանջեն խորհրդակցական ոճ, եւ այդ մէկը կ'ըլլայ սովորականէն աւելի (ինչպէս, օրինակ, երբ շատ մը բժիշկներ որոշումներ կը կայացնեն քլինիքական կիրարկումներէ դուրս): Բժիշկները պէտք է տեղեկութիւններ հաւաքեն, ուսումնասիրեն բարոյագիտական խնդիրները եւ, անհրաժեշտութեան պարագային աւելի շատ հարցադրումներ կատարեն:

Այս գործողութիւնները կատարելու ժամանակ ունենալու համար խրատողը չի կրնար անընդհատ ծանրաբեռնուած ըլլալ աշխատանքով: Իբրեւ բարոյագէտ բժիշկ` ան պէտք է դասաւորէ իր ժամանակը, արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելով զայն բժշկական տեղեկութիւններ ստանալու եւ որոշ պարտականութիւններ փոխանցելու համար որակաւորուած այլ խնամակալներու:

Խնամողը նաեւ կարելիութիւն ունի իր որոշումները գործընկերներու հետ կիսելու: Եւ երբ մշակէ բարոյագիտական խնդիրը, շատ աւելի դիւրին կ'ըլլայ զայն դիմակայելը, եթէ հանդիպի անոր անգամ մը եւս: Այս պարագային, հիմնական ռազմավարութիւն մը կ'ունենայ:

Ճշգրիտ խնդիրի վերաբերեալ օգտակար բարոյագիտական եզրակացութեան հասնիլը կը նշանակէ սկսիլ կայուն արժէքներէ, զորս մարդոց մեծամասնութիւնը կրնայ ընդունիլ, օրինակ` պահպանել հիւանդներու առողջութիւնը, անոնց ըսել ճշմարտութիւնը եւ մարդոց որոշելու իրաւունք տալ, եթէ անոնք կը փափաքին մաս կազմել բժշկական փորձարկումի մը: Այս հիմնական արժէքները հազուադէպօրէն կրնան վէճի առարկայ դառնալ:

Բազմաթիւ այլ արժէքներ նոյնպէս լայնօրէն ընդունուած են, օրինակ` հիւանդին ինքնավարութիւնը: Նոյնը կը վերաբերի հիւանդներուն հետ արդար ըլլալուն, այսինքն` բոլոր հիւանդներուն, ըստ էութեան, նոյն ձեւով վերաբերիլ առողջապահական անհրաժեշտ որոշումներու պարագային:

Բայց միշտ չէ, որ այդ մէկը այդքան դիւրին է: Այս լայնօրէն ընդունուած արժէքները յաճախ կը հակասեն զիրար: Օրինակ, երբ հիւանդները կը մերժեն բուժում մը, որ կրնայ օգնել իրենց, բժիշկը կը տարակուսի հիւանդի ինքնավարութիւնը յարգելու եւ հիւանդին համար լաւագոյնը ընելու միջեւ:

Նոր հիւանդներու դիմաց քլինիքի դռները գոցելը բարոյագիտական երկընտրանքի եւս մէկ օրինակ մըն է: Բժիշկները լիովին արդարացուած են, եթէ անոնք չեն ընդունիր դուռնէն մտնող իւրաքանչիւր հիւանդ: Իւրաքանչիւր հիւանդ ընդունիլը կրնայ լաւ գործարքի մը որոշում ըլլալ կամ չըլլալ: Այնուամենայնիւ, հիւանդը մերժելը կրնայ նշանակել, որ հիւանդը չի ստանար իրեն համար պէտք եղած անհրաժեշտ խնամքը: Բազմաթիւ բժիշկներ կը պայքարին այս բարոյագիտական որոշման դէմ:

Այս երկընտրանքին վրայ աշխատելէ ետք, դուք դեռ կրնաք որոշել ձեր դռները փակելու մասին, բայց տակաւին կը մտածէք այդ հարցին մասին: Կը հասկնաք, որ այն մարդիկը, որոնց երես կը դարձնէք, տակաւին բժիշկի պէտք ունին, եւ որոշ բժիշկներ այս պարագային կրնան որոշել գտնել միջոց մը, որով կրնան օգնել այդպիսի մարդոց` առանց տագնապելու, օրինակ` երբեմն կամաւոր ձեւով աշխատելով անվճար քլինիքներու մէջ:

Բարոյագիտութիւն, բարոյականութիւն եւ կրօն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բժշկական բարոյագիտութիւնը կը տարբերի բարոյականութենէն. բարոյագիտութիւնը հիմնուած է արժէքներու եւ բանականութեան վրայ, եւ ան կ'օգտագործէ համոզումը` իր ուղերձը հասցնելու համար, մինչդեռ բարոյականութիւնը կը ներառէ առանձնայատուկ հաւատքի համակարգի կամ վարքագիծի կանոններու պահպանում:

Բարոյականութիւնը կը հիմնուի հեղինակութեան վրայ, ինչպէս, օրինակ, Աստուածաշունչը, որ կ'արդարացնէ անհատին ուղերձը: Բարոյականութիւնը միայն կրօնը չի ներառեր: Ան կրնայ ըլլալ նաեւ քաղաքական կամ անձնական, օրինակ` ունենալով ֆաշիստական կամ համայնավարական տեսակէտ, որ հիմնուած է հաւատքի կամ աւանդոյթի վրայ, եւ ոչ թէ՛ փաստերու կամ փաստարկներու:

Ի հակադրութիւն` բժշկական բարոյագիտութիւնը ունի լուծումներու ճկուն փաթեթ: Անիկա հիմնուած է փաստերու եւ տրամաբանութեան վրայ, եւ ոչ թէ` կրօնական վարդապետութեան: Դուք կրնաք ունենալ քաղաքական կարծիքներ-հակումներ եւ կրօնական հաւատք, բայց խրատողը պէտք է զանոնք մէկ կողմ դնէ, երբ բարոյագիտական կարծիք մը ձեւաւորէ եւ կ'առաջարկէ անոնց, որոնք չեն հետեւիր իր անձնական բարոյականութեան:

Որոշ մարդիկ բժշկութիւնը կը համարեն գրեթէ որպէս «նոր կրօն»: Մարդիկ յաճախ բժիշկի մօտ կու գան նոյն այն յոյսով, որմով կը դիմեն նախարարի մը մօտ. «Օգնէ՛, փրկէ՛ զիս»:

Պարզապէս բժշկական երեւոյթները դիտարկող մաքուր գիտնականը ըլլալով ձեռներէց` գործնական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ կեանքի, հիւանդութեան եւ մահուան նկատմամբ: Գիտութեան անհրաժեշտ է բարոյագիտական շրջանակ` զայն մարդասիրական դարձնելու համար:

Բարոյագիտական որոշումները պէտք է յարգեն հիւանդներու արժէքներն ու վերաբերմունքը: Եթէ հիւանդները դէմ են իրենց զաւակը պատուաստելուն կամ արեան փոխներարկման, անոնց համոզմունքները պէտք է հաշուի առնել:

Հիւանդին ցանկութիւնները յարգելը գործնական հետեւանք կրնայ ունենալ: Այն բժիշկները, որոնք պարզապէս կ'անտեսեն հիւանդը, յաճախ կը տեսնեն, որ իրենց յանձնարարած բուժումը կը ձախողի, որովհետեւ հիւանդները, հաւանաբար, կը պայքարին իրենց դէմ ամբողջ բուժման ընթացքին: Այն հիւանդները, որոնք անտեսուած են, չեն յայտներ ճշմարտութիւնը: Բայց այն հիւանդները, որոնք երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու մէջ են իրենց բժիշկներուն հետ, աւելի հաւանական է, որ յանգին ողջամիտ փոխզիջումի, նոյնիսկ եթէ այդ որոշման բժիշկը ամբողջութեամբ հաւանութիւն չէ տուած:

Երբ Հիւանդը կամ ընտանիքը բժիշկին հետ անհամաձայն գտնուին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբեմն, երբ հիւանդները կամ անոնց ընտանիքները համաձայն չեն գտնուիր բժիշկին հետ, ակնյայտ բարոյագիտական որոշումը շատ հաւանաբար ճիշդը չ'ըլլար այս պարագային[3]:

Բժիշկին խիղճը եւ կրօնական հաւատքը պէտք չէ ինքնաբերաբար յաղթահարեն հիւանդին հնարաւոր ու լաւագոյն բուժումը ստանալու անհրաժեշտութիւնը:

Հիւանդին կարիքները, պէտք է առաջնային ըլլան բժիշկներուն սկզբունքներէն: Խնամակալներէն կ'ակնկալուի, որ մէկ կողմ դնեն իրենց համոզմունքները եւ կեդրոնանան հիւանդին լաւագոյն շահերը ապահովելու վրայ: Եթէ ան չի կրնար այդ մէկը ընել, պէտք է գտնել այլ անձ մը, որ այդպէս կ'ընէ:

Բժշկական բարոյագիտութիւնը որոշողը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի տարբերութիւն կրօնական հարցերու` գոյութիւն չունի բժշկական բարոյագիտութեան վերջնական դատաւոր, եւ բարոյագիտութեան մասնագէտները միտումնաւոր ձեւով չունին բարոյագիտական կանոնակարգ, որ կը պաշտպանէ մասնագիտութիւնը:

Բժիշկները յաճախ կը դիմեն իրենց մասնագիտական կազմակերպութիւններու բարոյագիտական կանոններուն, ինչպիսին է Ամերիկեան բժշկական ընկերակցութիւնը (AMA): Այս օրէնսգիրքերը չեն կրնար փոխարինել բարոյագիտական որոշումները այն իրավիճակներու պարագային, երբ ներգրաւուած են տարբեր գործօններ, սակայն անոնք կրնան ուղղութիւն տալ որոշումներ տուողներուն: Բացի անկէ, կարգ մը բժիշկներու սեփական կազմակերպութիւններու մասնագիտական օրէնքները կրնան օգնել իրենց` համոզելու, որ որոշակի բարոյագիտական որոշում մը իմաստ ունի:

Բժիշկները կրնան նաեւ դիմել իրենց հիւանդանոցներու բարոյագիտութեան խորհուրդներուն` պատասխաններ ստանալու համար, սակայն այս խորհուրդները նախատեսուած չեն ըլլալու բժշկական բարոյագիտութեան որպէս վերջնական իշխանութիւն: Այս խորհուրդները դաստիարակներ են եւ կը գործեն խորհրդատուական կարգավիճակով: Անոնց դերն է` մշակել հիւանդանոցային յատուկ քաղաքականութիւն, իրազեկ դարձնել անձնակազմը քլինիքական բարոյագիտութեան մասին եւ վերահսկել անձնակազմի բարոյագիտական խորհրդատուներուն:

Քլինիքական բժշկական բարոյագիտութեան վերջնական իրաւարարը հիւանդին հետ համատեղ աշխատող անհատ խնամակալն է: Խնամակալներու բարոյագիտական որոշումները կը համընկնին իրենց քլինիքական եւ թեքնիք որոշումներուն հետ: Բարոյագիտութեան ճիշդ ձեւաւորումը կախում ունի խնամողին ազնուութենէն:

Բարոյագիտական որոշումները կրնան փոխուիլ ժամանակի ընթացքին: Որոշակի բարոյագիտական որոշման մասին տեղեկացնող արժէքները կրնան փոխուիլ, կամ որոշակի որոշման հետեւանքները կրնան անհետանալ: Օրինակ, որովհետեւ հանրութեան համար աւելի յարմարաւէտ է բժիշկներու օգնութեամբ մահանալ, որոշ բարոյագէտներ, որոնք ժամանակին դէմ եղած են անոր, սկսած են կողմ ըլլալ:

Բարոյագիտական որոշումներէն կարելի չէ խուսափիլ: Ամէն անգամ, երբ բժիշկները քլինիքական որոշում մը կայացնեն, անոնք գրեթէ միշտ բարոյագիտական որոշում տուած կ'ըլլան` գիտակցաբար, կամ ոչ[4]:

Բժշկական բարոյագիտութիւնը եւ օրէնքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բժշկական բարոյագիտութիւնը կրնայ ունենալ օրէնքէն տարբեր չափանիշներ: Օրէնքը ստեղծուած է օրէնսդիրներու կողմէ եւ չի կրնար կիսել բարոյագիտական բժիշկներու արժէքներն ու պատճառաբանութիւնները:

Օրինակ, Baby Doe-ի օրէնքը բժիշկներէն կը պահանջէ բուժել կանխահաս երեխաները նոյնիսկ լուրջ հաշմանդամութիւն ունենալու պարագային, սակայն որոշ բժիշկներ եկած են այն եզրակացութեան, որ այն կանխահաս երեխաները, որոնք չափազանց հիւանդ են եւ գոյատեւելու դժուարութիւն ունին,  պէտք չէ բուժուին:

Այն բժիշկները, որոնք չեն ենթարկուիր Baby Doe-ի օրէնքներուն, հազուադէպ պարագաներու կը հետապնդուին: Շատ պարագաներու դատախազները չեն փափաքիր միջոցներու ձեռնարկել այն բժիշկներու դէմ, որոնք կը խախտեն նման օրէնքները` մեկնելով անոնց քլինիքական դատողութեան նկատմամբ յարգանքէն:

Անօրինականութեան դէպքերու մեծ մասի պարագային դատարանները կ'ուսումնասիրեն խնամքի քլինիքական չափանիշները եւ կ'որոշեն, թէ արդեօ՞ք ամբաստանեալ բժիշկը անոնց համապատասխան գործած է: Շատ պարագաներու ոչ բարոյագիտական վարքագիծը չի հասնիր բժշկական «արատաւորութեան» մակարդակի:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]